Տիգրիս Թաշքըրան յիշատակուեցաւ Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի մէջ

10 Փետրուար 2026 երեքշաբթի, Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ յայտագիր մը՝ ի յիշատակ վարժարանի վաստակաշատ ուսուցիչներէն Տիգրիս Թաշքըրանի մահուան քառասնից լրման առթիւ։

10 Փետրուար 2026 երեքշաբթի, Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ յայտագիր մը՝ ի յիշատակ վարժարանի վաստակաշատ ուսուցիչներէն Տիգրիս Թաշքըրանի մահուան քառասնից լրման առթիւ։ Ոգեկոչման ձեռնարկի ընթացքին սարքուեցաւ հոգեճաշ։

Յայտագրին ներկայ գտնուեցան Տիգրիս Թաշքըրանի ընտանիքը, գործընկերները, աշակերտները, խնամակալութեան անդամները եւ սանուց միութեան ներկայացուցիչները։ Հոգեճաշէն ետք, տեղի ունեցաւ իր անունը կրող «Տիգրիս Թաշքըրան Կենսաբանութեան Աշխատանոց»ին բացումը։

Յուզումնալից պահերով լեցուն հանդիսութեան ընթացքին, անգամ մը եւս շեշտուեցաւ Տիգրիս Թաշքըրանի նուիրումը իր ասպարէզին եւ այն արժէքները, զորս ան ընծայած էր կրթական կեանքին։

Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի ընտանիքը յայտնեց, որ պիտի շարունակէ վառ պահել Տիգրիս Թաշքըրանի բարի յիշատակը եւ զայն փոխանցել գալիք սերունդներուն։

https://www.agos.com.tr/am/news/dikris-tashkiran-hishadagvwytsaw-svwrp-khach-tbryvanki-meche-39460

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2026
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728  

Արխիւ