ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Անտիոք մեմլուքներու տիրապետութեան ժամանակաշրջանին աստիճանաբար սկսաւ անշքանալ: Քրիստոնէական մշակոյթի երբեմնի կեդրոն եւ հոծ բնակչութեամբ քաղաքը, Որոնդէս գետի արեւելեան ափին, Գուսէյր լերան ստորոտը, բերրի հողերով, այգիներով եւ ձիթաստաններով շրջապատուած, որ անցեալին 200-էն 250 հազար բնակչութիւն ունեցած էր, գաւառական կեդրոնի վերածուեցաւ:
Անտիոքի լատին պատրիարքութիւնը մեմլուքներու կողմէ քաղաքի գրաւումէն ետք, 1268-ին, Հռոմ տեղափոխուած էր: Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքան այնուհետեւ Անտիոքի լատին տիտղոսաւոր պատրիարքներուն աթոռանիստը դարձաւ (տիտղոսաւոր վերջին պատրիարքը` Ռոպերթօ Վիչենթինի 1953-ին վախճանեցաւ, եւ 1964-ին պատրիարքութիւնը պաշտօնապէս ջնջուեցաւ):
Անտիոքի յոյն ուղղափառ պատրիարքութիւնը 1342-ին Դամասկոս փոխադրուեցաւ եւ Մարիամիէ եկեղեցին աթոռանիստ դարձաւ:
* * *
Լենկթիմուր 1400-ին ներխուժեց Սուրիա, նուաճեց մեմլուքներու բանակը եւ գրաւեց Հալէպն ու Դամասկոսը: Սկսան զանգուածային ջարդերը, իսկ քրիստոնեաները ծանր կացութեան մատնուեցան:
Նոյն ժամանակ թուրքմէն ցեղերը զօրացան եւ սկսան յարձակումներ կազմակերպել Անտիոքի վրայ: Գարամանօղլու եւ Ռամազանօղլու աշիրէթները Ալաէտտին եւ Իպրահիմ բէկերու գլխաւորութեամբ կռուի բռնուեցան մեմլուքներուն հետ:
Տեւական պատերազմներու եւ անապահովութեան պայմաններուն տակ Անտիոքէն եւ այլ շրջաններէ հայեր լեռնային եւ յարաբերաբար աւելի ապահով վայրեր փոխադրուեցան եւ հաւանաբար անոնցմէ ոմանք Քեսապ ապաստան գտան:
* * *

Օսմանեան սուլթան Սելիմ Ա. 24 օգոստոս 1516-ին, Հալէպի մօտ, Մարժ Տապէքի ճակատամարտին պարտութեան մատնեց մեմլուքներու բանակը: Մեմլուք սուլթան Աշրաֆ Գանսօ Ղուրի ինկաւ պատերազմի դաշտին վրայ եւ անոր յաջորդեց սուլթան Աշրաֆ Թուման բէկ, որ շարունակեց պատերազմը:
Օսմանցիներու յաջողութեան գլխաւոր գրաւականը հրետանին էր, որ այդ ժամանակ աշխարհի լաւագոյնը կը նկատուէր:
Օսմանեան բանակը գրաւեց Հալէպը, Անտիոքը եւ արագօրէն յառաջանալով, հոկտեմբեր 9-ին` Դամասկոսը եւ մտաւ Պաղեստին:
Մեմլուք սուլթան Աշրաֆ Թուման բէկ նոր բանակ հաւաքեց, բայց Կազայի մէջ պարտուեցաւ օսմանցիներէն:
Սուլթան Սելիմ Ա. 1517 յունուարին մտաւ Եգիպտոս եւ քալեց Գահիրէի վրայ: Ռիտանիայի ճակատամարտին, յունուար 22-ին, մեմլուք բանակը ծանր հարուած ստացաւ: Մայրաքաղաքին շուրջ քանի մը օրուան կռիւներէ ետք, փետրուար 3-ին սուլթան Սելիմ մտաւ Գահիրէ: Աշրաֆ Թուման բէկ յաջողեցաւ փախուստ տալ, եւ վերակազմելով իր ուժերը քանի մը օր ետք փոքրիկ ջոկատով ներխուժեց Գահիրէ. սկսաւ կատաղի սպանդը: Մէկուկէս ամսուան պայքարէ ետք Աշրաֆ Թուման բէկ մարտ 26-ին գերի ինկաւ եւ ապրիլ 13-ին մեմլուք մեծամեծներու հետ մահապատիժի ենթարկուեցաւ:
Սուլթան Սելիմ Ա. ստացաւ Մեքքէի եւ Մետինէի բանալիները եւ սուրբ քաղաքներու ծառայի կոչումը: Քանի մը տարուան ընթացքին ան աւելի քան կրկնապատկեց Օսմանեան կայսրութեան տարածքները: Մահացաւ 1520-ին:
* * *

Մեր նախնիներուն, ինչպէս նաեւ Քեսապի շրջակայ թուրքմէններուն մօտ պահպանուած աւանդութեան համաձայն, սուլթան Սելիմի թագաւորութեան ժամանակ բարգաւաճեցան շրջանի բնակավայրերը: Կը պատմուէր, որ այս ժամանակ տարբեր վայրերէ հայ ընտանիքներ, ինչպէս նաեւ թուրքմէն աշիրէթներ եկած եւ բնակութիւն հաստատած են շրջանին մէջ:
Հողերու, արօտավայրերու պատկանելիութեան գծով կ՛ըսուէր, որ սուլթան Սելիմ այս կամ այն հողատարածքը կամ արօտավայրը այս կամ այն ընտանիքին, գերդաստանին, աշիրէթին տուած է, կամ այս հողատարածքին, այն արօտավայրին սահմանը սուլթան Սելիմ գծած է:
Մուսալագ գիւղի շրջակայ հողերու, արօտավայրերու պատկանելիութեան գծով օսմանեան վաւերաթուղթեր պահպանուած էին: Կ՛ըսուէր, որ այդ վաւերաթուղթերը շատ հին էին եւ մինչեւ սուլթան Սելիմի ժամանակները կը հասնէին:
* * *
Թուրքմէն աշիրէթները սկսան զօրանալ Քեսապի յարակից շրջաններուն մէջ: Ցեղապետ աղաները, յենած` իրենց աշիրէթական զինուած ուժերուն, նոր հողեր ու գիւղեր սկսան նուաճել եւ ոչ աշիրէթական գիւղացիներէն, ռայա նկատուող բնակիչներէն ու քրիստոնեաներէն տուրքեր գանձել: Աշիրէթները նաեւ յաճախ իրարու դէմ ցեղախմբային կռիւներ կը մղէին:
Պայըրի եւ Պուճաքի թուրքմէնները օսմանեան իշխանութիւններուն նեցուկը ապահովեցին եւ պարտականութիւն ստացան հսկելու դէպի Մեքքէ եւ Մետինէ հաճի ուխտաւորներու ապահովութեան:
Թուրքմէններու զօրացման եւ տարածման պայմաններուն տակ նուսէյրիներ (կամ ալեւիներ, որոնք քեսապցիներու կողմէ թաթ անունով ճանչցուած են) Նուսէյրի լեռներէն քշուեցան դէպի ծովեզերեայ շրջաններ: Անոնցմէ ոմանք հասան Ռաս Պասիթ (որ Միջերկրականի ափին պարսպապատ հին բնակավայր եղած է) եւ տարածուեցան Քեսապի յարակից շրջաններուն մէջ` մինչեւ Անտիոք եւ Ալեքսանտրէթ:
Ճսըր Շուղուր, Որոնդէս գետի ափին, առեւտրական ճամբու վրայ, կարեւոր կայան եւ շուկայ էր: Քրտական աշիրէթներ յաճախակի յարձակումներ կազմակերպելով կը հասնէին այդ կողմերը: Հետագային քրտական Ռոսթոմ աշիրէթը իշխանութիւն հաստատեց, իբրեւ կեդրոն ունենալով Ճսըր Շուղուրը: Ռոսթոմներու իշխանութիւնը կը հասնէր մինչեւ Քեսապի մօտակայքը` Օրտու եւ Գուսէյր:
* * *

Քեսապ, Կասիոս լերան լանջին, զուտ հայաբնակ գիւղը հետզհետէ ընդարձակուեցաւ եւ Հաճընէն, Զէյթունէն, Մարաշէն, Պէյլանէն ու այլ վայրերէ եկած նոր վերաբնակիչներով ստուարացաւ:
Մեր պապերը կը հաստատէին, որ Քեսապի բնակչութիւնը ժամանակի ընթացքին խառնուած է եւ հետագային եկողները տեղացիներուն բարբառը, բարքերն ու սովորութիւնները որդեգրած են: Կարգ մը գերդաստաններու մօտ պահպանուած են իրենց նախահայրերու որ շրջանէն եկած ըլլալու մասին աւանդութիւններ:
Հին տոհմերը ժամանակի ընթացքին ճիւղաւորուած եւ տարբեր ազգանուններով ճանչցուած են:
Քեսապի մէջ գերդաստանները համախումբ ապրած են: Տուները, լերան թիկունքին, ոմանք` կէս գետնափոր, իրարու փակած էին: Փողոցները նեղ ու դարձդարձիկ էին: Կասիոսի բարձունքէն գահավիժող առուն Քեսապի մէջէն հոսելով գիւղը երկու` արեւելեան ու արեւմտեան թաղերու կը բաժնէր:
Քեսապի հայերը երկրագործներ, անասնապահներ եւ արհեստաւորներ էին: Անոնք հետզհետէ նոր հողեր ձեռք ձգեցին, գնեցին եւ շրջակայքին մէջ ագարակներ հաստատեցին, որոնք այնուհետեւ կազմաւորուեցան իբրեւ առանձին գիւղեր: Արհեստներէն զարգացան դարբնութիւնը, ատաղձագործութիւնը, կօշկակարութիւնը, ջուլհակութիւնը, մաղագործութիւնը եւ դերձակութիւնը: Ամէն արհեստ ժառանգաբար որդի ի հօրմէ կը փոխանցուէր:
Գալատուրանի հովիտը խիտ անտառներով ծածկուած էր եւ մեր պապերը կը պատմէին իրենց մեծերէն լսածը, որուն համաձայն ծառէ ծառ մագլցելով մինչեւ Չալմա կարելի էր բարձրանալ: Կը պատմուէր նաեւ որ Քէլ Ահմէտ անունով աղա մը Քեսապէն արեւմուտք տարածուող գօտիին մէջ հողատէր եղած է, որուն հողերը հետագային քեսապցիք գնած են: Գալատուրանի հովիտին մէջ, Գարատաշի մօտ տարածուող կալուածները Քլախմէտ կը կոչուին:
Կասիոսի բարձունքները, Կերճեւոտի արեւակող լանջերը խոտառատ արօտավայրեր են: Մեր մեծերը կը պատմէին, որ սկիզբը երկու բորոտ այծերով մեր տոհմի նախնին Կերճեւոտի բարձունքներուն սկսած է անասպահութեան. այծերէն իւրաքանչիւրը ամէն տարի զոյգ-զոյգ ծնանած են, եւ այդպէսով այծերու բուծանումը ընդհանրացած է:
Կասիոսի արեւմտեան լանջին, Մուսալագ գիւղի թուրքերը լերան արեւելեան կողմը գտնուող Չանտըր գիւղի բնակիչներուն ցեղակից են եւ չանտըրցի կը կոչուին: Մուսալագի շրջակայքը ընկուզենիներով ծածկուած են: Գիւղին մէջ քեսապցի քանի մը ընտանիքներ կալուածներ եւ տուներ ունէին: Չանտըրցիներ եւ հայեր փոխադարձ համաձայնութիւն գոյացուցին, ճանչնալով իրարու աղայութիւնը:
Քեսապի բնակիչները ցերեկը իրենց շրջակայ ագարակներուն մէջ կ՛աշխատէին, իսկ երեկոյեան Գիէղ (Գիւղ) այսինքն` Քեսապ կը վերադառնային: Համատարած անապահովութեան պայմաններուն տակ անոնք խոհեմութիւն չէին նկատեր իրենց ագարակներուն մէջ գիշերելու: Հետագային, աւելի ուշ կազմաւորուեցան շրջակայ գիւղերը:
Քեսապցի կարգ մը ընտանիքներ առեւտուրով կը զբաղէին: Ոմանք առեւտրական կապեր ունէին Եգիպտոսի հետ: Մսըրցենց գերդաստանը Եգիպտոսի հետ առեւտրական գործառնութիւններ հաստատած առաջին ընտանիքը եղած է: Մսըրցենց հետ գործակից եղած է Եսայի աղա: Ծխախոտ եւ երկրագործական ու անասնապահական արտադրութիւններ առագաստանաւերով Եգիպտոս կը տանէին եւ ֆրանկներու հետ փոխանակումներ կը կատարէին: Ֆրանկներ Եսայի աղայի պատրաստած համեղ ճաշը ուտելով իրարու «մանժէ» (կերէք) ըսած են, եւ այնուհետեւ Մանճէ Եսայի աղայի եւ գերդաստանին մականունը դարձած է:
Քեսապ եւ Ճսըր Շուղուր Լաթաքիայէն Անտիոք տարածուուղ գօտիին մէջ գլխաւոր շուկաներն էին: Քեսապցի փերեզակներ Պազարէն (այսինքն Ճսըր Շուղուրէն) էշերով ապրանք կը բերէին եւ մինչեւ հեռաւոր գիւղեր շրջագայելով առեւտուր կ՛ընէին:
Ջորեպանները արտաքին աշխարհին հետ գլխաւոր կապն էին: Անոնք լաւ ծանօթ էին երկրի չորս կողմերուն, գիւղերուն ու քաղաքներուն: Կային ջորեպաններ, որոնք մինչեւ Պոլիս եւ Եգիպտոս ուղեւորութիւններ կը կատարէին:
www.aztagdaily.com




Leave a Reply