Քեսապի գիւղերը` կիլիկեան աշխարհի վերապրող վկաները
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Քեսապի վրայ յարձակած թուրք խուժանը եւ կանոնաւոր զօրքը 10/23 ապրիլ 1909-ին, հայոց ութ ժամուան դիմադրութիւնը ճնշելէ ետք գրաւած էին աւանը:
Խուժանը առանց դիմադրութեան հանդիպելու գրաւած էր Տիւզաղաճը, Էսկիւրանը, Սեւ Աղբիւրը, Զինարճըգը, Զագալճըգը, Քէօրքիւնան եւ Էքիզօլուքը:
Էքիզօլուքէն ժողովուրդը փախուստ տուաւ դէպի Պաղճաղազ: Թուրքեր Էքիզօլուքն ալ թալանեցին եւ այրեցին:
Լեռնային եւ անտառաին արահետներով փախստականները Վարի Պաղճաղազի լատիններուն վանքը` Մանասթըր հասան եւ հոն ապաստան գտան:
Վերի Պաղճաղազցիներն ալ իրենց տուները ձգելով եւ անհրաժեշտ իրեր առնելով լատիններուն վանքը ապաստանեցան:
Ժողովուրդը խուճապի մատնուած էր: Թուրքեր մէկ ժամէն միւսը կրնային հասնիլ: Վախ կար նաեւ որ Ֆագ Հասանի եւ Պետրուսիայի թուրքերն ալ կրնային միանալ Էքիզօլուքէն շարժող խուժանին: Այդ պարագային Մանասթըրի մէջ հաւաքուած ժողովուրդին առջեւ փախուստի ճամբայ պիտի չմնար:
Ֆրանչիսկեան հայրերուն հետ խորհրդակցաբար որոշուեցաւ ամբողջ ժողովուրդով Պասիթ, ծովափնեայ գօտին տեղափոխուիլ:
* * *
Քեսապէն կռուող տղաքը Գալատուրան քաշուեցան եւ հովիտի մուտքին դիրքեր բռնեցին:
Քեսապ աւանի բնակչութեան ստուար համեմատութիւնը Գալատուրան ապաստանած էր:
Քեսապ աւանը գրաւելէն ետք թուրքեր յետմիջօրէին խուժեցին Գալատուրանի հովիտը: Կռուող տղաքը աշխատեցան որքան կարելի է դիմադրել եւ դանդաղեցնել խուժանին յառաջխաղացքը:
Կարճատեւ դիմադրութենէ ետք որոշուեցաւ որ ժողովուրդը տուները պարպելով լեռները ապաստանի:
Գալատուրանցիք եւ Քեսապէն հոն փախած ժողովուրդը սկսաւ լեռները բարձրանալ, մէկ մասը դէպի հիւսիս` Կիւնիկ լեռը, մէկ մասն ալ դէպի հարաւ` Տիւնակ լեռը:
Օրհասական այդ պահուն Եսայի պապուկ Մանճիկեան ըսաւ. «Լուր ղրկեցէք ժողովուրդի առաջ կեցող անձերուն եւ ըսէք, թէ ինչ եղաւ թուրքին հռչակած եւ իրենց հաւատացած ազատութիւնը, եղբայրութիւնը»: Խոր ծերութեան մէջ ան անկարող եղաւ արագ շարժելու եւ իր տնեցիներուն հետ վերջին լեռ բարձրացողներէն եղաւ: Թուրքեր վրայ հասան եւ պիտի սպաննէին զանոնք, բայց զինեալներէն մէկը, ճանչնալով Եսայի աղան ըսաւ. «Ես այս մարդուն հացը կերած եմ, բարիքները վայելած եմ: Ձգենք թող երթան»:
Հովիտի երկայնքին, իրարմէ որոշ հեռաւորութեամբ եւ գերդաստաններու հիմամբ բնակուած թաղերը գրաւելով թուրքեր սկսան թալանել եւ կրակի տուին տուները: Վերը, բարձունքներէն գիւղացիք տեսան իրենց տուներուն թալանն ու հրկիզումը:
Թուրքեր միաժամանակ յարձակման անցան Պաշորտի ուղղութեամբ: Պաշորտցիք եւ հոն ապաստան գտած քեսապցի քանի մը ընտանիքները նոյնպէս փախուստի դիմեցին դէպի Կիւնիկ լեռը:
Օրը կը տարաժամէր: Թուրքեր անընդհատ կրակելով կը հետապնդէին փախստականները եւ թուփ առ թուփ խուզարկելով կը յառաջանային: Լեռներուն վրայ ժողովուրդը աննկարագրելի խուճապի մատնուած էր:
Կիւնիկի կողմը փախուստ տուած ժողովուրդը բարձունքներէն իջնելով հասաւ էսքիճայի եւ Պայնտորի ծովափնեայ գօտին: Այդ կողմերը քարայրներ եւ հովիւներու ձմեռանոցներ` գշլաներ կան: Մութ էր արդէն. ժողովուրդը քարայրներուն եւ գշլաներուն մէջ տեղաւորուեցաւ:
Տիւնակի կողմը փախչողները սկսան գահավէժ բարձունքներէն դէպի Սրնըխի եւ Ուրենճըգի ծովափնեայ գօտին ուղղուիլ:
Մութ էր եւ մշուշ եւ կածաններէն էջքը` դժուար ու վտանգաւոր: Թուրքեր կրակելով մօտեցան: Տեսնելով որ փրկութիւն չկայ, թշնամիին ձեռքը չիյնալու եւ իրենց պատիւը չարատաւորելու համար քանի մը կիներ իրենք զիրենք բարձունքներէն վար նետելով անձնասպան եղան:
Ծովեզերք հասած ժողովուրդը Սրնըխի եւ Ուրենճըգի քարայրներուն եւ գշլաներուն մէջ տեղաւորուեցաւ:
Յաջորդ օր, շաբաթ, ապրիլ 11/24-ին թուրքեր շարունակեցին Գալատուրանի տուներուն թալանն ու հրկիզումը:
* * *
Վարի Պաղճաղազէն, Մանասթըրէն, լատին ֆրանչիսկեան վարդապետներուն առաջնորդութեամբ ժողովուրդը ճամբայ ելաւ դէպի Պասիթ:
Ֆագ Հասանի, Քեշիշի եւ Կեաւուր Գրանի թուրքերը վրայ հասնելով սկսան կողոպտել փախստականները: Խուճապահար եւ սարսափահար ժողովուրդին մէկ մասը խոյս տուաւ դէպի Կունկուրայի ձորը: Մութը վրայ հասաւ: Ժողովուրդը խումբ առ խումբ, յոգնած եւ պարտասած հասաւ Պասիթի ծովեզերքը: Կունկուրայի կողմը փախչողները անտառներուն մէջ թաքնուեցան:
* * *
Լատին համայնքի հովիւ հայր Սապաթինօ տէլ Կայծօ քանի մը ընկերակիցներով ուրբաթ գիշեր ճամբայ ելաւ դէպի Լաթաքիա:
Հայր Սապաթինօ եւ իր ընկերակիցները Լաթաքիա հասան շաբաթ արեւածագէն առաջ եւ քաղաքին Թերրա Սանթա վանքը ապաստանեցան:
Թերրա Սանթա վանքին մեծաւորը հայր Սապաթինոյին ըսաւ, որ ինք կանխատեսած էր վտանգը եւ չորս օր առաջ ֆրանսական ու իտալական հիւպատոսներէն խնդրած էր, որպէսզի պաշտպանեն Կասիոս լերան քրիստոնեաները եւ անոնց մօտ գտնուող միսիոնարները:
Հայր Սապաթինօ նոյն օրն իսկ հանդիպումներ ունեցաւ Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ հիւպատոսներուն հետ եւ տեղահան եղած ժողովուրդին համար օգնութիւն խնդրեց:
* * *
Հայր Սապաթինոյէն քիչ ետք, շաբաթ առաւօտուն Լաթաքիա հասաւ տոքթոր Սողոմոն Աբէլեան:
Տոքթոր Սողոմոն Աբէլեան Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկագիտական բաժինի առաջին հայ շրջանաւարտը եղած էր 1890-ին: Ծննդավայր Քէօրքիւնա վերադարձէն ետք աշխատած էր մինչեւ 1901: Այնուհետեւ, մինչեւ 1908 Անտիոքի քաղաքապետութեան բժիշկը եղած էր:
Տոքթոր Սողոմոն Աբէլեան Լաթաքիոյ բողոքական միսիոնարական կեդրոնին տեղեկացուց, որ Քեսապ թալանուած ու հրկիզուած է, իսկ ժողովուրդը տեղահան եղած եւ անպատսպար մնացած է: Ան հանդիպումներ ունեցաւ Ամերիկեան հիւանդանոցի տնօրէնութեան եւ Անգլիոյ ու Ֆրանսայի հիւպատոսներուն հետ եւ փութով օգնութիւն խնդրեց:
* * *

Շաբաթ, 11/24 ապրիլի առաւօտուն Պասիթի ծովեզերքը խռնուած ժողովուրդին մէկ մասը հետիոտն բռնեց դէպի Լաթաքիա ճանապարհը:
Սրնըխի եւ Ուրենճըգի քարայրներուն ու գշլաներուն մէջ ապաստանած ժողովուրդը լերան ու ծովուն միջեւ սեղմուած նեղ արահետներէն յառաջանալով Պետրուսիա հասաւ:
Պետրուսիայի Ռիֆաթ աղան փախստականներուն ըսաւ, որ գիւղ կրնան մտնել իրենց զէնքերը յանձնելէն ետք միայն: Ուրիշ միջոց չկար, եւ երիտասարդները ստիպուած յանձնեցին իրենց զէնքերը: Այնուհետեւ Ռիֆաթ աղայի կարգադրութեամբ փախստականները պետրուսիացիներու տուներուն մէջ տեղաւորուեցան: Կէս գիշերուան մօտ կրակոցներ լսուեցան: Ռիֆաթ աղա եւ անոր մարդիկը փախստականներուն ըսին, որ մորթողները գիւղ մտած են, շուտ փախէք: Ժողովուրդը խուճապահար, եւ ամբողջ ունեցուածքը ձգելով փախուստ տուաւ դէպի ծովեզերք:
* * *
Լաթաքիոյ ֆրանսական հիւպատոսը Պէյրութի ընդհանուր հիւպատոսարան դիմեց եւ խնդրեց պատերազմական նաւ մը: Պէյրութի ընդհանուր հիւպատոսը իր տրամադրութեան տակ նաւ չունենալով հեռագրեց Կիպրոս:
Կիպրոս, Լառնաքայի նաւահանգիստը կը գտնուէր Մեսաժըրի Մարիթիմ ընկերութեան պատկանող Նիժէր մեծ շոգենաւը, որ կիրակի, 12/25 ապրիլի առաւօտ կանուխ Լաթաքիա հասաւ եւ հիւպատոսի տրամադրութեան տակ դրուեցաւ:
Նիժէրի նաւապետ Լաֆոն հայր Սապաթինոն եւ Լաթաքիոյ լատինաց վանքին մեծաւորը իր հետ առնելով ուղղուեցաւ Պասիթ:
Պասիթ հասնելէն ետք շոգենաւը քանի մը համազարկ արձակեց: Փախստական ժողովուրդը վազելով ծովափ ուղղուեցաւ:
Փութով եւ իրարանցումի մէջ շուրջ երկու հազար երկու հարիւր հոգի շոգենաւ բարձրացաւ:
Փախստականները երկու-երեք օրէ ի վեր անօթի, ծարաւ ու պարտասած էին: Բոլորին ուտելիք տրուեցաւ, իսկ երեխաներուն` կաթ:
Երկուշաբթի, 13/26 ապրիլի առաւօտ կանուխ, արեւածագէն առաջ Նիժէր Պասիթէն ճամբայ ելաւ դէպի Լաթաքիա:

Երկու ժամ նաւելէն ետք Լաթաքիոյ մօտեցած էին, երբ Նիժէր ծովուն վրայ հանդիպեցաւ ֆրանսական Ժիւլ Ֆերրի յածանաւին: Հայր Սապաթինօ եւ Լաթաքիոյ լատինաց վանքին մեծաւորը Ժիւլ Ֆերրի բարձրացան եւ Պասիթ վերադարձան:
Նիժէր առաւօտեան ժամը 8:00-ին Լաթաքիա հասաւ: Փախստական ժողովուրդը ցամաք հանուեցաւ: Անոնց մէկ մասը լատիններու Թերրա Սանթա վանքին, մէկ մասը ամերիկեան միսիոնարական կեդրոնին, իսկ մնացեալները հայոց Հոգետան մէջ տեղաւորուեցան:
Ժիւլ Ֆերրի Պասիթ հասնելէն ետք ազդանշան տուաւ: Մօտաւորապէս հազար հինգ հարիւր փախստականներ նաւ բարձրացան:
Նաւ բարձրացողները ըսին, որ տակաւին մեծ թիւով փախստական ժողովուրդ թաքնուած է շրջակայ լեռներուն վրայ: Ժիւլ Ֆերրիի ծովակալը հեռագիրով օգնութիւն խնդրեց ֆրանսական այլ յածանաւէ մը` Միշըլէէ, որ այդ պահուն Ալեքսանտրէթի բացերը կը գտնուէր:
Միշըլէ Պասիթ հասնելով միացաւ փրկութեան գործին:
Լաթաքիոյ մէջ Անգլիոյ հիւպատոսին նախաձեռնութեամբ անգլիական Թայըմֆ ռազմանաւը Սուէտիա ուղղուեցաւ եւ այդ կողմերը հասած փախստականները հաւաքելով Լաթաքիա փոխադրեց:
Փախստականներէն շատեր ալ երկու-երեք օր քալելով Լաթաքիա հասան:
Լաթաքիա հասած բոլոր փախստականներուն թիւը վեց հազար հինգ հարիւրէն եօթը հազար հոգի կը գնահատուէր:
Տեղահան եղած ժողովուրդին մօտաւորապէս կէսը հայոց Հոգետունը տեղաւորուեցաւ, իսկ մնացեալները լատինաց վանքին, ամերիկեան միսիոնարական կեդրոնին եւ խաներու մէջ պատսպարուեցան:




Leave a Reply