Քեսապի գիւղերը` կիլիկեան աշխարհի վերապրող վկաները
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Լաթաքիոյ մութասարիֆ Մեհմէտ Ալի Այնի բէկ քեսապցի տարագիրներու Լաթաքիա հասնելուն լուրը առնելէն ետք կառք նստաւ եւ անոնց ընդառաջ գնաց:
Մութասարիֆը ականատես եղաւ սրտաճմլիկ տեսարաններու: Ամէնէն աւելի սրտաճմլիկ էր քալելով Լաթաքիա հասնողներուն վիճակը, որոնցմէ ոմանք որբ մնացած մանուկներ էին: Պարզուած տեսարանէն եւ լսածներէն խորապէս զգացուած, մութասարիֆը փղձկեցաւ եւ ուժասպառ մանուկներ գիրկը առնելով շոյեց ու գգուեց:
Մեհմէտ Ալի Այնի բէկ բացառիկ հոգածութեամբ հետեւեցաւ տարագիրներու տեղաւորման աշխատանքներուն եւ կարգադրեց, որ բոլորին ամէնօրեայ դրութեամբ ճաշ տրամադրուի:
Մեհմէտ Ալի Այնի բէկ (1868-1945) Մակեդոնիոյ Սերֆիչէ (Սերվիա) շրջանէն էր, Մեհմէտ Նեճիպ էֆէնտիի եւ Ռեֆիքա հանըմի որդին: Պոլսոյ Կիւլհանէ զինուորական բարձրագոյն վարժարանէն շրջանաւարտ էր: Պատասխանատու պաշտօններ վարած էր Տէտէաղաճի, Հալէպի, Տիարպեքիրի, Եմէնի եւ Իրաքի մէջ: Ան իսլամական սուֆիական խորհրդապաշտական ուսմունքի հետեւորդ էր: Աղէտը ճաշակած մեր մեծերը երախտագիտութեամբ յիշած են անոր անունը:
* * *

Լաթաքիոյ հայերը տարագիրներու պարենաւորման համար Մովսէս վարդապետ Ոսկերիչեանի գլխաւորութեամբ յանձնախումբ կազմեցին: Տարագիրներէն ոմանք քաղաքի հայերու տուներուն մէջ տեղաւորուեցան:
Լաթաքիոյ տեղական բարեսիրական միութիւնները, ինչպէս նաեւ լատին եւ բողոքական միսիոնարական հաստատութիւնները ուտեստեղէն եւ հագուստեղէն տրամադրեցին տարագիրներուն:
Պէյրութի լատինաց Թերրա Սանթա վանքի մեծաւոր հայր Էրմէնժիլաօ Սիլվեսթըր իտալական Փիեմոնթ զրահանաւով Լաթաքիա հասաւ եւ դրամ ու ալիւր տրամադրեց տարագիրներուն:
* * *
Երիտասարդ թուրքերը, իթթիհատական կառավարութեան դէմ սուլթան Համիտի հակահարուածը ճնշելու նպատակով, սկսան ընդյատակէն, իրենց թաքստոցներէն դուրս գալ եւ վերախմբուիլ:
Սելանիկի մէջ կեդրոնացած օսմանեան երրորդ բանակը, Մահմուտ Շեւքէթ փաշայի հրամանատարութեամբ, առաջադրանք ստացաւ ճնշելու հակահարուածը: Էտիրնէի մէջ կեդրոնացած օսմանեան երկրորդ բանակը միացաւ Մահմուտ Շեւքէթ փաշայի:
Մահմուտ Շեւքէթ փաշա կազմեց Շարժուն բանակը (Հարեքէթ օրտուսու): Շարժուն բանակը կ՛ընդգրկէր 20-էն 25 հազար կամաւոր` որոնց 4 հազարը պուլկար, 2 հազարը յոյն եւ 700-ը` հրեայ: Չերչիզ Թոփուլլի եւ Պաժրամ Ճուրիի 8 հազար ալպանացի կռուողներով միացան Մահմուտ Շեւքէթ փաշայի: Ահմէտ Նիազի բէկն ալ 1800 կռուողներով Մակեդոնիոյ Ռեսնէ քաղաքէն միացաւ Շարժուն բանակին:
Շարժուն բանակը շոգեկառքերով Զաթալճա եւ Համետքէօյ տեղափոխուեցաւ եւ այնուհետեւ մտաւ Սան Սթեֆանօ: Իթթիհատական ղեկավարներ Ալի Ֆեթհի, Հաֆէզ Հաքքի եւ Էնվէր բէկ միացան Մահմուտ Շեւքէթ փաշայի:
Իթթիհատականներ որոշեցին սուլթան Համիտը գահընկէց ընել եւ փոխարէնը անոր եղբայրը` Մեհմէտ Ռէշատը գահ բարձրացնել: Պալատին եւ իթթիհատականներուն միջեւ բանակցութիւններ սկսան, որոնք շարունակուեցան քանի մը օր, առանց շօշափելի արդիւնքի:
Շարժուն բանակը ապրիլ 11/24-ի առաւօտուն շարժեցաւ դէպի Պոլիս: Կարճատեւ բախումներէ ետք սուլթան Համիտի հաւատարիմ ուժերը անձնատուր եղան:
Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ. 14/27 ապրիլ 1909-ին գահընկէց հռչակուեցաւ: Գահ բարձրացաւ եղբայրը` Մեհմէտ Ռէշատ:
* * *

Լաթաքիոյ հոգեւոր տեսուչ Մովսէս վարդապետ Ոսկերիչեան 14/27 ապրիլ 1909 թուակիր հեռագիր ուղարկեց Պոլիս, հայոց պատրիարքարան, ուր կ՛ըսէր.
«Քեսապի շրջակաները թուրքերն ու թուրքմէնները 1500 տուն թալանի տուին եւ այրեցին: Հազարի չափ ընտանիքներ վնասուեցան. անոնց կէսը առաջնորդարանս ապաստանած է: Երեք օր է անօթի եւ մերկ վիճակի մէջ են. թէեւ կառավարութիւնը օգնութեան հասած է, սակայն միայն ասիկա չի բաւեր. մարդասէրներու եւ պատրիարքարանի ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք եւ կը խնդրենք որ կարեւոր նպաստ մը անմիջապէս փութացնէք. մանրամասնութիւնները նամակով կը ստանաք»:
* * *
Ֆրանսական կառավարութիւնը բողոք ներկայացուց հայերու դէմ եղած ջարդերուն եւ յատկապէս Քեսապի ժողովուրդին կրած չարչարանքներուն համար:
Օսմանեան Բարձրագոյն Դուռը պատերազմական նախարարութեան հրամայեց երեք հարիւր վրան յատկացնել Լաթաքիա ապաստանած քեսապցի հայերուն:
Լաթաքիոյ մութասարիֆ Մեհմէտ Ալի Այնի բէկ քննիչ յանձնախումբ մը կազմեց, շրջանին մէջ պատահած դէպքերը եւ հայերուն դէմ գործադրուած անարդարութիւնները հաստատելու համար: Յանձնախումբի անդամներն էին` Լաթաքիոյ հարցաքննիչ դատաւոր Եուսուֆ Հաքիմ, շէյխ Մոհամէտ էֆէնտի Աճճամ, տոքթոր Իլիաս Աշշի եւ սպայ Սուպհի բէկ Սամատի:
Յանձնախումբը, իր հետ առնելով քեսապցի քանի մը վկաներ, խումբ մը ոստիկաններու ուղեկցութեամբ Պասիթ մեկնեցաւ: Ֆագ Հասան գիւղին մէջ ահագին թալանուած ապրանք յայտնաբերուեցաւ: Պաղճաղազի մէջ վարդապետ մը հաստատեց, որ մեծագոյն կողոպուտը կատարուած է Պետրուսիայի մէջ, Ռիֆաթ աղայի լարած ծուղակին պատճառով:
Քննիչ յանձնախումբը ուղղուեցաւ Պետրուսիա եւ հարցաքննեց Ռիֆաթ աղան:
Ռիֆաթ աղա ըսաւ, որ ինք օգնած եւ ապաստան տուած է հայերուն, բայց գիշերը աւազակներ յարձակած են գիւղին վրայ հայերը կոտորելու եւ կողոպտելու համար, եւ ինք ու իր մարդիկը հայերուն թելադրած են փախչիլ եւ իրենց գլուխը ազատել:
Այս խօսքերուն վրայ ոստիկաններուն մեծաւորը ապտակեց Ռիֆաթ աղան եւ հրամայեց ծառի մը կապել զայն:
Յանձնախումբին ընկերակցող քեսապցի վկաները պատմեցին, թէ ինչպէս Պետրուսիա մտնելէ առաջ իրենց զէնքերը ձեռքերնէն առին եւ ինչպէս կէս գիշերին զիրենք խուճապի եւ փախուստի մատնեցին:
Սուպհի բէկ Սամատի հրամայեց կանչել Ռիֆաթ աղայի մարդիկը եւ միւս գիւղացիները եւ լսել անոնց վկայութիւնները: Ծեծի սպառնալիքի տակ անոնք խոստովանեցան, որ գիւղին վրայ յարձակող չկար, իրենք օդը կրակած էին եւ հայերուն հաւատացուցած, որ մորթողները գիւղ մտած են, շուտ փախէք: Եւ հայերը իրենց ամբողջ ունեցածը ձգելով փախած էին:
Յանձնախումբը Ռիֆաթ աղայի տունը խուզարկելով մեծ քանակութեամբ զէնք, հագուստեղէն, ներքնակ, վերմակ եւ այլ ապրանքներ դուրս հանեց: Բոլոր իրերը Լաթաքիա ղրկուեցան: Ռիֆաթ աղա եւ իր մերձաւորները ձերբակալուեցան:
* * *

Լաթաքիոյ տեղական իշխանութիւնները, համաճարակէ մը վախնալով, որոշեցին ժողովուրդը իր տուները վերադարձնել:
Իշխանութիւններու ներկայացուցիչները ժողովուրդին ըսին, որ Քեսապ խաղաղած է, եւ կառավարութիւնը ժողովուրդը պաշտպանելու համար հոն զօրք կեդրոնացուցած եւ բոլոր միջոցները ձեռք առած է:
Բայց տրուած բացատրութիւնները համոզիչ չէին, եւ ժողովուրդը կը զգուշանար վերադառնալու:
Ի վերջոյ, ֆրանսական հիւպատոսին հետ խորհրդակցաբար, որոշուեցաւ ժողովուրդը վերադարձնել Պասիթ եւ կառավարութեան հսկողութեան տակ վրաններու տակ պատսպարել, մինչեւ որ գիւղացիք իրենց հրկիզուած ու թալանուած տուները կարենան կարգի բերել:
Մինչ այդ թրքական բանակի ջոկատ մը Քեսապ ղրկուեցաւ, վերադարձող ժողովուրդը պաշտպանելու եւ կարգ ու կանոն հաստատելու համար:
Սակայն այն ինչ որ խուժանը չէր կրցած կամ չէր հասցուցած թալանելու եւ տանելու, զինուորները իրենք թալանեցին:
* * *
Լաթաքիա ապաստան գտած ժողովուրդին մեծ մասը ապրիլ 19 (մայիս 2) եւ ապրիլ 30 (մայիս 3)-ին, իտալական Փիէմոնթ եւ ֆրանսական Միշըլէ եւ Ժիւլ Ֆերրի ռազմանաւերով եւ մութասարիֆ Մեհմէտ Ալի Այնի բէկի ուղեկցութեամբ Պասիթ տեղափոխուեցաւ:
Պասիթի ծովափը կառավարութիւնը վրաններ պատրաստած էր, եւ ամբողջ ժողովուրդը վրաններու մէջ տեղաւորուեցաւ:
Հայր Սապաթինօ տէլ Կայծօ 5 մայիս 1909 թուակիր նամակ գրեց Հալէպի առաքելական փոխանորդ եւ Սուրիոյ պապական նուիրակ Մոնսենիոր Ֆրետիանօ Ճաննինիի եւ նկարագրելով Քեսապի աղէտին ահաւորութիւնը, ժողովուրդին համար փութով օգնութիւն խնդրեց: Հայր Սապաթինօ կ՛ըսէր, որ ժողովուրդը այժմ Պասիթի աւազներուն վրայ կը գտնուի եւ անկարելի է զայն իր տուները ղրկել, որովհետեւ հրկիզուած գիւղերը դեռ կը մխան:
* * *
Քեսապցի խումբ մը կիներ, որոնք աղէտին օրը, փախուստի ժամանակ Քեսապ աւանի բարձունքները հասնելով քարայրի մը մէջ թաքնուած էին, օրերէ ի վեր անօթի ծարաւ բարձունքներէն իջան եւ ամէն կողմ աւերածութիւն ու ամայութիւն գտան:
Պասիթէն ժողովուրդը քանի մը հանգրուանով Քեսապ վերադարձաւ:
Քեսապ, հայրենի օճախներ վերադարձած ժողովուրդին առջեւ ահռելի տեսարաններ պարզուեցան: Ամէն կողմ հրկիզուած, աւերուած ու թալանուած բնակարաններ: Բոլոր եկեղեցիները եւ ամբողջ շուկան այրած էին: Հոս ու հոն անթաղ մնացած հարազատներու, դրացիներու դիակներ կային: Հաւերը, այծերը, կովերը, եզները, էշերն ու ջորիները գողցուած էին: Արտերը ոտնակոխ եղած եւ ցորենի ծիլերը տրորուած էին:
Մութասարիֆ Մեհմէտ Ալի Այնի բէկ Պասիթէն անձնապէս ուղեկցեցաւ հայրենի օճախներ վերադարձող ժողովուրդին: Ան կտրուկ միջոցներ գործադրեց հայերէն թալանուած ապրանքները թուրքերէն վերագրաւելու եւ իրենց տէրերուն վերադարձնելու համար:
Մութասարիֆին հրամանը խիստ էր, եւ շրջակայ գիւղերու թուրքերը, պատիժէ վախնալով, յօժարակամ Քեսապ բերին իրենց թալանած ապրանքներն ու անասունները, որոնք վկաներու ցուցմունքներով իրենց տէրերուն պիտի վերադարձուէին: Այսպիսով մեծ քանակութեամբ պղինձէ անօթներ, սփռոցներ, գորգեր, ներքնակներ, վերմակներ, բարձեր, տնային այլ իրեր, երկրագործական գործիքներ (արօր, կամ, մանգաղ, բրիչ), անասուններ, ինչպէս նաեւ քանի մը ժամացոյցներ եւ կարի մեքենաներ իրենց տէրերուն վերադարձուեցան:




Leave a Reply