Յիշողութիւնը ջնջելու դիւանագիտութիւնը- Ծիծեռնակաբերդէն Պաքու` յիշողութեան վաճառքը

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի. Վենսի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելութիւնը, այս մասին անոր  կատարած  գրառումին քանի մը ժամ ետք ջնջուիլը պարզ դիւանագիտական սայթաքում մը չէր: Անիկա քաղաքական «ժեստ» էր` կանխամտածուած, չափուած եւ վերանայուած այլ մայրաքաղաքներու կամքին համեմատ:

Սկզբնապէս` «Ցեղասպանութեան նահատակներուն» յիշատակին գրառում, ապա քանի մը ժամ ետք` բառերու մաքրագործում, «Genocide» բառին անհետացում եւ անոր փոխարէն` անորոշ ձեւակերպում մը` «Շատ սարսափելի բան մը պատահեցաւ աւելի քան 100 տարի առաջ»: Ահա՛ ժամանակակից դիւանագիտութեան բառարանային սրբագրութիւնը. ոճային ուղղումի քողին տակ` պատմութեան էութենէն հրաժարում:

Երբ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը կը յայտնէ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը հայերուն համար «մշակութային առումով կարեւոր» եղելութիւն մըն է, աւելի քան լեզուական սխալ մը կ՛ընէ: Վենս կը նսեմացնէ միջազգային իրաւունքի սահմանումներուն տակ ամրագրուած ոճիրը եւ զայն կը վերածէ յուշագրական արարողութեան, մշակութային ինքնութեան տարրի, կարծէք` խօսքը հին աւանդութեան կամ ծէսի մը մասին ըլլար:

Ցեղասպանութիւնը «մշակութային հարց» չէ. ան մարդկութեան դէմ ոճիր է, որուն ճանաչումը քաղաքական եւ իրաւական հետեւանքներ ունի:

Եւ ահա այստեղ է խնդրոյ բուն հանգոյցը:

Վենսի այցելութեան ամբողջ տրամաբանութիւնը, ինչպէս անոր Պաքուի յայտարարութիւնները կը վկայեն, ուղղուած էր տարածաշրջանին մէջ «խորհրդային սահմաններու» օրինականացման: Արցախը չյիշատակուեցաւ: Նախիջեւանը լուռ շրջանցուեցաւ: Արեւմտահայաստանի հարցը գոյութիւն չունեցաւ: Ան հպարտութեամբ յայտարարեց, թէ առաջինն էր, որ կը  սաւառնէր Թրամփի «Ազրպէյճանի երկու մասերը կապող» մայրուղիին վրայով: Այսինքն աշխարհաքաղաքական քարտէսը արդէն գծուած է, եւ հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքները տեղ չունին  անոր մէջ:

«Genocide» բառին ջնջումը պատահական չէր: Ան քաղաքական ու իրաւական բեռ մըն է, ներառեալ`  Հայաստանի իշխանութիւններուն համար: Ան կը բանայ  հատուցման, պատասխանատուութեան, պահանջատիրութեան դռները: Ան կը յիշեցնէ, որ պատմութիւնը փակուած էջ մը չէ:

Ուաշինկթընը, իր երկերեսանի բարոյախօսութեամբ, մէկ կողմէ կը խօսի մարդկային իրաւունքներու մասին, իսկ միւս կողմէ, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի զգայնութիւնները հաշուի առնելով, կը նահանջէ   մարդկային  ողբերգութիւն խորհրդանշող բառի մը դիմաց:

Սակայն  աւելի մտահոգիչը  Հայաստանի իշխանութիւններուն լռութիւնն է:

Երբ օտար բարձրաստիճան պաշտօնեան կը նսեմացնէ Ցեղասպանութեան քաղաքական բնոյթը, եւ Երեւան լուռ կը մնայ, այդ լռութիւնը կը դառնայ համակրանքի ձեւ: Երբ արտաքին ուժեր կը փորձեն պատմութիւնը սահմանափակել «խորհրդային սահմաններու» շրջանակին մէջ, եւ իշխանութիւնները չեն հակադարձեր, այդ լռութիւնը կը վերածուի համաձայնութեան:

8 օգոստոս 2025-ին, Ուաշինկթընի մէջ նախաստորագրուած հայ-ազրպէյճանական փաստաթուղթին վերջնական ստորագրութիւնը, եթէ իրականացուի այս տրամաբանութեամբ, կրնայ դառնալ ոչ միայն տարածքային, այլ նաեւ պատմական հրաժարականի քայլ: Արցախի, Նախիջեւանի, Կարսի, Արարատի նկատմամբ ազգային իրաւունքներու հարցը դուրս կը դրուի  բոլոր  օրակարգերէն` «իրատեսութեան» անունով:

Բայց հայ  ժողովուրդին  յիշողութիւնը չի ջնջուիր դիւանագիտական խմբագրումներով:

Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակը մշակութային զարդ չէ: Ան վկայութիւն է: Ան մեղադրանք է: Ան պահանջ է:

Երբ մեծ տէրութիւն մը կը փորձէ բառ մը ջնջել, ան չի կրնար ջնջեր պատմութիւնը. ան կը բացայայտէ իր քաղաքական հաշուարկները: Երբ իշխանութիւն մը կը լռէ, ինքնաբերաբար   կը թուլացնէ  տուեալ պետութեան բարոյական ողնաշարը:

Հայոց ցեղասպանութիւնը «մշակութային կարեւորութիւն» չէ: Ան արդարութեան հարց է: Ան միջազգային իրաւունքի հարց է: Ան ազգային արժանապատուութեան հարց է:

Ո՛վ որ կը փորձէ զայն անորոշ «սարսափելի դէպքի» մը վերածել, կը մասնակցի   համամարդկային եւ  ազգային յիշողութեան դէմ լուռ դաւադրութեան:

Վերջաւորութեան, անգամ մը եւս  անմար կրակին առջեւ սառած խղճմտանքներու ցուցադրութեան ականատեսը  դարձանք…www.aztagdaily.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2026
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728  

Արխիւ