Արցախեան շարժման 38-ամեակ. Արցախի հայութեան Հայաստանին վերամիանալու պատմական որոշումը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Արցախի հայութիւնը 38 տարի առաջ որոշեց դուրս գալ Ազրպէյճանի կազմէն եւ Հայաստանի միանալ:

Խորհրդային իշխանութիւններու հռչակած հրապարակայնութեան եւ վերակառուցման քաղաքականութեան ընձեռած հնարաւորութենէն օգտուելով, Արցախի եւ Հայաստանի մէջ 1987-ին  ստորագրահաւաք սկսաւ` պահանջելով Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը վերադարձնել Խորհրդային Հայաստանի:

Արցախցի հայերու պատուիրակութիւնը շուրջ 80 հազար ստորագրութիւնները  փոխանցեց Մոսկուա` համայնավար կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի ընդունարան:

Զօրի Բալայեանի եւ Իգոր Մուրատեանի աջակցութեամբ, 1988 յունուարին Մոսկուա մեկնեցաւ արցախցի հայերը ներկայացնող  պատուիրակութիւն մը, որ արցախցիներու նոր դիմումն ու Լեռնային Ղարաբաղի պատմութեան, ազգագրութեան, տնտեսութեան, մշակոյթին վերաբերեալ փաստաթուղթեր փոխանցեց:

Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը սեփական իրաւունքներու ու ազատութիւններու պաշտպանութիւն եւ Հայաստանի հետ վերամիաւորում կը պահանջէր` պահպանելով գործող իրաւական չափանիշները ու ազատ կամքի արտայայտութեան բացառապէս օրինական ձեւերը:

Արցախցիք կուսակցական մարմիններուն ու պետական իշխանութիւններուն ուղղուած կոչեր ու դիմումներ պատրաստեցին, ստորագրահաւաքներ կազմակերպեցին եւ թռուցիկներ բաժնեցին: Ստեփանակերտի մէջ 13 փետրուար 1988-ին հանրահաւաք տեղի ունեցաւ:

Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի ժողովրդական պատգամաւորներու խորհուրդի 20 փետրուար 1988-ի արտահերթ նստաշրջանը որոշում կայացուց դիմել Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդներուն` Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը Ազրպէյճանի կազմէն դուրս բերելու եւ Խորհրդային Հայաստանի կազմին մէջ ընդգրկելու մասին:

Նոյն օրը Երեւանի մէջ սկսան արցախահայութեան զօրակցութեան ցոյցեր:

Խորհրդային իշխանութիւնները Արցախեան շարժման նկատմամբ  բացասական դիրքորոշում ունեցան: Համայնավար կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի քաղաքական բիւրոն արցախահայութեան պահանջը որակեց ազգայնամոլներու եւ ծայրայեղականներու սադրանք:

Խորհրդային Միութեան մէջ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը լուրջ վտանգ կը ներկայացնէր համայնավար ամբողջատիրական համակարգին համար:

Արցախեան շարժումը ղեկավարելու համար Երեւանի մէջ ստեղծուեցաւ կազմկոմիտէ եւ այնուհետեւ` Ղարաբաղ կոմիտէն` Իգոր Մուրատեանի գլխաւորութեամբ: Արցախահայութեան հետ համերաշխութեան  ցոյցերը զանգուածային բնոյթ ստացան Հայաստանի  մէջ:

www.aztagdaily.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2026
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728  

Արխիւ