Քեսապի գիւղերը` կիլիկեան աշխարհի վերապրող վկաները
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Քեսապի հայութիւնը, հայկական հոծ շրջաններէ հեռու, մեկուսացած եւ այլազգի գիւղերով շրջապատուած, ապրած էր իր դարաւոր տոհմիկ աւանդութիւններով ու բարքերով եւ ամրօրէն կառչած` հայ եկեղեցւոյ նուիրական սրբութիւններուն:
Գաւառի հայութեան հոգեւոր կեդրոնը Քեսապ աւանի հնամենի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին է: Եկեղեցւոյ կողքին երիցատունն է:
Եկեղեցւոյ քահանաներէն յիշուած են (հերթականութիւնը թէական է) Տէր Սահակ Հաճի Պետրոսեան, Տէր Յարութիւն Հաճի Պետրոսեան, Տէր Եսայի Առնաւուտեան, Տէր Յակոբ Հաճի Պետրոսեան, Տէր Յովհաննէս Ադամեան, Տէր Կարապետ Սահակեան (վախճանած 1822-ին), Տէր Մովսէս Կարպուշեան եւ Տէր Մարկոս Մարկոսեան (որ յետոյ բողոքական եղաւ):
Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ խուցին մէջ 1848-ին դպրոց բացուեցաւ եւ արաբկիրցի Յակոբ վարժապետ առաջին դաստիարակը եղաւ:
Երուսաղէմի միաբան, Լաթաքիոյ հոգեւոր տեսուչ Զաքարիա վարդապետ Զմիւռնիացի կը յիշէ, որ ԺԹ. դարու կիսուն Քեսապ աւանը ունէր երեք հարիւր տուն հայ բնակչութիւն, իսկ շրջակայ ագարակները (գիւղերը)` իւրաքանչիւրը յիսունէն հինգ կամ երեք տուն բնակչութիւն:
Իբրեւ այցելու հովիւ 1854-ին Քեսապ ուղարկուեցաւ Տէր Գէորգ քահանայ Տէր Յարութիւնեան:
Կիրակոս Բ. Աջապահեան կաթողիկոսին օրով, 1864-ին Քեսապ ուղարկուեցաւ Եփրեմ ծայրագոյն վարդապետ:
Գալատուրան գիւղէն Տէր Ստեփան քահանայ Գապագեան 1866-ին փոխարինեց Տէր Գէորգ քահանայ Տէր Յարութիւնեանը:
Քեսապի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին 1880-ին հիմնովին նորոգուեցաւ եւ երեք խորաններով օժտուեցաւ:
Մկրտիչ Ա. կաթողիկոս Քէֆսիզեան 1890-ին Քեսապ այցելեց եւ երկու քահանայացուներ ընտրեց: Տէր Պետրոս քահանայ Փապուճեան ստանձնեց Գալատուրանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ, իսկ Տէր Պօղոս քահանայ Աթիկեան` Քեսապի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հովուութիւնը:
Նոյն ժամանակ, իբրեւ հոգեւոր հովիւ Հալէպի առաջնորդարանէն Քեսապ ուղարկուեցաւ Տէր Խաչատուր քահանայ Պօղիկեան:
Քահանաները Սուրբ Պատարագէն առաջ եկեղեցւոյ խուցը կը քնանային, ընտանիքէն կ՛առանձնանային եւ ծոմ կը պահէին:

Գալատուրանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ ծուխ էին նաեւ պաշորտցիները եւ պաղճաղազցիները: Կիրակի եւ տօնական օրերուն անոնք լեռնային երկար ճամբայ կտրելով Գալատուրան կու գային Սուրբ Պատարագին հաղորդակից դառնալու: Աւանդութիւն էր, գալատուրանցի ամէն ընտանիք պատիւ եւ պարտականութիւն կը նկատէր կէսօրին անոնցմէ մէկն ու մէկը հիւրընկալելու:
Քեսապի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ խուցին մէջ 1848-ին բացուած դպրոցը ժամանակ մը ետք փակուած էր: 1882-ին դպրոցը վերաբացուեցաւ եւ այնուհետեւ շարունակական կերպով գործեց մէկ ուսուցիչով: Դպրոցը 1907-ին դարձաւ երկսեռ: Քիլիսցի ուսուցիչ Սմբատ Ղազէլեանի ջանքերով Պոլսոյ Միացեալ ընկերութիւնը 1909-էն սկսեալ ստանձնեց դպրոցին հովանաւորութիւնը:
Սահակ Բ. կաթողիկոս Խապայեան 1909-ին Քեսապ այցելեց եւ եկեղեցւոյ բակին մէջ հիմը դրաւ նոր դպրոցի շինութեան: Դպրոցը ի պատիւ Սահակ կաթողիկոսին կոչուեցաւ Սահակեան:
* * *
Ամերիկացի բողոքական քարոզիչներ 1840-ական տարիներուն Քեսապ թափանցելով սկսան հայատառ թրքերէն Նոր Կտակարաններ բաժնել եւ խումբ մը երիտասարդներ իրենց շուրջ համախմբեցին: Այդ երիտասարդները գիշերները կարգով մէկուն տունը հաւաքուելով Սուրբ Գիրքի սերտողութիւններ կը կատարէին:
Սուրբ Գիրքի սերտողութիւններ կատարող խմբակին միացաւ Քեսապի հովիւ Տէր Մարկոս քահանայ Մարկոսեան:
Դուրսէն պարբերաբար եկող օտար քարոզիչները, որոնք ձիերով գիւղերը կը շրջէին, իրենց տարազով, կենցաղով եւ լեզուով գրաւիչ նորութիւններ էին գիւղացիներուն համար:
Քարոզիչները գլխաւորաբար Այնթապէն կու գային, շրջան մը կը մնային եւ նորերով կը փոխարինուէին: Անոնցմէ յիշուած են Շնայտըր, Լէտ, Փրէթ, Քոֆինկ, Մորկըն, Փաուըրս, Էտըմս եւ Վուտ: Միսիոնարուհիներէն յիշուած են միս Շաթըք (որ յետոյ Ուրֆա գնաց), միս Փրաքթըր, միս Սապըրզ եւ միս Չեմպըրզ:
Բողոքականութեան առաջին յարողներէն յիշուած են Շահպազ Կարապետ եւ որդին Մովսէս, Կարպուշենց Թումիկ, Ապտուլլահ Պապուկ, Մահշիկենց Յակոբ եւ Գէորգ, Էբիլենց (Աբէլենց) Պետիր, Արմուտ Պետրոս, Ինճեճիկենց Գաբիկ եւ Արթին, Չիւրիկենց երեք եղբայրները եւ Չագալենց Կարապետ:
Բողոքականներ կառավարութեան բարեացակամութիւնը ապահովեցին եւ 1853-ին ճանչցուեցան իբրեւ առանձին համայնք: Այնթապցի Աւետիս Փօլատեան 1856-ին ձեռնադրուեցաւ իբրեւ Քեսապի հովիւ:

Քեսապ աւանի կեդրոնական մասին մէջ 1859-1860-ին կառուցուեցաւ Հայ Աւետարանական եկեղեցին:
Բողոքականներ զարկ տուին կրթական գործին, եկեղեցոյ բակին մէջ դպրոց բացին եւ Այնթապէն ուսուցիչներ բերին: Մանչերու դպրոցի կողքին աղջկանց դպրոց բացուեցաւ: Մինչեւ այդ ժամանակ աղջիկներու համար գրել-կարդալ սորվիլը ամօթ կը նկատուէր: Ուսուցչուհիներէն յիշուած են Մեննուշ վարժուհին եւ պեհեսնիցի օրիորդ Մարիամ վարժուհի Առաքելեան:
Բողոքականները միաժամանակ նորադարձներուն օժանդակութիւններ կը տրամադրէին, խոստումներ կու տային եւ կը ներկայանային իբրեւ ժողովուրդի պաշտպան:
Բողոքականները ճանչցուեցան իբրեւ Քեսապի ամէնէն զարգացած դասակարգը: Քեսապ աւանի բնակչութեան մէկ կարեւոր համեմատութիւնը, Էքիզօլուք ամբողջութեամբ, Քէօրքիւնա մեծամասնութեամբ (բացի Չելէպեաններէն), Գալատուրանի Սաղտըճեանները եւ Վերի Պաղճաղազի Սարամազեանները բողոքական դարձան:
Կիլիկիոյ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան 1871-ի տարեկան համաժողովին, Ամերիկեան արտաքին առաքելութիւններու (Պորտ) խորհուրդին հետ քննարկուեցաւ Կիլիկիոյ մէջ քոլէճ հիմնելու գաղափարը:
Համայնքի մեծերը կը պատմէին, որ քննարկուած է Կիլիկիոյ մէջ բացուելիք քոլէճը Քեսապի մէջ հիմնել: Բայց, քեսապցի բողոքական համայնքէն քանի մը հեռատես անձեր ընդդիմացած են, այն համոզումով, որ Քեսապի մէջ նման քոլէճի մը կառուցումը, օտար քարոզիչներու, ուսուցիչներու եւ ուսանողներու մուտքը անխուսափելիօրէն կը խաթարեն գաւառին տոհմիկ բարքերն ու աւանդութիւնները:
Ամերիկեան Պորտը 1872-ին ընդունեց ծրագիրը եւ Կեդրոնական Թուրքիոյ քոլէճը 1876-ին բացուեցաւ Այնթապի մէջ:
Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան 1873-ի տարեկան համաժողովը գումարուեցաւ Քեսապի մէջ: 1874-ին քեսապցի Ստեփան Մաշիկեան պատուելի ձեռնադրուեցաւ:
Աւետարանական եկեղեցիներ կառուցուեցան Էքիզօլուքի, Քէօրքիւնայի եւ Գալատուրանի մէջ, իսկ Քեսապ աւանին կեդրոնը` Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին:
* * *

Հայ կաթողիկէ Անտոնեան միաբանութենէն Յովհան վարդապետ 1853-ին Քեսապ գալով Գէորգ Զըլլիկեանի տունը հիւր եղաւ եւ ձեռնարկեց նորադարձներու համայնք մը կազմելու աշխատանքին:
Ժողովուրդին օժանդակութիւններ տրամադրելով եւ խոստումներ տալով փոքրիկ համայնք մը կազմուեցաւ, որ 1857-ին կառավարութենէն ճանչցուեցաւ իբրեւ կաթոլիկ միլլէթ:
Նորադարձ համայնքը կ՛ընդգրկէր Քեսապ աւանէն քանի մը ընտանիք, Էսկիւրանէն Քիլաղպեաններուն մէկ մասը, Զինարճըգի Ճուրեանները, Գալատուրանի Տէր Յարութիւն քահանան եւ Գալեմտէրեաններուն մէկ մասը:
Յաջորդող տարիներուն, համայնքի հովիւներ եղան Անտոնեան միաբաններ Գաբրիէլ, Միքայէլ, Պօղոս, Անտոն, Կղեմէս, Մարկոս, Վրթանէս, Մկրտիչ եւ Թէոփիլէ վարդապետները, իսկ 1875-էն սկսեալ` բնիկ քեսապցի Նիկողայոս վարդապետ Պէօճէքեան:
Քեսապ աւանի արեւելեան թաղին մէջ, 1861-ին, Անտոնեան միաբանութեան կողմէ կառուցուեցաւ Անարատ յղութեան նուիրուած հայ կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին: Կաթողիկէ առաջին դպրոցը բացուեցաւ1864-ին:
Կղեմէս վարդապետ 1909-ին Զմմառէն գալով ստանձնեց համայնքին ժողովրդապետութիւնը:
* * *
Լատին Ֆրանչիսկեան միաբանութենէն Թերրա Սանթա (Սուրբ Տեղեաց) առաքելութեան իտալացի միաբաններ Քեսապ գալով քարոզչութեան եւ նորադարձներու համայնք կազմելու քայլերու ձեռնարկեցին:
Քեսապի լատին առաքելութիւնը 1900-ին ստանձնեց փատրէ Լուիճի: 1904-ին զայն փոխարինեց փատրէ Սապաթինօ Տէլ Կայծօ:
Փատրէ Սապաթինօ Տէլ Կայծօ Քեսապ հասնելէն ետք, նոյն տարին ձեռնարկեց վանքի կառուցման աշխատանքներուն: Հետագային, 1925-ին նոր եւ աւելի մեծ վանք կառուցուեցաւ:
Լատինաց վանքը, Քեսապ աւանի արեւելեան կողմը, բարձունքին, Սուրբ Միքայէլ եկեղեցիով, կառուցուեցաւ Պաշորտէն բերուած քարերով:
Մեր մեծերը կը պատմէին, որ վանքի կառուցման համար աշխատողներուն լաւ վարձատրութիւն եւ օժանդակութիւն խոստացուած էր, բայց միայն այն պայմանով, որ անոնք լատին պիտի դառնային: Գալատուրանէն Քեսապ ճամբայ ելած քանի մը երիտասարդներ, որոնք կ՛երթային լատիներուն մօտ աշխատանք գտնելու, երբ կ՛իմանան լատին դառնալու պայմանը, «մենք մեր հաւատքը չենք փոխեր» ըսելով ետ կը դառնան:
Լատիններ Վարի Պաղճաղազի մէջ եւս ձեռնարկեցին վանքի մը կառուցման:
Վարի Պաղճաղազի վանքը, Վերափոխման եկեղեցիով, ընդարձակ հողերով եւ ագարակով, ժողովուրդէն Մանասթըր անունով ճանչցուեցաւ:
Լատիններ Քեսապի եւ Վարի Պաղճաղազի վանքերուն մէջ դպրոցներ բացին եւ զարկ տուին յատկապէս ֆրանսերէն լեզուի ուսուցման:
Վարի Պաղճաղազի Մանասթըրի կառուցման նպատակը, մեր մեծերու պատմածին համաձայն, շրջակայ ալեւիները լատինացնելը եղած է:
Քեսապի եւ Վարի Պաղճաղազի վանքերը վանականներու եւ կրօնաւորուհիներու բաժանմունքներ եւ ծառայողներ ունեցած են: Մայրապետները աղջիկներուն ձեռագործ եւ տնային աշխատանքներ կը սորվեցնէին:
Հայր Սապաթինօ Տէլ Կայծօ, իր բարեհամբոյր եւ ժողովրդանուէր բնաւորութեամբ, սիրուած եւ յարգուած էր ժողովուրդէն:
Լատիններ 1946-ին հեռացան եւ Քեսապի լատին ու կաթողիկէ համայնքները միացան:
www.aztagdaily.com




Leave a Reply