ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի (Board of Supervisors) անդամ Քեթրին Պարկըրի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ երեքշաբթի, ապրիլ 7ին գումարած իր նիստին ընթացքին, խորհուրդը միաձայնութեամբ որոշեց ապրիլը «Հայոց պատմութեան ամիս» հռչակել՝ յարգելու համար հայ համայնքին մշակութային հարստութիւնը, տոկունութիւնը եւ գաւառէն ներս անոր ներդրումները։
Վերահսկիչները լուսարձակի տակ առին այն իրողութիւնը, որ ապրիլին նաեւ պիտի ոգեկոչուի Հայոց Ցեղասպանութեան 111ամեակը, մինչ հայութիւնը կը դիմագրաւէ նոր մարտահրաւէրներ, որոնց շարքին է Արցախի ամբողջական հայաթափումը։
Պարկըրի կողքին, բանաձեւին ի նպաստ ելոյթ ունեցած է նաեւ վերահսկիչ Ճենիս Հան։
Պարկըրի գրասենեակը նաեւ կը տեղեկացնէ, իր ապրիլ 28ի իր նիստին ընթացքին, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդը պիտի մեծարէ կարգ մը հայեր։




Leave a Reply