Երկհատուածանի տօն է Բարեկենդանը։ Ունի սկիզբ, որ կը նախորդէ Վարդանանցին եւ ապա կը հասնի Բուն Բարեկենդանը, որուն պիտի յաջորդէ եօթշաբաթեայ զրկանքներու շրջանը, մինչեւ հասնինք Սուրբ Զատկի տաղաւարին։
Երկհատուածանի տօն է Բարեկենդանը։ Ունի սկիզբ, որ կը նախորդէ Վարդանանցին եւ ապա կը հասնի Բուն Բարեկենդանը, որուն պիտի յաջորդէ եօթշաբաթեայ զրկանքներու շրջանը, մինչեւ հասնինք Սուրբ Զատկի տաղաւարին։
Բարեկենդանի ուրախութիւնը ընդհանրապէս սեղմուած է դպրոցական հանդէսներու սահմանումով։ Մեր աշխատակից Պերճ Արապեան այս առթիւ այցելեց Գարակէօզեան Վարժարանը, ուր մանուկներ ծպտեալ տարազներով կը մասնակցին ուրախութիւններու։ Հետզհետէ զարմանալի ըլլալէ դադրած է եւ ծիծաղի նիւթ դարձած սոց ցանցերու Բարեկենդանն ալ թրքացնելու պնդումները։ Արդարեւ կը հանդիպինք «Բանկնդըք» կոչումով այլանդակութիւններու, որոնք իբրեւ թէ կը վերագրուին Կեդրոնական Ասիոյ թրքական աւանդոյթներու։
https://www.agos.com.tr/am/news/sa-archei-parygyntann-e-39459




Leave a Reply