Չուլճեան. «Թուրքիան պատրաստ է դիմելու որեւէ միջոցի` Ցեղասպանութեան ճանաչումը մերժելու համար»

Ամերիկացի ելեւմտագէտ Ճեֆրի Էփշթէյնի վերաբերեալ փաստաթուղթերը կը բացայայտեն անոր ցանցին հետ կապ ունեցող անձերու շրջանակը: Այդ փաստաթուղթերուն մէջ կը նշուին երեք կառավարական գործիչներու անուններ, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են Հայ դատի աշխատանքներուն հետ: Այս մասին «Ալֆա նիուզ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի մամլոյ քարտուղար Եղիսաբէթ Չուլճեան:

«Խօսքը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար եւ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի, Թուրքիոյ մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու այժմու դեսպան Թամ Պարրաքի եւ Ամերիկայի առողջապահութեան եւ բժշկական ապահովութեան կեդրոնի վարիչ, տոքթ. Մեհմետ Օզի մասին է: Երբ բացայայտուեցաւ, որ Ահմետ Տաւութօղլուի անունը կայ Էփշթէյնի թղթածրարներուն մէջ, ան խոստովանեցաւ, որ 2015 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցէն առաջ դիմած էր ամերիկացի միլիառատէր Թոմաս Փրիցքըրին` խափանելու Հայ դատի յանձնախումբի եւ ամերիկահայ գաղութի աշխատանքները Ուաշինկթընի մէջ, ինչպէս նաեւ արգիլելու Ցեղասպանութեան ճանաչումը», նշած է Չուլճեան:

Անոր համաձայն, այս ամէնը ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ միջոցներու կրնայ դիմել Թուրքիոյ կառավարութիւնը` Հայոց ցեղասպանութիւնը մերժելու համար:

«Փաստ է, որ արտաքին գործոց նախկին նախարարը պատրաստ է աշխատելու անչափահասներու սեռային շահագործման եւ մանկապղծութեան մեղադրանքով դատապարտուած յանցագործի ցանցին հետ` շարունակելու Հայոց ցեղասպանութեան մերժումը: Սա փաստ է եւ ոչ թէ ենթադրութիւն», եզրափակած է Չուլճեան:

Յայտնենք, որ Միացեալ Նահանգներու Արդարադատութեան նախարարութիւնը հրապարակած է փաստաթուղթերու ծրար` կապուած Ճեֆրի Էփշթէյնի գործի հետաքննութեան հետ: Մասնաւորապէս, հրապարակուած է աւելի քան 3 միլիոն փաստաթուղթ, որոնց շարքին` պատկերներ եւ տեսանիւթեր, որոնք մանրամասն կը նկարագրեն ամերիկացի ելեւմտագէտ եւ երեխաներու նկատմամբ սեռային յանցագործութիւն կատարած Ճեֆրի Էփշթէյնի եւ անոր շրջապատի անձերու, ներառեալ քաղաքական գործիչներու եւ յայտնիներու յանցաւոր գործունէութիւնը:

www.aztagdaily.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2026
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728  

Արխիւ