Թուրքիոյ փոխնախագահ Ճեւտէթ Եըլմազ 2 Ապրիլին, ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն յայտնեց, որ Հայաստանի հետ առեւտուրը դիւրացնելու նպատակով, զանազան հարթակներու վրայ կը քննարկուին մաքսային գործընթացներու, ապրանքներու եւ միջոցներու փոխադրութեան վերաբերող հարցեր:
«Մաքսային պարզեցուած միջանցքը այս ջանքերուն կարեւոր օրինակներէն մէկն է: Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը յառաջ կ՛ընթանայ փուլ առ փուլ՝ փոխադարձ վստահութեան հիման վրայ: Այս շրջանակէն ներս արդէն իսկ գործնական քայլեր առնուած են, օրինակ՝ երկաթուղային կապի վերականգնումը, ելեկտրոնային վիզաներու ներդրումը եւ օդանաւային թռիչքներու թիւի բարձրացումը: Բացի ատկէ, յառաջխաղացք կայ այնպիսի նախագիծերու մէջ, ինչպիսին է Անիի կամուրջի վերականգնումը, իսկ Ատրպէյճան-Հայաստան երկխօսութեան մէջ նկատուող դրական տեղաշարժը նոյնպէս լաւ անդրադարձ կ՛ունանայ այս գործընթացին վրայ», ըսաւ Եըլմազ, ըստ ոռուն, թէ՛ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ ցամաքային սահմաններու բացումը տարածաշրջանին մէջ ընթացող խաղաղութեան եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ամէնէն յստակ արդիւնքներէն մէկը պիտի ըլլայ: Այս ուղղութեամբ կը շարունակուին արհեստագիտական նախապատրաստութիւնները, եւ կը ստեղծուի պէտք եղած ենթակառուցուածքը: «Ուրախալի է, որ այսպիսի քայլեր կ՛առնուին նաեւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ գործընթացին մէջ: Վերջին շրջանին ձեռնարկուած գործնական քայլերուն շնորհիւ, մենք կը տեսնենք երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման արագացում: Որքան ամրապնդուին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կապերը, այնքան աւելի արագ յառաջ պիտի երթայ մեր երկրին եւ Հայաստանի միջեւ ընթացող կարգաւորման գործընթացը», դիտել տուաւ Եըլմազ, որ դարձեալ խօսեցաւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ բարձրացուող «Զանգեզուրի Միջանցք»ին մասին՝ նշելով, որ անոր բացումով ուղիղ ցամաքային կապ մը պիտի հաստատուի Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի հիմնական տարածքին միջեւ, ինչ որ առիթ պիտի տայ անդադար փոխադրական կապ ապահովելու Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ:
«Այս պայմաններուն մէջ, մեր երկրին համար ինքնաշարժներու ուղիղ կապ մը պիտի հաստատուի թրքական հանրապետութիւններուն հետ: Ասոր զուգահեռ՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ի գործարկումը էապէս պիտի նպաստէ տարածաշրջանի առեւտուրի ու ներդրումներու արագացման ու ընդլայնման, ինչպէս նաեւ պիտի օգնէ հասնելու տարածաշրջանի երկիրներուն հետ մեր առեւտրական շրջանառութեան թիրախային ցուցանիշներուն: Միւս կողմէ, «Զանգեզուրի միջանցք»ին բացումը, բացի թրքական աշխարհի եւ մնացեալ երկիրներու միջեւ առեւտուրի վրայ ունեցած դրական ազդեցութենէն, պիտի նպաստէ նաեւ մեր երկրին եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Անիկա նաեւ առիթը պիտի տայ, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները աւելի առողջ հունով զարգանան, իսկ առեւտուրի միաւորող ուժին շնորհիւ պիտի խորանայ տարածաշրջանային տնտեսական գործակցութիւնը եւ համարկումը: Ասիկա իր կարգին, միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ հեռանկարով, պիտի նպաստէ Հարաւային Կովկասի տնտեսական զարգացման եւ կայունութեան ամրապնդման», հաստատեց Եըլմազ:
«Զանգեզուրի միջանցք»ի իրականացման մասին խօսեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ դիտել տալով, որ այնտեղ երթեւեկի հաղորդակցութեան ուղին պատրաստ է գրեթէ 90 առ հարիւրով, իսկ երկաթուղիինը՝ շուրջ 70 առ հարիւրով:
«Յոյս ունիմ, որ մօտիկ ապագային այս նախագիծը ամբողջութեամբ պիտի իրականացուի: Մենք գիտենք եւ շատ ուրախ ենք, որ Թուրքիոյ մէջ նոյնպէս սկսած է Կարս-Նախիջեւան երկաթուղիի շինարարութիւնը: Այսպիսով, այս նախագիծերու զուգակցումը եւ համակարգուած իրականացումը նոր կարեւոր միջազգային միջանցք մը պիտի բանան: Անիկա պիտի դառնայ «Միջին միջանցքի» ճիւղերէն մէկը. մեր կողմէ կառուցուող երկաթուղային ենթակառուցուածքը առաջին փուլով նախատեսուած պիտի ըլլայ 15 միլիոն թոն բեռնափոխադրութեան համար», ըսաւ Ալիեւ:




Leave a Reply