Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»ի յանձնախումբին առցանց նիստը կայացաւ երեքշաբթի, 10 փետրուար 2026-ին, Պէյրութի ժամով 19:00-ին, նախագահութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին։
Հայրապետը նախ պարզեց Հիմնադրամի ժողովական կեանքի առկախման պատճառները՝ կապուած Լիբանանի տնտեսական եւ յատկապէս դրամատնային կացութեան հետ։ Այնուհետեւ վերահաստատուեցաւ յանձնախումբի կազմը.- Երուանդ Փամպուքեան (ատենապետ), փրոֆ․ Աշոտ Մելքոնեան, Շահան Գանտահարեան, Կիրօ Մանոյեան, դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան եւ Խաչիկ Տէտէեան։ Յանձնախումբին քարտուղարութեան պաշտօնը պիտի կատարէ Ահարոն Շխրտըմեան։
Ժողովը գնահատանքով հաստատեց, որ հակառակ ներկայացուած պատճառներով եղած առկախումին, Կաթողիկոսարանի «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»ին կողմէ լոյս տեսած է չորս գիրք.- ա) Օսքար Լոփէզ Կոլտարասենայի «Հայկական մշակութային ցեղասպանութիւն» (Armenian Cultural Genocide) (թիւ 17), բ) «Արցախի դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը» (թիւ 18) գիտաժողովի նիւթերու հաւաքածոն, գ) դոկտ. Հուտա Ֆահըսի «Հայերու Եւ Թուրքերու Միջեւ Ինքնութեան Հակամարտութիւնը 1895-1915» (صـراع الهويّة بين الأرمن والأتراك (١٨٩٥-١٩١٨)) (թիւ 19) եւ դ) Թաուասիլ Ալ-Մուքպըլի «Բրիտանիոյ քաղաքականութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան գծով» (سياسة بريطانيا تجاه الإبادة الأرمنية) (թիւ 20)։
Ժողովը արձանագրեց, թէ ուշագրաւ են յանձնախումբին եկած դիմումները Սէուտական Արաբիայէն եւ Լիբանանէն արաբ գիտաշխատողներու եւ դոկտորականի թեկնածուներու, որոնց գիտաշխատութիւնները կը վերաբերէին հայկական հարցերուն։
Ժողովը նաեւ քննեց յանձնախումբին տրամադրութեան տակ գտնուող ուսումնասիրութիւնները հրատարակելու հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ որոշեց ժամկէտ՝ 2026 Մայիսի աւարտը, որպէսզի հրատարակութեան դիմումներ ներկայացուին յանձնախումբին։
Գիտական աշխատասիրութիւններ յանձնախումբին ներկայացնելու համար կարելի է դիմել հետեւեալ հասցէներուն.-
www.aztagdaily.com




Leave a Reply