Կլենտէյլի քաղաքապետութեան կազմակերպած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան տարեկան 25րդ ոգեկոչման ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ ապրիլ 23ին, պատմական «Ալեքս» թատերասրահին մէջ՝ յարգելու համար 1.5 միլիոն հայ զոհերուն յիշատակը։
«Սերունդներու միջոցով փոխանցուող յիշողութիւն․ 1915ի շարունակուող արձագանգը» ընդհանուր խորագրին տակ տեղի ունենալիք ձեռնարկը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 6։30ին, իսկ անոր գեղարուեստական յայտագրին պիտի մասնակցին՝ ՀԲԸՄի երգչախումբը, «Լիլիա» պարախումբը, Ջիւան Գասպարեան Կրտսերը, «Սոնաթա» երաժշտանոցէն կատարողներ, ինչպէս նաեւ պիտի ցուցադրուի քաղաքին պատկերասփիւռի կայանին՝ GTV-ի պատրաստած վաւերագրական ֆիլմը։
Տեղեր ապահովելու համար այցելել կայքէջը։




Leave a Reply