Պէյրութի մէջ 2023-ին լոյս տեսաւ Զաւէն Մսըրլեանի «Հայ դատին համար» (For the Armenian cause) անգլերէն աշխատութիւնը, բաղկացած` 184 էջերէ:
Հեղինակը գիրքը նուիրած է իր եղբայրներուն` Դաւիթ եւ Հայկ Մսըրլեաններու:
Նախաբանին մէջ Զ. Մսըրլեան կը յայտնէ, որ համալսարանական բարձրագոյն կրթութիւնը մագիստրոսի աստիճանով ստանալէ ետք Հայաստանի, Հայոց պատմութեան եւ Ցեղասպանութեան վերաբերող որեւէ սխալ տեղեկութիւն տեսնելով միշտ հակազդած է նամակներով` հեղինակներու, խմբագիրներու կամ կազմակերպութիւններու յղուած:
Այս գիրքով ան միախմբած եւ հրատարակած է այդ նամակներն ու պատասխանները, եթէ ստացած է` հաւատալով, որ անոնք լոկ անձնական բնոյթի չեն, այլ կը հետաքրքրեն նաեւ հանրութիւնը, յատկապէս Հայոց պատմութեան աշակերտներն ու ուսանողները:
Հատորը կ՛ընդգրկէ Հայ դատի տարբեր բնագաւառներու վերաբերող գրութիւններ եւ նամակներ, զորս հեղինակը ուղարկած է տարբեր հեղինակութիւններու եւ ստացած է անոնցմէ:
«Նիուզուիք»-ին ուղղուած 1967-ի գրութիւնը կ՛առնչուի Խորհրդային Միութեան վարչապետ Ալեքսի Քոսիկինի Թուրքիա այցելութեան:
Մսըրլեան կ՛ըսէ, որ 300 տարուան ընթացքին տասնեակ մը ռուս-թրքական պատերազմներ մղուած են: Նաեւ` Կարսի եւ Արտահանի պատկանելիութեան հարցով 1945-ին առաջարկ ներկայացուած է:
Թուրքիոյ վարչապետ Սիւլէյման Տեմիրէլ թուրք-սովետական յարաբերութիւնները բնորոշած է իրարու հողային գերիշխանութեան յարգումով:
Ան դիտել կու տայ, որ Խորհրդային Միութիւն ոչ մէկ իրաւունք ունի խօսելու Թուրքիոյ ամբողջականութեան երաշխաւորութեան իմաստով: Արդարեւ, սփիւռքի մէջ կը բնակին 5 միլիոն հայեր, որոնք Արեւմտեան Հայաստանը իրենց երեքհազարամեայ հայրենիքը կը նկատեն, ուրկէ բռնագաղթուեցան եւ 2 միլիոն հայեր 1915-1921 տարիներուն զոհ գացին Մեծ եղեռնին:
Գիրքին մէջ տեղ գտած «Հայաստան. անկարելի երա՞զ» խորագրեալ յօդուածով ամերիկացի լրագրող Ռեմոն Քոֆի 1971-ին կ՛անդրադառնայ Հայոց ցեղասպանութեան, Ուիլսընի իրաւարար վճիռով եւ Սեւրի դաշնագիրով Հայաստանի սահմաններուն, հայոց 3500-ամեայ պատմութեան, յունական, հռոմէական, պարսկական, բիւզանդական, արաբական, մեմլուքներու, թրքական եւ ռուսական տիրապետութիւններուն: Աշխարհի 6 միլիոն հայութեան 2.5 միլիոնը կը բնակի Խորհրդային Հայաստանի մէջ: Լիբանանի մէջ կը բնակին 200 հազար հայեր, ունին 5 երեսփոխան, 70 դպրոց, մէկ քոլէճ եւ 4 օրաթերթ: Այնուհետեւ ան կ՛անդրադառնայ Հայ դատի գծով Զաւէն Մսըրլեանի դիրքորոշումին:
Մսըրլեան կը խօսի Հայոց ցեղասպանութեան եւ իր 3 հազարամեայ հայրենիքէն հայ ժողովուրդի տեղահանութեան, ինչպէս նաեւ այն իրողութեան մասին, որ թուրքեր չկրցան վերաբնակեցնել հայոց հայրենիքը, որ ներկայիս ցանցառ բնակչութիւն ունի:
ՄԱԿ-ի 30-րդ պարբերութեան գծով ընդհանուր քարտուղար Քուրթ Վալտհայմին 1972-ին ուղղուած գրութեան մէջ Մսըրլեան կը խօսի 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան մասին, որուն զոհ գացին 2 միլիոն հայեր: Կը յիշէ Հիթլէրի 1939-ին արտասանած խօսքը, երբ ըսաւ. «Այսօր ո՞վ կը յիշէ հայոց բնաջնջումը»: Ան կ՛անդրադառնայ նաեւ նացի պատերազմի պատասխանատուներու Նիւրնպէրկի դատավարութեան:
30-րդ պարբերութեան վերահաստատման ջանքերուն եւ ցեղասպանութեան խափանման ու պատժելիութեան գծով Քուրթ Վալտհայմին 1974-ին ուղղուած գրութեան մէջ Մսըրլեան կը նշէ, որ 30-րդ պարբերութիւնը Թուրքիան չի յիշեր իբրեւ պատասխանատու 2 միլիոն հայերու բնաջնջման: Հայեր իրենց 3500-ամեայ հայրենիքէն բռնագաղթուեցան, եւ ոճիրը կը մնայ անպատիժ:
Հատորին մէջ առանձին բաժին մը յատկացուած է Զուիցերիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ջանքերուն եւ այդ գծով փոխանակուած նամակներուն:
Մսըրլեան այնուհետեւ կը խօսի Լոնտոն, Կայսերական պատերազմական թանգարան 2001-ին կատարած այցին, ուր չկային Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ յիշատակութիւններ:
Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Մսըրլեան նամակներ ուղարկած է նաեւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին, Անգլիոյ Չարլզ իշխանին եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ու հրատարակչութիւններու:
Օգտաշատ հատոր մը, որ կրնայ իբրեւ սկզբնաղբիւր ծառայել յատկապէս որոշ փուլ ուսումնասիրողներուն:




Leave a Reply