Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, 26 մարտ 2026, հինգշաբթի, Արեւագալի արարողութեանց նախագահեց Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Արարողութեան մասնակցեցան Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Արժ. Տ. Ոսկի Քհնյ. Սարգիսեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Բրշ. Էտվին Սրկ. Կալիպեանի առաջնորդութեամբ ուխտաւոր դպիրներու կողմէ։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Տնօրէն Սիլվա Գույումճեան-Մարկոսեանի գլխաւորութեամբ Կեդրոնական Ազգային Վարժարանէ աշակերտներ եւ ուսուցիչներ։
Աւարտին քարոզեց Հայր Սուրբը եւ ներկայացուց ապաշխարութիւն բառին նշանակութիւնը։ Յայտնեց, որ մարդկային միտքը միշտ կը զարգանայ եւ հասունութեան որոշ մակարդակէ յետոյ այլեւս ազատ կամքը կրնայ օգտագործել ըստ իր փափաքին։ Քրիստոնէական հասկացողութեամբ այս ազատութեան հանգամանքը նաեւ իր մէջ ունի հրաւէր մը։ Ֆիզիքական կանոններուն ենթակայ մեր մարմինը կրնանք օգտագործել հոգեւորի բարձրացման համար եւ պետք է լսել այս հրաւէրը։ Հետեւաբար ապաշխարութիւնը ընթացք մըն է, որուն նպատակը կը դառնայ մեղաւորը առաւել եւս մաքրութեան արժանացնել եւ դարձնել Քրիստոսի հաճելի մարդիկ։ Հասունութիւնը այս պարագային կրնայ ընդունուիլ դրական երեւոյթներով օժտուած։ Հայր Սուրբը մաղթեց, որ մեր աղօթքները ընդունելի դառնան եւ խաղաղութեան ու օրհնութեան արժանանան մեր ժողովուրդի զաւակները։
Վերջաւորութեան, եկեղեցւոյ Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարք սրահին մէջ սարքուեցաւ Պահոց սիրոյ սեղան։ Ոգեկոչուեցաւ Ողբ. Շաքէ Աշճեան, որ իր կալուածները նուիրաբերած էր Ս. Խաչ Դպրեվանքին, Կեդրոնական Ազգային վարժարանին եւ Գալֆաեան վարժարանին ու Մէրամէթճեանին։ Սիրոյ սեղանին, բացի Կեդրոնականի ընտանիքի պատասխանատուներէն, ներկայ էր նաեւ Գալֆաեանի խնամակալութեան ատենապետուհի Թամար Գարասու-Մայօղլու։




Leave a Reply