ԻՍՐԱՅԷԼ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԻՇԷ ԻՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆԻՆ ՄԷՋ
Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Կիրակի օր սպառնաց Իսրայէլի դէմ ռազմական գործողութեանց դիմել, պաղեստինցիներու եւ լիբանանցիներու դէմ իսրայէլեան իշխանութիւններուն «բարբարոսական ոճիրները կասեցնելու նպատակով։
Իր սպառնական խօսքին մէջ, Էրտողան իբրեւ օրինակ յիշեց Արցախի դէմ ատրպէյճանաթրքական ռազմական գործողութիւնները, անգամ մը եւս խոստովանելով, թէ Անգարա գործնականապէս մեղսակից էր Արցախը հայաթափելու դաւադրութեան։
Հակադարձելով այս սպառնալիքին, Իսրայէլ «բռնատէր» որակեց Էրտողանը եւ իր կարգին յիշեցուց, որ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը «հիմնուած է Հայոց Ցեղասպանութեան վրայ», ինչպէս նաեւ հիւսիսային Կիպրոսի բռնագրաւումը եւ Անգարայի կողմէ քիւրտերու ու այլ փոքրամասնութիւններու շարունակուող հալածանքները։




Leave a Reply