ՏՈՔԹ.ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ
4 Ապրիլ 2026ին, Ամենայն Հայոց վախճանեալ 125րդ կաթողիկոս Մկրտիչ Խրիմեանի ծննդեան 206 ամեակի օրը, անգամ մը եւս մեծ յարգանքով ու երախտագիտութեամբ կը յիշատակենք հայ հողին ու հայ մարդուն սիրահար, ազատատենչ ու վեհատենչ անզուգական Հայոց Հայրիկին անթառամ յիշատակը:
Ան հոգեմտաւոր, ազգային, քաղաքական, մշակութային սպասարկութիւններ մատուցած է հայութեան, իր մեծագոյն հեղինակութեամբ հանդիսանալով հայ հողին, հայ լեզուին եւ հայ անհատին պաշտպանը:
Հայ Դատի վերաբերեալ, ան հանդէս եկած է «երկաթէ եւ թուղթէ շերէփ»ի բաղդատականով եւ զանազան ազգային նիւթերու մասին պատգամած է բազմիցս անգամ։ Այս պատգամներէն մէկն է հետեւեալը․ «ՊԻՆԴ ԲՌՆԷ ՀՈՂԸ, ՄԻ ԹՈՂՈՒՐ, ՈՐ ՈՒՐԻՇԸ ՅԱՓՇՏԱԿԷ։ ԱՆԳԱՄ ՄԸ․ ՈՐ ՀՈՂԸ ԿՈՐՍՆՑՆԵՍ, ՄՈՒՐԱՑԿԱՆ ԿԸ ԴԱՌՆԱՍ»։
Այսօր, այս պատգամը մեզ կը հրաւիրէ խոնարհելու իր ժողովուրդին, իր հողին, իր գիրին, իր լեզուին,իր մշակոյթին, հայ անհատին իրաւունքին պաշտպան, անզուգական հոգեւորական Խրիմեան Հայրիկին յիշատակին առջեւ:
Այս պատգամը մեզ կը հրաւիրէ նաեւ մտածելու, թէ արդեօք այսօր որքան կրցած ենք Հայրիկին կտակին հաւատարիմ մնալ:




Leave a Reply