Լոյս տեսաւ «Հայ գաղթականութիւնը Ա. աշխարհամարտի տարիներուն եւ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցին (1914-1917)» վերնագիրով ուսումնասիրութիւնը

Օրհնութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հրատարակչութիւնը լոյս ընծայեց Աւետիս Յարութիւնեանի «Հայ գաղթականութիւնը Ա. աշխարհամարտի տարիներուն եւ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցին (1914-1917)» վերնագրով ուսումնասիրութիւնը:

Հետազօտութեան մէջ սկզբնաղբիւրներու համակողմանի ուսումնասիրման եւ համադրման միջոցով պատմական քննական եւ պատմական համեմատական վերլուծութեամբ ներկայացուած է Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն երիտթրքական կառավարութեան հակահայ քաղաքականութեան պատճառով յառաջացած հայ գաղթականութեան պատմութիւնը եւ  հայ գաղթականութեան ու Հայ առաքելական եկեղեցւոյ փոխկապակցուած հիմնահարցին համալիր վերլուծութիւնը: Մարդկութեան ամբողջ պատմութեան Ա. Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ Ա. Համաշխարհային պատերազմի կովկասեան ռազմաճակատի ռազմական գործունէութիւններու գիտական ուսումնասիրումը միշտ ալ եղած է եւ կը մնայ պատմաբաններու եւ այդ հարցով զբաղող այլ հեղինակներու ուշադրութեան կեդրոնը: Այդ հարցերուն վերաբերեալ, սկսեալ Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներէն, ինչպէս Հայաստանի մէջ, այնպէս ալ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ստեղծուած է բաւականին ստուար գրականութիւն: Մինչդեռ Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն հայ գաղթականութեան պատմութեան ամբողջական լուսաբանումը դուրս մնացած է հայ պատմագրութեան ուշադրութենէն եւ յատուկ ուսումնասիրութեան առարկայ չէ դարձած:

Հեղինակը հետազօտելով գրեթէ չուսումնասիրուած հիմնահարցը աղբիւրներու համակողմանի վերլուծման եւ համադրման միջոցով` իր առջեւ հարց դրած է Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ գաղթականութեան փոխկապակցուածութեան հիմնահարցի պատմական քննական վերլուծութեամբ եւ գիտական անաչառ լուսաբանութեամբ հետեւեալները.

Ա) Ներկայացնել 1914 թուականի նոյեմբեր-դեկտեմբերեան, 1915 թուականի յուլիսեան, 1916 թուականի յուլիս-օգոստոսեան եւ 1916 թուականի նոյեմբերեան գաղթերու պատմութիւնը,

Բ) Բացայայտել Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն գաղթերու եւ յատկապէս 1915 թուականի յուլիսեան աղէտալի գաղթի միտումնաւոր կազմակերպման գործին մէջ ցարիզմի գաղութային քաղաքականութեան էութիւնը եւ շարժառիթները,

Գ) Ցոյց տալ, թէ ինչպէ՛ս կը կազմակերպուէր եւ կ՛իրականացուէր հայ գաղթականներու պետական օգնութեան գործառոյթը,

Դ) Լուսաբանել գաղթականական կոմիտէներու եւ բարեգործական հիմնարկներու գործունէութիւնը,

Ե) Ներկայացնել գաղթականներու ծանր վիճակը, տեղաբաշխումը եւ օգնութեան կազմակերպումը Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ,

Զ) Արժեւորել Հայ առաքելական եկեղեցւոյ անմնացորդ դերակատարութիւնը հայ գաղթականներու փրկութեան գործին մէջ,

Է) Պարզաբանել հայ գաղթականներու օգնութեան կազմակերպման հայանպաստ շարժման օգտաւէտութիւնը:

https://www.aztagdaily.com/archives/679566

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2026
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ