Արցախի ժողովուրդի հաւաքական հայրենադարձութեան եւ հիմնարար այլ իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնախումբի աշխատանքները համակարգող, ՀՀ արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանի կը գրէ՝
«2026 թուականի Յունիս 7-ին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները պիտի մասնակցին խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որոնք գործնականօրէն պիտի որոշեն երկրի ղեկավարութիւնը յառաջիկայ հինգ տարիներուն համար։
Սակայն առաջին քուէաթերթիկը տուփին մէջ նետուելէ շատ առաջ իսկ սկսած է «քուէարկել» այլ ընտրազանգուած մը՝ հաւաքական Արեւմուտքը, Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը։ Այլ խօսքով՝ «իրական Հայաստանի» բնակիչները։ Անոնց նախընտրութիւնները բացայայտ, համակարգուած եւ գործարքային բնոյթ կը կրեն։
ԱՄՆ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսի հրապարակային աջակցութիւնը Նիկոլ Փաշինեանին կը նշանաւորէ արդէն իսկ ակնկալուած եւ կանխատեսելի յաջորդականութեան մը սկիզբը։ Մայիսին եւրոպական առաջնորդներ պիտի ժամանեն Երեւան՝ նմանատիպ հաւանութեան ուղերձներով։
Անգարան, ամէնայն հաւանականութեամբ, պիտի հետեւի խորհրդանշական քայլերով՝ Թուրքիա-Հայաստան սահմանի մասնակի բացումով։ Իսկ Պաքուն կրնայ ազատ արձակել որոշ հայ պատանդներ եւ ստորագրել խաղաղութեան համաձայնագիր մը, զոր պիտի չվաւերացնէ, քանի դեռ իր բոլոր պահանջները չեն կատարուած։
Իւրաքանչիւր նման ժեստ ունի իր գինը, եւ այդ գինը պիտի վճարէ Հայաստանը։
Արեւմտեան մայրաքաղաքներուն համար գերակայ նպատակը ռազմավարական է՝ նուազեցնել Ռուսաստանի դերը Հարաւային Կովկասի մէջ՝ անկախ այն հանգամանքէն, թէ Հայաստանի համար գոյութիւն ունին արդեօք կենսունակ անվտանգային այլընտրանքներ։
Թուրքիոյ շահը նոյնպէս յստակ է՝ ապահովել անխոչընդոտ միջանցք մը, որ պիտի միացնէ Անատոլիան Կեդրոնական Ասիոյ թրքական աշխարհին։
Ատրպէյճանի նպատակները ամէնէն առարկայականն են՝ ամրապնդուիլ Սիւնիքի մէջ, երաշխաւորել անխափան կապ դէպի Նախիջեւան եւ ամրագրել Արցախի ցեղային զտման աշխարհաքաղաքական հետեւանքները։
Գործող իշխանութեան վերարտադրութիւնը առանցքային նշանակութիւն ունի այս երեք օրակարգերուն համար։
Ատրպէյճանը նաեւ կրնայ հիմնաւոր ակնկալութիւն ունենալ նոր տարածքային զիջումներու, Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան եւ ատրպէյճանցիներու աստիճանական, սողացող ներկայութեան Հայաստանի մէջ։ Այս բոլորը լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններ չեն պահանջեր։ Անոնք հիմնուած են կառաւարելի դիւանագիտութեան, միջազգային ծափահարութիւններու եւ Երեւանի մէջ հնազանդ գործընկեր մը ունենալու վրայ։
Մօտալուտ ընտրութիւններուն առանձնայատուկ վտանը այն չէ, որ արտաքին ուժերը շահեր ունին Հայաստանի մէջ․ այդ միշտ ալ եղած է։ Վտանգը այն է, որ Հայաստանը կը դիտարկուի ոչ թէ որպէս ինքնիշխան պետութիւն, այլ որպէս կառաւարելի քաղաքական տարածք մը, ուր ընտրութիւնները կը ծառայեն ոչ թէ իրական ընտրութեան, այլ արդէն իսկ ընդունուած որոշումներու ձեւական հաստատման»։




Leave a Reply