Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Անգարա «հսկայական ջանքեր» կը գործադրէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հաստատելու համար` «ուժի չափաւոր կիրարկումէն մինչեւ որակեալ դիւանագիտութիւն»: Ան դիտել տուաւ, որ իր երկիրը սահմանակից է Կովկասին, եւ այնտեղ տեղի ունեցող պատերազմներն ու անկայունութիւնը անմիջական ազդեցութիւն կ՛ունենան նաեւ Թուրքիոյ վրայ:
«Հետեւաբար, մենք շատ լուրջ ջանքեր ի գործ կը դնենք այս շրջանին մէջ կարգ ու կանոնի եւ անվտանգութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ ապահովական համակարգին վերաբերող հարցերուն մէջ: Մենք հսկայական ջանքեր ներդրած ենք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու համար` ուժի չափաւոր կիրարկումէն մինչեւ որակեալ դիւանագիտութիւն` հաւասարակշռութեան մէջ պահելով շրջանային երկիրներն ու համաշխարհային տէրութիւնները, որպէսզի այնտեղի սուր հակամարտութիւնը չազդէ Թուրքիոյ վրայ», նշեց Ֆիտան:
Ան ընդգծեց, որ Անգարա ռազմավարական հսկայական գօտի ունի Միջին Արեւելքի, Կովկասի, Սեւ եւ Միջերկրական ծովերու աւազաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ կարեւոր դեր կը խաղայ եւրոպական ապահովական հարցերուն մէջ:
«Միտըլ Իսթ Ֆորում»-ը եւս անդրադարձած է Հայաստան-Ազրպէյճան կապերուն եւ գրած, որ օգոստոս 2025-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ստորագրուած խաղաղութեան պայմանագիրը մնայուն խաղաղութիւն պիտի չբերէ:
Ըստ անոր, գործընթացի մասնակիցներէն ոչ մէկը անկեղծ է: «Թրամփ կը ձգտի Նոպելեան մրցանակի եւ սեփական անունը յաւերժացնելու. ինքնին այս է պատճառը, որ Հայաստանի հարաւով անցնող միջանցքը ստացած է Trump Route for International Peace and Prosperity (TRIPP) անուանումը: Մարքօ Ռուպիօ պարզապէս հաւատարիմ կատարողի դերին մէջ է: Փաշինեան չափազանց ցած վարկանիշ ունի երկրին մէջ եւ կը շտապէ զիջումներ ընել, որպէսզի յառաջիկայ ընտրութիւններուն ներկայանայ իբրեւ «խաղաղաբեր» միակ թեկնածու, հակառակ այն փաստին, որ անոր օրով Հայաստանը երկու պատերազմի պարտուած է: Ալիեւ իր կարգին միջանցքը կը դիտարկէ իբրեւ կարելիութիւն` Հայաստանի Սիւնիքի մարզը երկփեղկելու եւ վերահսկողութիւն հաստատելու համար», գրած է թերթը:
Պարբերականին համաձայն, միջանցքը ինքնին զուրկ է տնտեսական տրամաբանութենէ. Ազրպէյճան եւ Թուրքիա կրնային Հայաստանի տարածքով տարանցում հաստատել` պարզապէս դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելով եւ վերցնելով շրջափակումը: Մինչ Ալիեւ պարբերաբար կը բողոքէր «փակ սահմաններէն», ազրպէյճանական բեռնաշրջանառութիւնը տարիներ շարունակ հանգիստ կերպով իրականացուած է Իրանի տարածքով` փաստօրէն շրջանցելով տնտեսական մեկուսացումները:
Առանձին վտանգ կը ներկայացնէ Ազրպէյճանի ներքաղաքական իրավիճակը: Ալիեւ հրապարակաւ վերցուցած է Նախիջեւանի ինքնավարութիւնը` հոն հաստատելով ուղղակի կառավարում: Ասով ան, ըստ էութեան, չէզոքացուցած է իր մրցակիցը` տեղական Թալիպովներու ընտանիքը: «Միտըլ Իսթ Ֆորում»-ը երկրին մէջ հասունցող հակամարտութիւնը կը նկարագրէ իբրեւ Ալիեւներու, Թալիպովներու եւ Փաշայեւներու ընտանիքներուն միջեւ մղուող «եռակողմ մաֆիոզ պատերազմ»: Եթէ Ալիեւ ճնշումի տակ իյնայ, ամենայն հաւանականութեամբ նոր ռազմական արկածախնդրութեան պիտի ձեռնարկէ Հայաստանի դէմ` սեփական ուժի կերպարը վերականգնելու համար:
Պարբերականին եզրակացութիւնը կտրուկ է. որեւէ կայուն խաղաղութիւն պիտի չըլլայ, քանի դեռ Ազրպէյճանի մէջ իրական ու խորքային բարեփոխումներ չեն իրականացուած: Արագացնելով «Թրամփի ճամբուն» գործընթացը` Թրամփ եւ Ռուպիօ յաղթանակի փոխարէն կրնան աղմկայարոյց ձախողութիւն մը արձանագրել:




Leave a Reply