Ռուսական կողմին հետ քննարկուած են Գիւմրի-Ախուրիկ-Թուրքիոյ սահման եւ Երասխ-Նախիջեւան երկաթուղային ենթակառուցուածքներու վերականգնման եւ շինարարութեան հետ հարցերը, կը յայտնէ տարածքային կառավարման նախարարութիւնը:
Կը նշուի, որ նախարարի տեղակալ Արմէն Սիմոնեան ընդունած է Ռուսիոյ փոխադրութեան նախարարի տեղակալ Տմիթրի Զվերեւի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Քննարկումէն շատ մանրամասնութիւններ չկան: Կը տեղեկացնեն նաեւ, որ անդրադարձ կատարուած ինքնաշարժային փոխադրութեան եւ օդային փոխադրումներու ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան ներկայ մակարդակին:
Հայաստանին մէջ գործող «Հարաւկովկասեան երկաթուղին» 30 տարի ժամկէտով` 2008-էն ռուսական երկաթուղին կը կառավարէ` հաւատարմագրային սկզբունքով: Կառավարումը եւս 10 տարիով երկարաձգելու կարելիութիւն կայ:
Բայց մինչեւ պայմանագիրի ժամկէտի աւարտը Երեւանի մէջ սկսած են խօսիլ հաւատարմագրային կառավարումը այլ երկրի փոխանցելու մասին:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջերս խօսեցաւ երկաթուղիի կառավարման իրաւունքը այլ երկրի կողմէ ձեռքբերելու կարելիութեան: Փաշինեան շեշտած էր, որ կառավարումը կրնայ ձեռք բերել Հայաստանի ու Ռուսիոյ հետ բարեկամ որեւէ երկիր` տալով Ղազախստանի ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու անունները:
Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք իր կարգին տեղեկացուց, որ Ռուսիան դրական արձագանգած է վարչապետ Փաշինեանի առաջարկին ու որոշած է առարկայական բանակցութիւններու սկսիլ Հայաստանի հետ Երասխի ու Ախուրիկի հատուածներուն մէջ երկաթուղին վերականգնելու համար:




Leave a Reply