Քեսապի ուսումնասիրաց ընկերութեան կազմութիւն. Հայ Աւետարանական Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ կառուցում

Քեսապի գիւղերը` կիլիկեան աշխարհի վերապրող վկաները

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Քեսապի Հայոց Առաքելական Կրթասիրաց ընկերութիւնը հիմնուեցաւ 1904-ին: Ընկերութիւնը ստանձնեց գաւառին մէջ գործող ծխական դպրոցները բարեկարգելու պարտականութիւնը: Նոյն տարին կազմուեցաւ Գալատուրանի Հայոց Առաքելական Կրթասիրաց ընկերութիւնը:

Պոլսոյ Միացեալ Ընկերութիւնը Ֆրանսայի Նանսի քաղաքի գիւղատնտեսական համալսարանի շրջանաւարտ Միքայէլ Նաթանեանը Կիլիկիա ուղարկեց, շրջանին մէջ կրթական գործը կազմակերպելու առաջադրանքով:

Քեսապի եւ Գալատուրանի Հայոց Առաքելական Կրթասիրաց ընկերութիւնները Միքայէլ Նաթանեանի հետ գործակցաբար ձեռնարկեցին դպրոցները բարեկարգելու աշխատանքին:

Քեսապի Հայոց Առաքելական Կրթասիրաց ընկերութեան ջանքերով 1910-ին կառուցուեցաւ Ժողովրդային Գրադարանը:

Գրադարանը, ժողովուրդէն կոչուած Գրադխանա, օժտուեցաւ երկու սրահներով, չորս սենեակներով եւ շուրջ ութ հարիւր հատոր գիրքերով:

* * *

Քեսապցի ուսումնասէր խումբ մը երիտասարդներ 1910-ին հիմնեցին Քեսապի Ուսումնասիրաց ընկերութիւնը, նպատակ ունենալով միացնել գիւղերու ծխական եւ յարանուանական դպրոցները, եւ ոչ յարանուանական, կրթական ու դաստիարակչական նոր ծրագիրով օժտուած բարձրագոյն նախակրթարան կամ երկրորդական վարժարան մը հիմնել:

Քեսապի Ուսումնասիրաց ընկերութեան հիմնադիրներն էին` տոքթոր Աւետիս Ինճեճիկեան, տոքթոր Ծերուն Հեքիմեան, Սիմոն Այանեան (հետագային` Տէր Յուսիկ քահանայ), Մատաթիա Կարպուշեան, Նշան Չիւրիքեան, Բարունակ Յովսէփեան, Սերովբէ Այանեան, Մովսէս Այանեան, Սերովբէ Պօղոսեան, Սարգիս Ապտուլեան եւ Յակոբ Տէր Սահակեան:

Նշենք, որ գիւղերու դպրոցները խուցեր էին: Աշակերտները խսիրներու վրայ կը նստէին: Մէկ կամ երկու ուսուցիչով կը կատարուէին դասաւանդութիւնները: Աշակերտները հայերէն գրել-կարդալ եւ սաղմոս կը սորվէին: Ծխական եւ լատին դպրոցներուն մէջ ֆրանսերէն, իսկ բողոքական դպրոցներուն մէջ անգլերէն կը սորվեցնէին: Կարգ մը դասերու համար հայատառ թրքերէն դասագիրքեր կ՛օգտագործուէին:

Քեսապի Ուսումնասիրաց ընկերութեան շուրջ հոյլ մը երիտասարդներ խմբուեցան: Կազմուեցաւ Կեդրոնական վարչութիւն:

Այդ ժամանակ շուրջ հինգ հարիւր քեսապցիներ կ՛ապրէին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ: Կեդրոնական վարչութեան թելադրութեամբ Ուսումնասիրացի հինգ մասնաճիւղեր հիմնուեցան Ամերիկայի մէջ:

Ամերիկայի քեսապցիներէն նիւթական օժանդակութիւններ հասան: Միսիոնարուհի Էֆի Չեմպըրզ իր կարգին խոշոր գումար մը նուիրեց: Անհրաժեշտ գումարը ապահովուելէն ետք Ուշբաղէն կալուածը գնուեցաւ, հոն դպրոց կառուցելու համար:

Իբրեւ Ուսումնասիրացի նիւթական կարիքներու մնայուն աղբիւր, օրտուցի թուրքէ մը Քեսապի մօտակայ Գայափունարի ընդարձակ հողամասը գնուեցաւ:

Ուսումնասիրաց ընկերութիւնը 1914-ին Քեսապի Հայոց Առաքելական Կրթասիրաց ընկերութենէն գնեց Ժողովրդային Գրադարանի շէնքը:

* * *

Վերապատուելի Տիգրան Գունտաքճեան ծնած էր 1878-ին, Հասանպէյլի եւ որդին էր վերապատուելի Յակոբ եւ Մարիամ Գունտաքճեաններուն:

Հասանպէյլիի եւ Պէյլանի մէջ նախակրթարանը աւարտելէն ետք մեկնեցաւ Այնթապ եւ Կեդրոնական Թուրքիոյ քոլէճը մտաւ: 1895-ի համիտեան կոտորածներու օրերուն, յեղափոխական կեանքին նուիրուելու եւ հայոց ինքնապաշտպանութեան խումբերուն միանալու նպատակով հեռացաւ դպրոցէն:

Հայրը` վերապատուելի Յակոբ Գունտաքճեան, դժգոհ` զաւկին ընթացքէն, անոր թելադրեց հեռու մնալ արկածախնդրական քայլերէ եւ նուիրուիլ հոգեւոր ծառայութեան:

Վերապատուելի Յակոբ Գունտաքճեան երբ կրկին Պէյլան մեկնեցաւ հովուական ծառայութեան, իր հետ տարաւ Տիգրանը, ուր ան ուսուցչական պաշտօն ստանձնեց:

Պէյլանի մէջ Տիգրան սկսաւ լրջօրէն սերտել Աստուածաշունչը:

Պէյլանէն Տիգրան իբրեւ ուսուցիչ Քեսապ փոխադրուեցաւ: Մէկ տարի ծառայելէ ետք որոշեց ուսումը շարունակել Այնթապի մէջ:

Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ քոլէճը աւարտեց 1902-ին: Այնուհետեւ Մարաշ մեկնելով Աստուածաբանական ճեմարանը մտաւ, որուն ընթացքը աւարտեց 1905-ին եւ Քեսապ վերադառնալով հովուական պաշտօն ստանձնեց: 1907-ին ամուսնացաւ Եսթեր Գրըգեանին հետ: 1908-ին Քեսապի Հայ  Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ ձեռնադրուեցաւ:

Կիլիկիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան 1909-ի համաժողովը որոշուած էր գումարել Ատանայի մէջ: Համաժողովին մասնակցելու համար տարբեր վայրերէ պատուիրակներ ճամբայ ելան դէպի Ատանա, երբ սկսան ջարդերը: Շուրջ երեսուն եկեղեցական եւ աշխարհական պատուիրակներ զոհ գացին Ատանայի եւ շրջակայքին մէջ:

Վերապատուելի Տիգրան Գունտաքճեան դէպի Ատանա ճամբուն վրայ Մերսին հասած էր: Իրեն թելադրեցին վերադառնալ, եւ միաժամանակ գուժեցին հօր` վերապատուելի Յակոբ Գունտաքճեանի եւ ընկերակիցներուն նահատակութիւնը Օսմանիէի մէջ:

Վերապատուելի Տիգրան Քեսապ հասաւ այն ժամանակ, երբ աղէտահար քեսապցիք նոր սկսած էին վերադառնալ իրենց օճախները եւ չորս կողմը աւերածութիւն, սուգ ու թշուառութիւն էր:

Հրկիզուած ու աւերուած էին նաեւ Աւետարանական եկեղեցին, դպրոցը եւ համայնքային հաստատութիւնները:

Վերապատուելի Տիգրան Գունտաքճեան որոշեց մեծ եւ ամրակուռ, հազարաւոր ժողովուրդ պարփակող եկեղեցի մը կառուցել, ուր նաեւ Քեսապի ժողովուրդը կրնար ապաստանիլ վտանգի եւ աղէտալի դէպքերու պարագային:

Եկեղեցւոյ կառուցման սուլթանական հրովարտակը ստացուեցաւ նոյն տարին` 1909-ին:

Քեսապի կեդրոնը, ներսէն 28×22 մեթր տարածութեամբ եւ ութ մեթր բարձրութեամբ ու 60 սանթիմեթր հաստութեամբ պատերով նախագծուած եկեղեցւոյ հիմերը նետուեցան 1912-ին:

Եկեղեցւոյ կառուցման համար վերապատուելի Տիգրան Գունտաքճեան հանգանակութիւններ կազմակերպեց: Ան կոչ ուղղեց նիւթապէս օգնելու նոր եկեղեցւոյ կառուցման համար: Իր նամակին մէջ վերապատուելի Գունտաքճեան կ՛ընդգծէր Հայ Աւետարանական նոր եկեղեցիի կառուցման անհրաժեշտութիւնը Քեսապի մէջ, նշելով որ շրջանին վեց հազար հայ բնակիչներուն 2500-ը բողոքականներ են: Վերապատուելի Գունտաքճեանի նամակը լոյս տեսաւ Ամերիկեան արտաքին առաքելութիւններու` Պորտի «Միշինըրի Հերըլտ» ամսագիրին մէջ:

Պոլսոյ մէջ կեդրոնացած ամերիկեան եւ բրիտանական միսիոնարական եւ հրատարակչական Պայպըլ Հաուսի «Տի Օրիընթ» օրաթերթը արտատպեց նամակը եւ «Կոչ Քեսապի եկեղեցիին համար» խորագիրով գրութեամբ ընդարձակ տեղեկութիւններ տուաւ, աւելցնելով որ նիւթական օժանդակութիւնները կարելի է ղրկել քարտուղարը Ճէյմս Լեւի Պարթընին, Պոսթըն կամ Պայպըլ Հաուս, Պոլիս:

Եկեղեցւոյ կառուցման համար օգտագործուեցաւ Պաշորտի սպիտակ քարը: Շինարարական աշխատանքներուն մասնակցութիւն բերաւ ամբողջ ժողովուրդը, առանց դաւանական խտրութեան, իւրաքանչիւրը` իր կարողութեան սահմանին մէջ:

Շինարարական աշխատանքները ընթացք առած էին, երբ 1913-ին վերապատուելի Տիգրան Գունտաքճեան դժբախտութիւնը ունեցաւ կորսնցնելու կողակիցը` Եսթերը, երրորդ զաւկին ծնունդէն երեք ամիս ետք: Վերապատուելին իր երեք զաւակներուն հոգատարութիւնը մօր` Մարիամին յանձնեց եւ նոյն եռանդով շարունակեց իր հոգեւոր ու եկեղեցաշէն առաքելութիւնը:

Վերապատուելի Տիգրան Գունտաքճեան ճանչցուած էր իբրեւ բարեկիրթ, ընդհանուր լայն զարգացում ունեցող, անձնազոհ, սկզբունքի տէր, պերճախօս, պատուախնդիր եւ ժողովրդանուէր հովիւ: Ան իր կողքին ունենալով քոլէճական քանի մը ուսանողներ Պատանեաց Հայախօս ընկերակցութիւնը կազմեց, նպատակ ունենալով Քեսապի բարբառով խօսող նոր սերունդին մէջ մաքուր աշխարհաբարը ընդհանրացնել:

Սուրբ Երրորդութիւն անունով մկրտուած եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքները գրեթէ աւարտած էին, արդէն շուրջ չորս հազար ոսկի ծախսուած էր եւ կը մնար տանիքը ծածկել, երբ վրայ հասաւ 1915-ի Մեծ եղեռնը: Վերապատուելի Տիգրան Գունտաքճեան իր ժողովուրդին հետ բռնեց աքսորի ճամբան եւ Համայի գաղթակայանին մէջ սեպտեմբեր 1-ին թիֆուսէ վարակուելով անկողին ինկաւ եւ 9 սեպտեմբեր 1915-ին աչքերը փակեց:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2026
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ