Սերժ Աւետիկեանի կախարդական արուեստը երեք ֆիլմերու միջոցաւ

Պրուսայի Սէօլէօզ գիւղը առաջին անգամ լսած էի ֆրանսաբնակ շարժանկարի ռեժիսոր եւ դերասան Սերժ Աւետիկեանի միջոցաւ։ Ան տարիներ առաջ այցելած էր իր նախնեաց հայրենի գիւղը եւ նկարահանած «Նոյն ջուրը խմեցինք» ֆիլմը։Այս անգամ «Հանդիպում» փառատօնի ծիրէն ներս Սերժ Աւետիկեան իր տիկնոջ՝ Անահիտ Խրիմեանի եւ նկարահանող խումբի ընկերակցութեամբ կրկին անգամ այցելած է քաղաքս իր երեք ֆիլմերու ցուցադրութեան առիթով։

Պրուսայի Սէօլէօզ գիւղը առաջին անգամ լսած էի ֆրանսաբնակ շարժանկարի ռեժիսոր եւ դերասան Սերժ Աւետիկեանի միջոցաւ։ Ան տարիներ առաջ այցելած էր իր նախնեաց հայրենի գիւղը եւ նկարահանած «Նոյն ջուրը խմեցինք» ֆիլմը։Այս անգամ «Հանդիպում» փառատօնի ծիրէն ներս Սերժ Աւետիկեան իր տիկնոջ՝ Անահիտ Խրիմեանի եւ նկարահանող խումբի ընկերակցութեամբ կրկին անգամ այցելած է քաղաքս իր երեք ֆիլմերու ցուցադրութեան առիթով։

Աւետիկեանի «Հայըրսըզ Ատա», «Իսթանպուլի Շուները» եւ «Վերադարձ դէպի Սէօլէօզ» ֆիլմերու ցուցադրութիւնը կայացաւ 27 Մարտի երեկոյեան, Բերա թանգարանի լսարանին մէջ։

Առաջին ցուցադրուողը եղաւ «Հայըրսըզ Ատա» կենդանացման շարժանկարը, որ նիւթ կ՚ունենար Երիտթուրքական կառավարութեան 1910-ին կազմակերպած քաղաքի անտէր շուներու ողջակիզման տխուր պատմութիւնը։ Կենդանիներու զանգուածային սպանդը զանազան սրամտութիւններով զուգահեռներ կը գոյացնէ, քանի մը տարի ետք կատարուող այլ բնոյթի զանգուածային սպանդի մը հետ։

Յայտնի է որ բեմադրիչը նման անցեալի բազմաթիւ արուեստագէտներուն, ազդուած է Պոլիս քաղաքի բնակչութեան եւ փողոցի անտէր անասուններու՝ այս օրինակին մէջ շուներու, կատուներու, աղաւնիներու, տատրակներու եւ ճնճղուկներու հետ մշակած յարաբերութենէն։

Այս երկրորդը վաւերագրական բնոյթի ֆիլմ մըն էր, ուր հասարակութեան տարբեր շերտերը ներկայացնող մարդիկ կը տողանցէին սպիտակ վարագոյրի վրայ, արտայայտելով իրենց մերձեցումները մարդ ու անասուն յարաբերութեան մասին։

Կարճատեւ միջնարարէ մը ետք ներկայացուեցաւ Աւետիկեանի երրորդ ֆիլմը, որուն խորագիրն էր «Վերադարձ Դէպի Սէօլէօզ»։ Նախքան ֆիլմի ցուցադրութիւնը անուանի արուեստագէտը լրացուցիչ բացատրութիւններ տուաւ երբեմնի հակական գիւղի կենցաղին, հոն զարգացող շերամաբուծութեան եւ մետաքսագործութեան ու վերջապէս ալ գիւղի ներկայ բնակչութեան մասին։

Այս ֆիլմի տողատակերը դարձեալ շատ բան կը պատմէին Թուրքիոյ քաղաքական մթնոլորտի վերաբերեալ։ Յատկանշական էր իբրեւ սանդուղի աստիճաններ օգտագործուած հայատառ շիրմաքարերու յայտնաբերումէն ետք շուտով անհետացման եւ առյաւէտ կորչելու երեւոյթը։ Յայտնի է որ գիւղի նախկին բնակիչներու վերաբերող ամէն տեսակի յիշողութիւն խոր անհանգստութիւն կը պատճառէ ազգայնական շրջանակներու համար։ Սա պետական մակարդակով որդեգրուած պատմութեան ուրացումի միկրօ նմոյշներէն օրինակ մըն է կարծես։ Մանաւանդ ալ եթէ յիշենք Սէօլէօզի այժմու բնակիչներուն հայոց տեղահանութենէն տարիներ անց հոն հաստատուած փոմաք գաղթականներ ըլլալու երեւոյթը։

Սերժ Աւետիկեանի ֆիլմերը, ինչպէս վերեւ ալ նշած ենք ուշիմ ակնդիրի համար ունին շատ շահեկան պատգամներ, որոնք կ՚ապացուցեն բեմադրիչի մտաւորական հեղինակութիւնը։

https://www.agos.com.tr/am/news/syrj-awydigyani-gakhartagan-arvwysdi-yryk-filmyrvw-michevtsaw-40055

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2026
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ