Սպանական Լլէյտա քաղաքը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը

30 յունուարին Սպանիոյ Լլէյտայի քաղաքապետարանի լիագումար նիստի ընթացքին Քաթալոնիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու եւ ազգերու միջազգային կեդրոնը եւ Քաթալոնիոյ մէջ գործող հայկական «Արարատ» միութիւնը միջնորդութիւն ներկայացուցին` պահանջելով Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը եւ անոր տարեկան ոգեկոչումը Լլէյտա քաղաքին մէջ:

Միջնորդութիւնը միաձայնութեամբ որդեգրուեցաւ: Որոշումին համաձայն, այս տարուընէ սկսեալ Լլէյտայի մէջ պիտի սկսի Ցեղասպանութեան յիշատակման տարեկան ծրագիր, որուն մեկնարկը պիտի տրուի լուսանկարիչ լրագրող Անտրիւ Ֆեռնանտեսի «Ցեղային զտման դէմքեր» խորագիրով լուսանկարներու ցուցահանդէսով: Այս մասին «Օրեր»-ուն յայտնած է անոր սեփական թղթակիցը:

Քաղաքապետարանի լիագումար նիստին խօսք արտասանելով` համայնքի ներկայացուցիչ Աստղիկ Գալստեան յիշեցուց, որ 1915-1923 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ կատարուած Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով սպաննուած է աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայ:

Ան ընդգծեց, որ ցեղասպանութիւնը միջազգային մակարդակով ճանչցուած է իբրեւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն, ներառեալ ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական խորհրդարանի կողմէ, իսկ Սպանիոյ հինգ ինքնավար խորհրդարաններ, ներառեալ Քաթալոնիոյ  խորհրդարանը, արդէն ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ աւելի քան 48 քաղաքապետարաններ, որոնցմէ առաջինը եղած է Սանթա Քոլոմա Տէ Կրամենեթը:

Աստղիկ Գալստեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Թուրքիոյ անմիջական ներգրաւուածութիւնը Արցախի մէջ կատարուած ցեղային զտման հոլովոյթին կը հանդիսանայ Հայոց ցեղասպանութեան շարունակութիւնը:

«Արարատ» հայկական միութեան նախագահ Սարգիս Յակոբեան իր կարգին նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կարեւոր նախապայման է պատմական ճշմարտութեան լիարժէք բացայայտման համար եւ անհրաժեշտ քայլ` ժողովուրդներու միջեւ վստահութեան, երկխօսութեան եւ հաշտեցման հաստատման ճամբուն վրայ:

Անոր համաձայն, միայն ճանաչման եւ համատեղ յիշողութեան միջոցով կարելի է հասնիլ արդար, կայուն եւ երկարատեւ խաղաղութեան` հիմնուած փոխադարձ յարգանքի վրայ:

www.aztagdaily.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2026
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728  

Արխիւ