Եգիպտոսի առաջին արտաքին նախարար Պօղոս Պէյ Եուսուֆեանի ի պատիւ դրոշմանիշներ

«Յուսաբեր»ը կը տեղեկացնէ, թէ Եգիպտոս հրապարակած է դրոշմանիշ յուշաթերթիկներ՝ նուիրուած արդի պետութեան դիւանագիտական ծառայութեան հիմնադրութեան 200ամեակին (1826–2026), որ նաեւ կը շեշտէ զանազան ազգերու ներկայացուցիչներուն, ներառեալ հայոց, նշանակալի ներդրումը։  

Յուշաթերթիկները, որոնք հրապարակուած են Եգիպտոսի արտաքին նախարարութեան եւ թղթատարական ազգային ծառայութեան համագործակցութեամբ, կը պատկերացնէ երկրի արտաքին քաղաքական համակարգին պատմական զարգացումը՝ ընդգրկելով անոր կազմաւորման զանազան փուլերը։ Հրապարակութեան առանցքային դէմքը Պօղոս պէյ Եուսուֆեանն է (1775–1844), նշանաւոր պետական գործիչ մը, որ կը համարուի Եգիպտոսի արտաքին յարաբերութիւններու հիմնադիրներէն մէկը։ Յուշաթերթիկին վրայ տեղ գտած են նաեւ արտաքին գորշոց նախարարութեան պատմական շէնքերը։

Նախաձեռնութիւնը անգամ մը եւս կը շեշտէ Եգիպտոսի հայ համայնքին կարեւոր դերը երկրին պատմութեան մէջ։ Հայերը երկար տարիներ աշխուժօրէն մասնակցած են երկրին քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքին՝ վարելով կարեւոր պաշտօններ եւ նպաստելով պետական կառավարման զարգացման։

https://asbarez.am/archives/500212

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2026
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ