Հայ Դատը Օզի հակահայ յայտարարութեան նիւթերը կը պահանջէ կառավարութենէն

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը դիմեց Միացեալ Նահանգներու առողջապահութեան սպասարկութիւններ նախարարութեան եւ «Մետիքեր»ի ու «Մետիքէյտ»ի սպասարկութիւններու կեդրոններուն (CMS), պահանջելով CMS-ի վարիչ տոքթ. Մեհմետ Օզի կողմէ յունիս 27ին եւ 28ին կատարուած հակահայ յայտարարութիւններուն տեսանիւթերը եւ այն փաստերը, եթէ կան, որոնք հայերը ամբաստանելու հիմք հանդիսացած էին։

Նշենք, որ առանց փաստեր հրապարակելու, Օզ նաեւ հայերու պատկանող ձեռնարկութիւններ ամբաստանած էր մինչեւ 3․5 միլիառ տոլարի զեղծարարութիւններ իրականացնելու յանցանքով։

Հայ Դատը օրին դատապարտած էր Օզի հայատեաց յայտարարութիւնները, որոնց մէջ ան առողջապահական սպասարկութիւններու ոլորտի ենթադրեալ զեղծարարութիւնները կապած էր «ռուսահայ հրոսակախումբեր»ու, ինչպէս նաեւ հայ ինքնութիւնը ներկայացուցած էր իբրեւ յանցագործութեան ցուցանիշ:

Հայ Դատը նաեւ քաղաքացիական իրաւանց ոտնակոխումի բողոք ներկայացուց թրքածին պաշտօնատարին դէմ։

Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ եւս քաղաքացիական իրաւանց ոտնակոխումի բողոք ներկայացուց Օզի դէմ, իսկ ծերակուտական Էտըմ Շիֆ հետաքննութիւն պահանջեց այս գծով։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շեշտեց, թէ Օզ իր դիրքը անընդունելի կերպով կը շահագործէ ամբողջ համայնքին վարկը ոտնակոխելու համար եւ ամբաստանութեան ետին գտնուող «փաստեր»ը անյապաղ հրապարակելու կոչ ըրաւ իշխանութիւններուն։

https://asbarez.am/archives/497504

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2026
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728  

Արխիւ