Լեզուական Իրաւունքներու Հսկողութեան, Փաստաթղթաւորման եւ Հաղորդագրութեան Ցանցի բաղադրիչները ՝ կը կրկնենք մայրենի լեզուներուն պաշտպանութեան, կենդանի պահելու եւ վերակենդանացնելու կոչը։
Մայրենի լեզուն իրաւունք է, լռեցնելը անարդարութիւն է։
Մայրենի լեզուի իրաւունքը հիմնական, անօտարելի եւ չքննարկուելի մարդկային իրաւունք է։ Այս իրաւունքի պաշտպանութիւնը միայն մշակութային հարց չէ. այն պարտադիր է լեզուական արդարութեան եւ հաւասար քաղաքացիութեան համար։
Եթէ մայրենի լեզուի իրաւունքի առջեւ ծառացած քաղաքական, տնտեսական եւ վարչական արգելքները չվերցուին, արդարութենէն խօսիլ անհնար է։ Խաղաղ ապրելու երաշխիքը բազմալեզու հասարակութեան մէջ հաւասար իրաւունքներ ունենալն է։
Մինչեւ այսօր կիրարկուած միալեզու ձուլման քաղաքականութիւնները լեզուական բազմակարգութիւնը վտանգ մը ներկայացուցին, որ պէտք է վերացուէր։ Սակայն երբ լեզու մը լռէ, իր հետ կը տանի ոչ միայն իր բառերը, այլ իր ցաւերը, ուրախութիւնները, հեքիաթներն ու աշխարհին ձգած հետքերը։
Լեզուն միայն հաղորդակցութեան գործիք չէ. այն ինքնութեան, յիշողութեան եւ հասարակական յարաբերութիւններու ամենէն հիմնական տարրն է։
Լեզուն միայն մշակոյթի կրողն չէ. ան պատմականօրէն ժխտուած ինքնութիւններու, ճնշուած գոյատեւման ձեւերու, լռեցուած ձայներու արտայայտութեան տարածք է։
Մեր մայրենի լեզուներուն կրթութենէ մամուլ, արուեստէ մշակոյթ, փողոցէ պաշտօնական հաստատութիւններ բոլոր հրապարակային տարածքներու մէջ ազատօրէն գոյութիւն ունենալը հաւասար եւ արժանաւոր կեանքի անբաժանելի պայմանն է։
Կրթութեան եւ մշակոյթի քաղաքականութիւնները պէտք է որոշուին այն սկզբունքով, թէ բոլոր լեզուները մեր համատեղ արժէքն են։ Մանուկներուն իրենց մայրենի լեզուներով մտածելու, երազելու եւ նախակրթարանէն համալսարան բոլոր աստիճաններուն մէջ մայրենի լեզուով կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւն տուող քաղաքական եւ հասարակական կառոյցը կերտելը մեր բոլորին ուշացած պարտականութիւնն է։
Մեր լեզուները կենդանի պահելը, զարգացնելը եւ հրապարակային ծառայութիւններու մէջ հաւասար, մատչելի եւ տեսանելի կերպով տեղ գրաւելը պետութեան եւ բոլոր հրապարակային հաստատութիւններուն անհրաժեշտ քայլերը առնելը շնորհք չէ, պատմական պարտաւորութիւն է։ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Մանկան Իրաւունքներու Համաձայնագրին 17, 29 եւ 30-րդ յօդուածներուն վերաբերող ամրագրուած վերապահութիւններու վերացումը եւ այս Համաձայնագրի շրջագծին մէջ պարտականութիւններու իրականացումը այս պատմական պարտաւորութեան պարզ եւ առաջնահերթ պահանջն է։
Լեզուական Իրաւունքներու Հսկողութեան, Փաստաթղթաւորման եւ Հաղորդագրութեան Ցանցի (DHİBRA) բաղադրիչներ ըլլալով՝ կը կրկնենք մեր բոլոր մայրենի լեզուներուն պաշտպանութեան, կենդանի պահելու եւ վերակենդանացնելու կոչը։
Բոլոր ժողովուրդներու Համաշխարհային Մայրենի Լեզուի Օրը շնորհաւոր ըլլայ։
Մեր Առաջնահերթ Պահանջները:
Նախ եւ առաջ, Միացեալ Ազգերու Մանկական Իրաւունքներու Համաձայնագրի վրայ դրուած վերապահումները անմիջապէս պէտք է վերցուին։
- Սահմանադրութեան 42-րդ յօդուածը առաջնահերթութեամբ ներառելով, թրքերէնէն զատ լեզուներով կրթութիւնը արգիլող կամ գործնականօրէն խոչընդոտող բոլոր օրինական կարգաւորումները պէտք է վերցուին։
- Թրքերէնէն զատ լեզուներու զարգացման աջակցելու նպատակով, մայրենի լեզուով կրթութեան, գիտական արտադրութեան եւ արուեստային գործունէութեան համար պետական պիւտճէէն կանոնաւոր միջոցներ պէտք է յատկացուին։
- Թրքերէնէն զատ մայրենի լեզուներու գոյատեւումը եւ վերակենդանացումը ապահովելու համար բաւարար չըլլալով հանդերձ՝ հասարակական-քաղաքական ընդունելութեան եւ զարգացման համատեքստին մէջ կարեւոր նուաճում հանդիսացող ներկայ «Կենդանի Լեզուներ եւ Բարբառներ» ընտրովի դասընթացներուն արդիւնաւէտ եւ կայուն կերպով կիրարկումին առջեւ եղած վարչական եւ պիւրոքրաթական խոչընդոտները պէտք է վերցուին։
DHİBRA, 2019 թուականին հիմնուած է գիտնականներու, իրաւաբաններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ։ Կը պաշտպանէ լեզուական բազմազանութիւնը։ Այս բնագաւառին գործող անձանց եւ կազմակերպութիւններուն կողմէ կազմուած անկախ միութեան ցանց մըն է։
DHİBRA-ն նպատակ ունի Թուրքիոյ մէջ լեզուական իրաւունքներուն հետեւիլ իրենց իրաւաբանական, ընկերային եւ տնտեսական սահմանումներով, փաստաթղթաւորել եւ հաշուետուութիւն ներկայացնել խախտումներու մասին, ինչպէս նաեւ լուծման առաջարկներ մշակել։
Ցանցը կը պաշտպանէ բոլոր լեզուներու հաւասարութիւնը, կը մերժէ լեզուներու միջեւ աստիճանակարգը եւ կը ճանչնայ մայրենի լեզուի իրաւունքը՝ որպէս անքակտելի մարդկային իրաւունք։
Այս ուղղութեամբ DHİBRA-ն հետազօտութիւններ կ’իրականացնէ լեզուական իրաւունքներու ոլորտին, հաշուետւութիւններ կը հրատարակէ եւ ամէն տարի Փետրուար 21-ին՝ Մայրենի Լեզուի Համաշխարհային Օրը, բազմալեզու հռչակագրերով իրազեկութիւն կը ստեղծէ։
2026-ի հռչակագիրը թարգմանուած է 26 լեզոներու, որ ստորագրած են 165 հասարակական կազմակերպութիւններ։
Մինչ այդ զանազան քաղաքներու մէջ կազմակերպուած են ասուլիսներ, որոնց հայրենի առումով իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Բագրատ Էսդուգեան, Սեւան Աթաօղլու, Մահիր Էօզքան, Եփրատ Մերճան։




Leave a Reply