Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Ալփարսլան Պայրաքտար յայտարարած է, որ Հայաստան կրնայ կապուիլ Պաքուի եւ Անգարայի ուժանիւթի համակարգերուն։
Թրքական լրատուամիջոցներուն համաձայն՝ ան յայտնած է, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կրնայ նաեւ դրական ազդեցութիւն ունենալ տնտեսական համագործակցութեան վրայ:
Ըստ նախարարին՝ Անգարա ճիշդ այս տեսանկիւնէն կ՛աջակցի կարգաւորման գործընթացին:
Պայրաքտարը ընդգծած է, որ Հայաստան կրնայ դառնալ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ուժանիւթի համագործակցութեան մէկ մասը:
«Ըստ էութեան, կարգաւորումը կ՛ենթադրէ տնտեսական յարաբերութիւններու արդիականացում: Մենք կրնանք զարգացնել համագործակցութիւնը ուժանիւթի ոլորտին մէջ եւ օգտագործել առկայ կարելիութիւնները: Յոյսով եմ, որ այս գործընթացը պիտի շարունակուի բոլոր կողմերուն օգտին», նշած է նախարարը:




Leave a Reply