Սոյն տարուայ Յունուար ամսուն վերջին օրն է։ Խումբ մը գրասէրներ մէկտեղուած են «Արաս»ի խմբագրատան մէջ։ Հրատարակչական անձնակազմէն խմբագիր Պեթիւլ Պաքըրճը հակիրճ կերպով նկարագրեց մէկտեղման միտք բանին։ «Կ՚ուզենք հակիրճ կերպով ներկայացնել նախորդ տարուայ ընթացքին մեր կողմէ հրատարակուած հայերէն գիրքերը»։
Սոյն տարուայ Յունուար ամսուն վերջին օրն է։ Խումբ մը գրասէրներ մէկտեղուած են «Արաս»ի խմբագրատան մէջ։ Հրատարակչական անձնակազմէն խմբագիր Պեթիւլ Պաքըրճը հակիրճ կերպով նկարագրեց մէկտեղման միտք բանին։ «Կ՚ուզենք հակիրճ կերպով ներկայացնել նախորդ տարուայ ընթացքին մեր կողմէ հրատարակուած հայերէն գիրքերը»։
Ապա դարձեալ «Արաս»ի անձնակազմէն Վահագն Քէշիշեան մի առ մի թուեց այդ հրատարակութիւնները։ Ան նախ կանգ առաւ նորագոյն հրատարակութեան վրայ, որն էր Անի Կարմիրեանի հեղինակած «Կախարդական Ցուցափեղկը»։ Մանկապատում մըն էր այս, որ գեղեցկօրէն նկարազարդուած էր Մարալ Քերովբեանի կողմէ։
Յետոյ ծանօթացուեցաւ Մհեր Պեքարեանի հեղինակած «Կարմլիկը», որ ժողովրդական հեքեաթներու բնոյթով շարադրուած ստեղծագործութիւն մըն է, կարմրախայտ ձուկի մը դէպի իր ակունքները երկարող ճամբորդութեան եւ հանդիպած արկածախնդրութիւններու նիւթով։ Այս գործն ալ կը վայելէ Էսմէ Մատրայի նկարազարդումները։
Յաջորդող գիրքը եղաւ Արամ Հայկազի «Տղու Հոգին» անուն ստեղծագործութիւնը։ Այս գիրքը կոչուած է ամէն ընթերցողի համար հաճելի ապրումներ պարգեւելու, քանի որ անոր էջերուն մէջ կը հանդիպինք թէ ծիծաղ եւ թէ յուզում յառաջացնող պատումներու։ Մի այլ նմոյշ է Սոնա Տէր Մարգարեան Թնկըրեանի «Քարէ Պուպրիկը», որ ընթերցողը կը տանի 1940-ական տարեթիւերու Պոլսոյ կերպարներուն, առօրեայ հետքերուն եւ ապրումներուն ականատես ըլլալու։
Շարքը կը շարունակուի Անահիտ Սարգսեանի «Հանգուցուած Թելեր» գործով։
Վրայ կը հասնի Գրիգոր Պլտեանի քերթողական եւ մտածողական բնոյթով արձակ գրութիւններու հաւաքածոյի, ուր խտացած են յիշողութեան, ներկայութեան, մարմնի ու լեզուի շուրջ խորհրդածութիւններ։ «Ընդառաջում» խորագրեալ գիրքը կը բաղկանայ չորս բաժիններէ ու ընթերցողը կը մխրճէ լեզուի երաժշտականութեամբ հարուստ մթնոլորտի մը մէջ, ուր երեւոյթները կ՚անցնին ներշնչանքի ու տարակոյսի ընդմէջէն՝ յառաջացնելով զարմանքի, օտարութեան ու հարազատութեան փորձառութիւն մը։
Վահագն Քէշիշեան իբրեւ 2025-ի հայերէն հրատարակութիւններու վերջին օրինակ ներկայացուց Մարկ Նշանեանի «Գեղագիտական Ազգայնականութիւն» անուն ուսումնասիրութիւնը։
Գիրքերու այս տողանցումէն ետք հրատարակչատան անձնակազմէն Սելին Թովմասեան եւ Մազլում Սուպաշը թուային համեմատութիւններով ներկայացուցին «Արաս»ի հայերէն գիրքերու տարողութիւնը ընդհանուր տպագրութիւններու մէջ։ Անոնք նաեւ անդրադարձան այս աշխատութիւններու հայ վարժարաններէ ներս արժանացած ուշադրութեան։
Նոյն նիւթը շարունակեցին նաեւ երկու ուսուցչուհիներ Նատին Պերպերեան եւ Մելիսա Ֆերահեան։
Ապա Բագրատ Էսդուգեան հակիրճ նկարագրեց «Արաս»ի հիմնադրութեան շրջանի նախափորձերը, օրինակ բերելով վաստակաւոր ուսուցիչ Վահրամ Պուրմայեանի «Դպրոցը իր հոգիով» եւ ապա «Հէք թուղթի կտորներ» անուն գիրքերէն։
Օրուայ վերջին զեկուցողը եղաւ Մհեր Պեքարեան, որ անդրադարձաւ «Կարմլիկ» անուն պատումին ստեղծման պայմաններուն։ Ան նշեց թէ դէպի ակունքները ճամբորդող Կարմլիկի կերպարին մէջ իրականին ինքզինք նկարագրած է։ «Ես ալ Կարմլիկի նման իմ ակունքները որոնող ճամբորդութեան մը հետեւանքով հոս եմ, ձեզի հետ եւ կը պատմեմ իմ անցած ճանապարհը, որպէս համշէնցի, հետզհետէ համշէնահայ»։
Շուրջ երկու ժամ տեւող միջոցառումէն ետք ներկաներ առիթը ունեցան Մհեր Պեքարեանի կամ ալ պաշտօնական անունով Մահիր Էօզքանի մակագրել տալու «Կարմլիկ»ի օրինակները։
https://www.agos.com.tr/am/news/oragarki-niwtn-er-arasi-hahyren-hvwntzki-39391




Leave a Reply