Հինգշաբթի, փետրուար 19ին, Քրեսենթա հովիտի «Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» Երիտասարդական կեդրոնի Դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ դասախօսական ձեռնարկ մը՝ «Ուտը եւ հայ-ամերիկեան ինքնութիւնը» նիւթով։ Բանախօսն է՝ փաստաբան եւ երաժշտագէտ Անդրանիկ Քզիրեանը։ Դասախօսութիւնը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 7։30ին եւ կը կայանայ Քրեսենթա կեդրոնին սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 2633 Honolulu Ave., Montrose, CA 91020։
Ուտը, իբրեւ հնագոյն լարային երաժշտական գործիք, առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ հայ մշակութային յիշողութեան եւ ինքնութեան ձեւաւորման մէջ։ Դարեր շարունակ անիկա ապրած է հայկական տուներուն մէջ, հնչած է ընտանեկան ու համայնքային նշանակալի պահերուն՝ դառնալով ոչ միայն երաժշտական արտայայտութիւն, այլ նաեւ պատմական յիշողութեան, վշտի եւ պատկանելիութեան խոր զգացումի փոխանցման միջոց։
Այս դասախօսութիւնը կը վերլուծէ, թէ ինչպէս Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած հայ-ամերիկեան համայնքները, Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, կրցան պահպանել եւ վերահաստատել իրենց ազգային-մշակութային ինքնութիւնը հնչիւնին միջոցով՝ ուտը վերածելով սփիւռքեան գոյութեան սրբազան եւ առաջնորդող խորհրդանիշի։ Ուտը այս պարունակին մէջ կը դիտարկուի ոչ միայն իբրեւ երաժշտական գործիք, այլ իբրեւ մշակութային յիշողութեան կրող եւ վերապրումի ձայնային լեզու։
Ներկայացումը պիտի միաւորէ պատմական-մշակութային վերլուծութիւն, անձնական վկայութիւններ, արխիւային ձայնագրութիւններ եւ երաժշտական օրինակներ՝ ձեւաւորելով բազմաշերտ գիտական պատում մը, որ կը հրաւիրէ ունկնդիրները վերաիմաստաւորելու ուտի դերը իբրեւ վերապրածի ձայնային գործիք, արտահանելով այն հնչիւնը, որ օգնեց հայ ժողովուրդին յիշել իր անցեալ ինքնութիւնը, գիտակցիլ ներկայ գոյութեան իմաստին եւ ձեւաւորել ապագայի մշակութային ուղղութիւնները։
Անդրանիկ Քզիրեան կը նկատուի ուտի հայ-ամերիկեան աւանդութեան առաջատար ներկայացուցիչներէն մէկը։ Ան ուսանած է նշանաւոր վարպետներու մօտ եւ իր գործունէութիւնը կը միտի հայկական ուտի կատարողական, մանկավարժական եւ հետազօտական ժառանգութեան ճանաչելիութեան ընդլայնման՝ կատարումներու, դասաւանդման, գիտական ուսումնասիրութիւններու եւ հրապարակային դասախօսութիւններու միջոցով։
Իբրեւ բազմակողմանի կատարող եւ յօրինող՝ Քզիրեանը կը համադրէ ժողովրդական, դասական, ռոք եւ ճազ երաժշտութեան տարերը՝ վերաիմաստաւորելով աւանդական երաժշտական ձեւերը եւ ստեղծելով ժամանակակից, սակայն մշակութային խոր արմատներով ձայնային միջավայրեր։
Ֆիլատելֆիա ծնած Քզիրեան ներկայիս կը գործէ Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ, իբրեւ փաստաբան։ Ան ունի միջազգային յարաբերութիւններու աստիճան Փենսիլվանիայի համալսարանէն, իրաւագիտութեան աստիճան Վիլանովա համալսարանէն եւ միջազգային ելեւմուտքի ու դիւանագիտութեան մասնագիտացում Քոլումպիա համալսարանէն։
Ան նաեւ երկար տարիներ ներգրաւուած եղած է հայ-ամերիկեան հասարակական կեանքին մէջ՝ ծառայելով իբրեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն (2007–2009), ատենապետ (2011–2012) եւ քարտուղար (2024–2025)։
Դասախօսութիւնը պիտի եզրափակուի հարցում-պատասխանի բաժնով, որ մասնակիցներուն կը շնորհէ հնարաւորութիւն՝ խորացնելու քննարկումը:
Նայեւ դիտել YouTube հարթակին մէջ զետեղուած տեսանիւթ մը՝ «Լիբանանահայերը եւ Լիբանանի 2026ի խորհրդարանական ընտրութիւնները» նիւթով, որ ներկայացուց փաստաբան Ռուպէն Աւշարեանը, Քրեսենթայի նոյն կեդրոնին մէջ, Յունուար 29ին։
(Թղթակցութիւնը՝ կազմակերպիչներէն)




Leave a Reply