Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեցեղւոյ հիմնադրամը փաստաթուղթերով կը խօսի հիմնարկապատկան շինութեան դատական գործընթացի մասին

Թաղային Խորհուրդի Ատենապետը կը հերքէ մեղադրանքները – կը ներկայացնէ շինութեան, վարձակալութեան ու դատական գործընթացի ամբողջական ժամանակագրութիւնը։

….

Երկու օրէ ի վեր համայնքի մէջ լայն արձագանգ գտած է դատական այն գործընթացը որ կ’ընթանայ Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ հիմնադրամին պատկանող եւ «Փափազ էվլէրի» անունով ճանչցուած կառոյցին շուրջ։ Հիմնադրամը տարիներ առաջ այդ տուները վերակառուցելու եւ յետոյ զայն բանեցնելու մասին համաձայնագիր մը ստորագրած էր «Զելա» ոսկերչատան սեփականատէր Նորայր Իշլէրի հետ։ Իշլէր վարձած էր շինութիւնը՝ զայն վերանորոգելու ու որպէս պանդոկ բանեցնելու պայմանով։ Շինութիւնը կատարուած էր, սակայն Թաղային Խորհուրդը, վարձավճարներու կրկնակի ուշացումներու պատճառաբանութեամբ, դատական ճամբով հասած էր վտարման որոշման։ Իշլէր եւս իր իրաւունքներու պաշտպանութեան համար դիմած էր դատարան, պահանջելով իր կատարած ծախսերու վերադարձը։

Տեղական ու վերքննիչ ատեաններու վճիռները արձակուած էին ի նպաստ Նորայր Իշլէրի։ Թաղային Խորհուրդը դատական գործընթացը տեղափոխած էր Վճռաբեկ Ատեան, որ շուրջ երկու ամիս առաջ՝ Դեկտեմբեր 2025ին հաստատեց դատական ստորին ատեաններու վճիռները եւ այսպէս դատերը վերջացան ի նպաստ «Զելա» ոսկերչատան սեփականատէր Նորայր Իշլէրի։

Վճիռը հրապարակուեցաւ Վճռաբեկ ատեանի պաշտօնական կայքէջին վրայ։ Նշուեցաւ որ վարձակալութեան պայմանագրի կէտերով սահմանուած է հետեւեալը. վարձակալութեան ժամկէտը որեւէ պատճառով վաղաժամկէտ վերջանալու պարագային, շինութեան վերանորոգութեան, փոփոխութիւններու եւ ներդրումներէն գոյանալիք եկամուտի բոլոր ծախսերը պէտք է վճարուին վարձակալին (իմա՝ Նորայր Իշլէրին)։ Միաժամանակ վճռին մէջ հաստատուեցաւ որ ստորին ատեաններու վճիռներուն մէջ որեւէ սխալ կամ հակասութիւն չկայ։

Հիմա, այս զարգացումներուն դիմաց, զանազան հարթակներուն վրայ շրջանառութեան դրուած են մեղադրանքներով լեցուն լուրեր եւ մեկնաբանութիւններ, որոնց պատասխանելու նպատակով, Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ մեր թերթին։ Ատենապետը խօսելով Հրատարակութեան Տնօրէն Արի Հատտէճեանի հետ, ներկայացուց իրադարձութիւններու ամբողջ գնացքը, շինարարական ու վարձակալական փաստերը, ինչպէս նաեւ դատական փուլերու մասին տեղեկութիւնները, զանոնք հիմնաւորելով փաստաթուղթերով ու թուականներու ժամանակագրութեամբ։

Եւ այսպէս, տեսնենք թէ ինչպէ՞ս զարգացան իրադարձութիւնները։

* Կոպիտ շինարարութեան վերաբերեալ պնդումները չեն համապատասխաներ իրականութեան (կոպիտ-կառուցուածքային ճարտարագիտութիւնը կը վերաբերի շէնքի շինութեան գործընթացին, հիմերէն մինչեւ տանիք, բացառութեամբ ներքին վերանորոգութեան ու վերջնական աշխատանքներու)։

Ատենապետը նշեց որ ամենահիմնական վէճը կ’առնչուի կոպիտ շինութեան հարցին։ Այս շինութեան համար արտօնութիւնը տրուած է 2004 թուականին։ Կոպիտ շինութիւնը աւարտին հասած է 2006 թուականին, շէնքը ծածկուած է տանիքով։ Այս ամէնը հաստատող պաշտօնական բոլոր փաստաթուղթերը կը գտնուին մեր ձեռքին տակ։ Հետեւաբար թեքնիք տեսակէտէ փաստացի անհնար է պնդել թէ կոպիտ շինութիւնը իրականացած է 2013ին։

Շէնքը 2006էն ի վեր պարապ չէ մնացած, վարձուած է զանազան վարձակալներու կողմէ եւ այդ ժամանակաշրջաններու վերաբերեալ կան պայմանագրեր ու դրամական փոխանցումներու փաստեր։ Նորայր Իշլէրի հետ վարձակալութիւնը սկսած է 2012ին, վճարումներու հարցը՝ 2016ին։ Խնդրոյ առարկայ վարձակալը եկեղեցապատկան կալուածի վարձակալ դարձած է 2012ին, սակայն կարճ ժամանակ յետոյ սկսած են վճարումներու խախտումները։ Փորձ կ’ընեն այդ խախտումները պատճառաբանել Քովիտ-ի համավարակով, բայց ճիշդ չէ։ 2016 թուականէն սկսեալ, ամէն տարի, տարեկան երկու անգամ, ուղարկուած են վճարումներու պահանջի ազդարարագրեր։ Ընդհանուր առմամբ կայ վեց ազդարարագիր, բոլորն ալ փաստաթուղթերով։

Հիմնադրամը Վագըֆներու Ընդհանուր Վարչութեան ստուգման ընթացքին ստացած է գրաւոր հարցում մը «ինչո՞ւ պարտք ունեցող վարձակալը չի հեռացուիր» պահանջով, հետեւաբար իրենք պարտաւորուած էին պաշտօնապէս պատասխանել։

* Հակառակ խնդիրներուն, վարձավճարներու զեղչ կատարուած է։

Անդրադառնալով անձնական թշնամութեան մեղադրանքներուն, Հրանդ Մոսկոֆեան ըսաւ հետեւեալը։ 

2017 թուականին վարձակալը գրաւոր կերպով դիմեց մեզի, նշելով որ գործերը լաւ չեն ընթանար, ուստի վարձավճարի համար զեղչ կը խնդրէ։ Դիմումը փոխանցեցինք Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութիւն եւ մեզի յանձնարարուեցաւ խոհեմաբար գործել եւ զեղչ մը ընել։ Շուրջ 30 առ հարիւր համեմատութեամբ զեղչեցինք գումարը։ Եթէ չարամիտ ըլլայինք, այդպիսի որոշում մը չէինք առներ։ 

Պարտքը հասած էր 850 հազար լիրայի, սակայն նոյնիսկ այդ պայմաններու տակ, իրենց կողմէ առաջարկուած էին լուծումներ։ 

Առաջարկեցինք պայմանագիրը չեղեալ նկատել, առաջարկեցինք վստահելի երրորդ կողմ մը ներգրաւել, մենք խոստումներ տուինք պարտքի վճարումը կազմակերպելու վերաբերեալ։ Այս առաջարկներէն ո՛չ մէկը կեանքի կոչուեցաւ։ Աւելի՛ն, հիմնադրամին ուղարկուած նամակներուն մէջ նշուած էր նաեւ 10 միլիոն տոլարի ներդրում կատարելու մասին պնդում մը, որու վերաբերեալ փաստաթուղթերը եւս առկայ են։

* Դատական դիմումը ներկայացուեցաւ անիրատեսական գումարներով։

Մոսկոֆեանի համաձայն, վտարումէն ետք դիմացի կողմը դատ բացաւ պահանջելով իրականութենէն կտրուած մեծ գումարներ։ Սկիզբը կը խօսուէր 160 միլիոն լիրայի մասին։ Յետոյ պետութեան կողմէ նշանակուած 7 հոգինոց փորձագիտական յանձնաժողովը վարձակալին պատճառուած վնասին համար սահմանեց 153 միլիոն լիրա։ Նոյն փորձագէտները յաւելեալ զեկուցման գումարը իջեցուցին մինչեւ 12.5 միլիոն լիրա։ Այս հակասութիւնը ինքնին խօսուն է։

Հակառակ ատոր, դատարանի վճռով սահմանուեցաւ 14 միլիոն լիրա՝ ծախսերու համար եւ 73 միլիոն լիրա՝ որպէս փոխհատուցում։

* Քանդուած ապօրինի շինութեան եւ վաճառուած գոյքի համար նոյնպէս գումար կը պահանջուի։

Հիմնադրամը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ նաեւ ապօրինի կառոյցի ու գոյքի հարցին վրայ։ Յուշարձաններու խորհուրդի որոշումով «պանդոկի տարածքին մէջ կառուցուած ճաշարան»ը ապօրինի կերպով կառուցուած է, յետոյ քանդուած։ Հիմա այդ քանդուած ճաշարանի վրամ կը պահանջուի 25 միլիոն լիրա։ Բացի ատկէ, դատական վճիռներու հարկադիր կատարման միջոցաւ 1.4 միլիոն լիրայով վաճառուած գոյքի համար կը պահանջուի 15 միլիոն լիրա։ Այս բոլորի մասին կան համապատասխան փաստաթուղթեր, հետեւաբար իրաւական առումով վիճայարոյց են։

* Արժեւորման շուկայական խորհուրդի (սերմայէ փիյասասը քուրումու) անկախ փորձագէտներու զեկուցումները հաշուի չառնուեցան։

Ատենապետ Մոսկոֆեան յայտնեց որ արժեւորման շուկայական խորհուրդի զեկուցումները ներկայացուեցան դատարաններուն։ 2024ի դրութեամբ, հողատարածքով ներառեալ, ամբողջ գոյքի արժէքը գնահատուեցաւ 110 միլիոն լիրա, սակայն միայն հողի համար սահմանուեցաւ 77 միլիոն լիրա։ Այս զեկուցումները ներկայացուեցան դատարաններուն, բայց ուշադրութեան չարժանացան։

* Մեր հաշուետուութիւնները բաց են, պատրաստ ենք ստուգումներու։

Հրանդ Մոսկոֆեան դիտել տուաւ որ հիմնարկը թաքցնելու ոչի՛նչ ունի։ Հաշուապահական մատեանները եւ բոլոր փաստաթուղթերը բաց են։ Ոեւէ մէկը կրնայ գալ եւ ուսումնասիրել։ Մինչեւ հիմա ո՛չ մէկը օգտուած է այդ կարելիութենէն։

* Իրաւական պայքարը կը շարունակուի։

Դատական գործընթացը կը շարունակուի։ Հիմնադրամը դատը տեղափոխած է Սահմանադրական Ատեան եւ անհրաժեշտութեան պարագային պատրաստ է դիմելու նաեւ իրաւական այլ ատեաններու։

Ասիկա անձնական վէճ մը, դատական հարց մը չէ։ Ասիկա հիմնադրամի, համայնքի ու հանրային խղճի հարց է։ Մենք փաստաթուղթերով կը խօսինք, եզրակացուց Ատենապետը։

https://www.facebook.com/photo/?fbid=813486931711389&set=a.135021036224652

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2026
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728  

Արխիւ