Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրներուն անունները կը վերցուին Նախիջեւանի սահմանադրութենէն

Այսպէս կոչուած Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան սահմանադրութեան նախաբանը կը փոխուի. Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրներուն անուանումները կը վերցուին Նախիջեւանի սահմանադրութենէն:

Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ատիկա արտացոլուած է Ազրպէյճանի Հանրապետութեան «Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան սահմանադրութեան փոփոխութիւնները հաստատելու մասին» սահմանադրական օրէնքի նախագիծին մէջ, որ երկրորդ ընթերցումով քննարկման դրուած է Ազրպէյճանի խորհրդարանի նիստին:

Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան գործող սահմանադրութեան նախաբանին մէջ կը նշուի, թէ Նախիջեւանի ինքնավարութեան հիմքերը դրուած են միջազգային պայմանագիրներով` 16 մարտ 1921-ի Մոսկուայի եւ 13 հոկտեմբեր 1921-ի Կարսի պայմանագիրներով, որոնք ներկայիս ուժի մէջ են:

Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան այս սահմանադրութեան հիմը կը գտնուի 30 օգոստոսի 1991-ի «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան պետական անկախութեան վերականգնման մասին» հռչակագիրին մէջ, 18 հոկտեմբեր 1991-ի «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան պետական անկախութեան մասին» սահմանադրական հռչակագիրին մէջ, ինչպէս նաեւ 12 նոյեմբեր 1995-ին համաժողովրդական քուէարկութեամբ` հանրաքուէով որդեգրուած Ազրպէյճանի Հանրապետութեան սահմանադրութեամբ ամրագրուած սկզբունքներուն մէջ:

Քննարկումներէ ետք օրինագիծը որդեգրուեցաւ երկրորդ քուէարկութեամբ:

www.aztagdaily.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2026
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728  

Արխիւ