ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
ՎԵՐՋԻՆ ԲԱԺԱԿԸ
Երկու շաբաթներէ ի վեր, Հայկական լեռնաշխարհին վրայ կը քալենք քաղաքէ քաղաք, գիւղէ գիւղ, Կաղանդի հայաճաշակ սովորութիւններուն ականատես ըլլալու եւ Ամանորեայ տոհմիկ, ճոխ սեղանները վայելելու նպատակով: Մենք ճաշակեցինք վանեցիներու եբէկեղ,ը, բալուցիներու եխորու,ն, մարաշցիներու եըռպէվ շորվօ,ն, ռումտիկինցիներու նաշխազարդ գաթան եւ կարնեցիներու տարեհացը, այնքան մեծ էր վերջինը, որ բաւեց նահապետական ընտանիքի բոլոր անդամները, քաղաքի աղքատները, ուղեւորները, ուխտաւորները, ոսկի աղբիւրները, ձիւնազարդ լեռները, սպիտակափայլ մարգերը, ինչպէս նաեւ ձեզ ու մեզ կշտացնելու: Իսկ աւարտին, գիշերուան կիսուն, դիմաւորեցինք Նոր տարին՝ փառք տալով բաժակին եւ հայ ազգին. եՈւտենք, խմենք անուշ գինին, ասենք ողորմին՝ ողջութիւն հայոց ազգին,: Իսկ այսօր մեր վերջին այցելութիւնները կատարելու օրն է: Գիտե՛մ, եօթը սեղանի եօթը ճաշով կշտացանք բոլորս ալ: Սակայն, եոզկաթցիները, հաճընցիները, զէյթունցիները, արաբկիրցիները, մալաթիացիները կը նեղուին, եթէ մտնենք տուն, նստինք սեղան, ապա ըսենք՝ եկուշտ ենք,: Իսկ Պոնտոսի վայելուչ քաղաք, կայսրներու, թագաւորներու եւ սուլթաններու նստավայր Ամասիան, մեր վերջին հանգրուանը, պատրաստ է մեզ գալ շաբաթ ընդունելու:
Է. ԿԱՂԱՆԴԸ ԵՈԶԿԱԹԻ ՄԷՋ
ՋԵՐՄ ԵԱԿԱՄՕՐ, ՄԸ
48 հայկական գիւղ, 80 հազար հայ բնակիչ ունի քաղաքը: Ո՞վ գիտէ Կաղանդի ի՛նչ հարուստ աւանդութիւններ ունի: Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ գմբէթը ահա կը հսկէ քաղաքը: Շուկայի հայ դարբինները, դերձակները, պղնձագործները նոր տարին դիմաւորելու համար կանուխէն կը գոցեն խանութները: Տեսէք ի՛նչ եռուզեռ կայ հրապարակին վրայ: Տօնական զուարթ ձայներ կու գան Արիւծեան եւ Վահանեան երկսեռ վարժարաններու պարտէզներէն: 700 աշակերտ անհամբեր կը սպասէ, որ Ակամօրը գայ եւ իրենց նուէրներ բերէ: Ակամօրը եոզկաթցիներու Ամանորն է: Այժմ, յարգելի ընթերցող, մուտք գործենք հայրենակիցի մը տունը եւ վայելենք անոր հիւրասիրութիւնը. եՈւտենք, խմենք անուշ գինին, ասենք ողորմին՝ ողջութիւն հայոց ազգին,:
ՎԱՌԵՑԻՆՔ ՄՈՄԵՐ
Բազմաթիւ են վաճառաշահ Եոզկաթ քաղաքի բարեկեցիկ հայ ընտանիքները: Անոնց տուները երկյարկանի, քարուկիր ապարանքներ են, ունին դէպի փողոց ցցուած եճումպա,ներ եւ բազմաթիւ պատուհաններ: Կաղանդի գիշերը այդ պատուհաններէն ուրախութիւն, երգ ու ծիծաղ կը յորդի: Ահա Պապայիկիթեաններու ապարանքը, ուր տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Աղաւնի Պապայիկիթեանները իրենց մեծ ընտանիքով նստած են շքեղ սեղան: Սեղանի վրայ, տան բոլոր անդամներուն համար վառած է մոմ մը: Նոյն պատկերը դուք կը վայելէք տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Մաքրուհի Էնֆիէճեաններու տան մէջ, կամ՝ Պարիկեաններու բնակարանը: Եկէ՛ք այցելենք Գարալեաններու ընտանիքը:
ԲԱՂԱՐՋՆԵՐՈՒ ՓԱՌԱՏՕՆ ՄԸ
Տիկին Գարալեան Ակամօրի համար թխած է բաղարջ: Տան աղջիկները, ըստ հին սովորութեան, երկրագործական գործիքներու տեսք տուած են խմորին: Սեղանի վրայ դուք կը տեսնէք եխոփ, մը, եմաճ, մը, ինչպէս նաեւ եանիւ, մը կամ ելուսին, մը, Բոլորին վրայ պատառաքաղով նախշեր են գծուած: Ախորժաբեր այդ բաղարջներու երեսը զարդարուած են սեւ սոնիճով եւ քունջութով (շուշմայ): Տիկին Գարալեան չէ մոռցած անոր մէջ դրամ մըն ալ պահել: Յիշեցնեմ, որ եոզկաթցիները այդ բաղարջը եպաք-հաս, կը կոչեն, այսինքն՝ պահքի հաց: Սեղանը կը բուրի կարմիր գինի: Նահապետական ընտանիքի բոլոր անդամները, ներառեալ տան ութ զաւակները՝ հինգը աղջիկ եւ երեքը տղայ, իրենց բաժակները կը վերցնեն եւ կը շնորհաւորեն Ակամօրը. եՈւտենք, խմենք անուշ գինին, ասենք ողորմին՝ ողջութիւն հայոց ազգին,:
ԵՕՍԿԷ ՃՈՒՐ, ԻՆԾԻ ԿԵԱՆՔ ՏՈՒՐ
Ամանորի առաւօտ, կիները եւ աղջիկները կը շտապեն աղբիւր: Անոնք գարի, ցորեն եւ ածուխի փոշի կը թափեն աղբիւրին մէջ: Աղջիկները եւ նոր հարսերը իրենց կուժերուն մէջ կը լեցնեն տարուան առաջին ջուրը, որ կը կոչուի եՕսկէ ճուր, (նոյնը Կեսարիոյ եւ անոր գիւղերուն մէջ, ներառեալ՝ Կիկի կոչուած զուտ հայաբնակ հեռաւոր գիւղը): Դուք, յարգելի ընթերցող, մօտեցէք այդ բարի աղբիւրին ու լսեցէք կիներուն երգը. եԱռ քեզի գարին՝ տուր մեզի բարին, / Առ քեզի քոմուր (ածուխ)՝ տուր մեզի օմուր (կեանք),: Իսկ բաղարջնե՞րը… աղբիւրի պաղ ջուրով կը ցօղեն եւ անցորդներուն կը բաժնեն: Մի՛ զարմանաք. տան անասուններն ալ կը վայելեն այդ բաղարջէն բաժին մը: Քանզի Ակամօրը նաեւ եԿենդանիներու զատիկ, է:
ՅՈՒԴԱՅԻ ԱՉՔԸ ԿԱՐԵՑԻ
Նոր տարուան առաջին առաւօտն է: Բոլորէն առաջ արթնցած են տիկին Աղաւնին, տիկին Մաքրուհին, տիկին Պարիկեան, տիկին Գարալեան եւ Եոզկաթ քաղաքի բոլոր հայուհիները: Իրենց մեծ աղջիկները նստեցուցած են իրենց ծունկին տակ: Անոնք, ըստ շատ հին սովորութեան, ասեղ-դերձան մը առած կը հիւսեն: Լուռ արարողութիւն մըն է այս, զոր կը կոչուի եՅուդային աշկը պանել,, այսինքն՝ Յուդային աչքը կարել: Եթէ չկարեն՝ Յուդան կը տեսնէ, կու գայ եւ իրենց ընտանիքին չարիք կը բերէ: Բայց այս տարի ուրախանանք. չկայ չարիք, կարը կարեցինք. եՈւտենք, խմենք անուշ գինին, ասենք ողորմին՝ ողջութիւն հայոց ազգին,:
Ը. ԿԱՂԱՆԴԸ ԶԷՅԹՈՒՆԻ ՄԷՋ
ԶԷՅԹՈՒՆԻ ՓՈՂՈՑՆԵՐԸ ՈՒՍ-ՈՒՍԻ
4 թաղ, 4 դպրոց, 4 եկեղեցի: Աղջկանց մասնաւոր դպրոց՝ 600 աշակերտ: Ս. Փրկիչ վանք, Ս. Աստուածածին վանք: Փողոցները՝ վեր-վեր, շարք-շարք, ըսես՝ ուս-ուսի: Ահա Զէյթունի համայնապատկերը: Մտէք Զէյթուն ու դուք ձեզ կը գտնէք լաբիւրինթոսի մը մէջ: Ահա անուշ-անուշ կը ղօղանջէ Սուրէնեան թաղի Ս. Աստուածածինը, Յակոբեան թաղի Ս. Սարգիսը, Շաւրոյեան թաղի Ս. Յովհաննէսը եւ Եէնի-Տունեան թաղի Ս. Լուսաւորիչը: Իսկ բնակիչնե՞րը. 1045 թուականին, Անի քաղաքէն գաղթած եօթը ընտանիքի զաւակներն են անոնք: Քաղաքի բուն անո՞ւնը. եԱնի-Ձոր,: Բազմատաղանդ արհեստաւոր է զէյթունցին, միեւնոյն ժամանակ՝ լաւ այգեպան եւ հմուտ գինեգործ: Յիշեցնեմ, թէ զէյթունցին նաեւ զինագործ է: Ան սուլթանէն արտօնութիւն ունի իր սեփական պաշտպանութեան համար երկաթեայ եւ պղնձեայ զէնքեր շինելու, վառօդ եւ կայծքար արտադրելու:
ԲԱՐԻ ԵԿԱՐ ԵՆԻՒ ՏԱՅԻ
Կաղանդի եռուզեռ կայ Սուրէնեան թաղը տանող Կարասի կամուրջին եւ Յակոբեան թաղը տանող Շուղուրի կամուրջին վրայ: Վարպետ դարբինը կ՛ողջունէ ատաղձագործը ու կը շտապէ տուն: Կօշկակարը կը բարեւէ դերձակին եւ կը շտապէ տուն: եՆիւ տայ,ջ է: Տան մէջ՝ այդ ի՛նչ սեղան… Ինչ որ ուզես կա՛յ. ոսպնաթան, տակապուր, հափուսա, փոշեջուր… Մարաններէն եկած են չամիչ, ընկոյզ, պաստեղ, նուռ, սերկեւիլ, թուզ… Ահա ժամը ինը եղաւ: Տանիքներէն փորքիկ տոպրակներ յայտնուեցան: Ի՞նչ կ՛ուզեն 14-18 տարեկան երիտասարդները: Կաղանդի երգեր կ՛երգեն՝ թուզ կ՛ուզեն, շարոց կ՛ուզեն, բարի Նիւ Տայի կ՛ուզեն: Եթէ բախտաւոր են՝ տոպրակը կը քաշեն եւ մէջը եմեթելիքնիւց, (մեթելիքնոց, 1 մեթելիք = 0.25 ղուրուշ = 10 փարա) մը կը գտնեն: Բաժակները վերցնենք զէյթունցիներուն համար. եՈւտենք, խմենք անուշ գինին, ասենք ողորմին՝ ողջութիւն հայոց ազգին,:
Թ. ՀԱՃԸՆ, ԱՐԱԲԿԻՐ, ՄԱԼԱԹԻԱ
ԲԱՐԻ ՀՈՎԻՒՆԵՐՈՒ ԿԱՂԱՆԴԸ
Ժամը կը մօտենայ: Բոլոր հաճընցիները գացած են քաղաքի արեւմտեան կողմը՝ Սուրբ Յակոբ վանքը: Ամէն տեղ վրաններ, ամէն տեղ երգ ու ծիծաղ: Ահա կէս գիշեր է: Զանգակները սկսան Նոր տարին աւետելու: Ապա՛, հաճընցիներու յատուկ թատերական պատկեր մը կը բեմադրուի. քաղաքի երիտասարդները հովիւի տարազ հագած՝ եԽորհուրդ Մեծ, կ՛երգեն միաբերան:
ՓԵՐՓԵՐԻ ԱՂՑԱՆՍ ԿԵՐԱՅ
Մինչ այդ, Արաբկիրի մէջ բոլորը նստած են սեղան: Բառարանագիր Թադէոս Աստուածատրեաններու, բանասէր եւ թարգմանիչ Դաւիթ Բեկերու, յայտնի բանաստեղծ Վահագն Դաւթեաններու ծննդավայր Արաբկիրը տունն է նաեւ Մայր, Թարգմանչաց, Զարուհեան եւ 11 այլ վարժարաններու: Տաղանդաւոր արհեստաւոր է արաբկիրցի հայը: Կաղանդի գիշեր, կտաւագործը, ջուլհակագործը, մանածագործը, ոսկերիչը, մետաղագործը, զինագործը, պղնձագործն ու օճառագործը Ամանորը կը դիմաւորեն ընկոյզով պատրաստուած փերփերի աղցանով: Այդ տոհմիկ աղցանը պէտք է ճաշակել իբրեւ տարեմուտի առաջին պատառ: Ահա պատրաստութեան ձեւը. Փերփերի աղցան ընկոյզով. 0.5 քլկ. փրփրեմ, 1 գաւաթ ընկոյզ, 3 պճեղ սխտոր, աղ: Թեթեւակի խաշել փրփրեմը, ապա քամել ջուրը: Աւելցնել մանրուած ընկոյզը, աղն ու ճզմուած սխտորը: Այսքա՛ն պարզ: Բարի ախորժակ: եՈւտենք, խմենք անուշ գինին, ասենք ողորմին՝ ողջութիւն հայոց ազգին,:
ՏԵՍԱՅ եԱՐԾԱԹ ՋՈՒՐԸ
Մալաթիոյ պատանիները Կաղանդի գիշեր եԿախուկս տուէք, խաղացին, չիր ու չամիչ հաւաքեցին, տոպրակի մէջ ընկոյզ, գաթայ, շարոց լեցուցին: Մանուկները քիչ մը կանուխ մտան անկողին: Եթէ չէ, չար ոգի եշուոտ,ը կու գայ եւ մեզ կը տանի՝ կարծեցին: Մեծ մայրը, որպէսզի ամբողջ գիշեր լոյս ըլլայ, փայտէ խոշոր կտոր մը դրաւ քովի կրակին: Իսկ երիտասարդները աղբիւր շտապեցին: Անոնք եԱրծաթ ջուրը, տեսնել ուզեցին: Աղբիւրի ճամբուն վրայ երգեցին ու խաղացին: Ջուրին գարի, ցորեն ձօնեցին: Փեսայի հայրն ու մայրը իրենց սիրունիկ հարսին մեծ-մեծ զամբիւղ մը նուիրեցին: Մէջը ինչե՜ր չդրին… Չամուսնացած աղջիկները թոնիրները երեք անգամ աւլեցին: Գացին, աւելը բարձի մը տակ դրին: Տարին ըլլայ բարի, ըսի՛ն: Իսկ սեղանի վրայ անոնք փերփերապուր մը բերին, պատիւով, ախորժակով վայելեցին: Ապա շիշ-շիշ գինի բացին, կենաց բաժակ վերցուցին. եՈւտենք, խմենք անուշ գինին, ասենք ողորմին՝ ողջութիւն հայոց ազգին:




Leave a Reply