Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ղեկավար Ապտալլա Օճալան յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարական համարկման անցումը խաղաղութեան վերաբերեալ օրէնքներու կարիք ունի: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Լրատու գործակալութեան համաձայն, հաղորդագրութիւնը հրապարակուած է Օճալանի` ՔԱԿ-ին Թուրքիոյ պետութեան դէմ տասնամեակներէ ի վեր ընթացող ըմբոստութեան վերջ տալու եւ ինքնալուծարուելու կոչէն մէկ տարի ետք:
«Կուսակցութեան ինքնալուծարուելու եւ զինեալ պայքարի ռազմավարութեան վերջ տալու որոշումները բռնարարքներու մտայնութենէն ձերբազատուելու եւ քաղաքականութեան յստակ նախընտրութիւն ցոյց տուաւ», նշեց ան:
«Մեր ետին ձգած փուլը մեր ուժն ու բանակցելու մեր կարողութիւնը ապացուցեց», յայտնեց Օճալան:
www.aztagdaily.com




Leave a Reply