ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
ՈՂՋՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԱԶԳԻՆ
Շաբաթ մը առաջ, յարգելի ընթերցող, այցելեցինք Վան, Խարբերդ, Բալու եւ Մարաշ ու սեղանակից եղանք Կաղանդի աւանդական սեղանին: Մենք վայելեցինք ամանորեան սեղանի համով զարդերը՝ վանեցիներու «բէկեղը», բալուցիներու «խորուն» եւ մարաշցիներու «ըռպէվ շորվոն», ինչպէս նաեւ տան առատ գինին եւ օղին: Դատեմի, Բազմաշէնի, Գոմքի, Բարճանջի տուներու դռներն ալ բաց եղան եւ մեզ ընդունեցին իբրեւ Աստուծոյ հիւրեր, կամ՝ ուխտաւորներ: Ապա ականատես եղանք տարեմուտի տոհմաշունչ սովորութիւններուն՝ գոտեկախին, աղբիւրի այցելութեան, կալանտոսի երգերուն եւ քաղցրահնչիւն Աւետիսներուն… Իսկ, երբ եկաւ խորհրդաւոր ժամը, կէս գիշերը, բաժակները վերցուցինք եւ վանեցիներու պէս ուրախութեամբ գոչեցինք, «Ուտենք, խմենք անուշ գինին, ասենք ողորմին՝ ողջութիւն հայոց ազգին»: Իսկ այսօր, յարգելի ընթերցող, քանի որ դեռ նոր տարուան ցնծուն տրամադրութիւնը կը զգանք մեր հոգիներուն մէջ, եկէք այցելենք քանի մը այլ քաղաքներ եւ տեսնենք, թէ դար մը առաջ հայը իր բնաշխարհին մէջ ինչպէ՛ս կը տօնէր Կաղանդը, յուսալով նաեւ, որ անոնց սեղանին վրայ մեզի համար մնացած ըլլայ ճաշատեսակ մը, գէթ անուշեղէն մը ախորժաբեր:
Ե.- ԿԱՂԱՆԴԸ ՌՈՒՄՏԻԿԻՆԻ ՄԷՋ
ԳԻՒՂ ՉԷ, ՍՐԲԱՎԱ՛ՅՐ Է
Ընտիր տեղանուն… Ռումտիկին: Կեսարիոյ մէջ, դար մը առաջ, 750 տուն հայու բնակավայր, բարեբեր գիւղ, քաղաքէն 43 քմ. հիւսիս, Ալիս գետի ափին: Յարգելի ընթերցող, մի փորձէք զայն որոնել քարտէզներու վրայ: Անունն այսօր Ֆէլահիյէ է: Ռումտիկինի մեր հայրենակիցները հիմնականօրէն կը զբաղին հողագործութեամբ եւ արհեստներով: Ունին եռախորան Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ անոր կից վարժարան մը՝ Պարթեւեան: Անշուշտ որ Ռումտիկինի Կաղանդի տօնակատարութիւններուն մասնակից պիտի ըլլանք: Անոր համար է որ այս սիրունատես գիւղը կ՛այցելենք: Բայց, դուք, հայոց պատմութեան սիրահար ընթերցող, չէ՞ք ուզեր Գրիգոր Լուսաւորիչի մկրտութեան սպիտակ մարմարեայ աւազանն ալ տեսնել: Ռումտիկինի մէջ է անիկա: 10 մ. եւ 5 մ. չափեր ունեցող այդ աւազանը տեղի հայոց սրբավայրն է, անունը՝ Լուսաղբիւր:
ԿՈՒՐ ԻՆԾԻ ԲԱՐԻՆ
Ռումտիկինի տանտիկինները Կաղանդի գիշեր աղբիւր կ՛երթան եւ անոր հաց, ցորեն, բոկեղ եւ գարի կը ձօնեն: Այդ արարողութիւնը ունի իր երգը. «Ա՛ռ քեզի ցորեն, / Տո՛ւր ինծի հորէն: / Ա՛ռ քեզի գարին, / Տո՛ւր ինծի բարին»: Տունդարձին, անոնք կը կաղնդեն նաեւ կովերը եւ եզները: Յիշեցնեմ, որ Սեբաստիոյ, Մալաթիոյ, Բալուի, Էվերէկի մէջ եւ այլ տեղեր «կաղնդել» կը նշանակէ նոր տարուայ նուէր տալ: Այսօր, մի զարմանաք, տան կենդանիներն ալ պիտի զարդարուին, տօնական տեսք պիտի առնեն եւ նուէրներ պիտի ստանան, որպէսզի ուրախ եւ կայտառ մնան, առատ կաթ տան եւ մեր տունը պահեն:
ԳԱԹԱՆ ԿԸ ԲՈՒՐԷ
Ռումտիկինի մէջ գաթաները նախշազարդ կ՛ըլլան: Փայտէ կաղապարները՝ խաչաձեւ, աստղաձեւ կամ լուսնաձեւ, թեթեւօրէն կը նստին խմորի վրայ եւ իրենց դրոշմը կը ձգեն: Տիկինները կը թխեն նաեւ տօնական բոկեղը, որ զարդարուած կ՛ըլլայ չամիչով: Ապա կու գայ գիշերուան ամէնէն հաճելի եւ ախորժաբեր ժամը. գիւղի պատանիները պարաններու ծայրը կեր կը կապեն, անոր ծայրէն ալ՝ կարմիր թաշկինակ մը, ապա տուներու տանիքէն կ՛իջեցնեն, երգելով՝ «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, աւետիս, կերէն գաթաս կախէ»: Տանտիկինն ալ այդ թաշկինակին մէջ ինչե՜ր չի լեցներ. փոքրիկ գաթայ մը, չամիչ, չոր թութ, ընկոյզ, թուզ… «Ուտենք, խմենք անուշ գինին, ասենք ողորմին՝ ողջութիւն հայոց ազգին»:
ԱՆՈ՜ՒՇ, ԲԵՐԱՆԴ ԿԱՐՄԻՐ ԹՈՒՇ
Ահա կէս գիշեր է: Ս. Աստուածածին եկեղեցին կը ղօղանջէ իր զանգակները եւ բոլորը կը կանչէ տարեմուտի անդրանիկ արարողութեան: Իսկ երբ անոնք տուն վերադառնան, մեծերուն ձեռքը կը համբուրեն, մեծերն ալ, ըստ գիւղին յատուկ սովորութեան, նոր հարսերուն կուրծքին ոսկի մը կը դնեն, իբրեւ ցանկալի կաղանդչէք: Ապա, երբ բաժակները բարձրանան, ռումտիկինցիները կ՛ըսեն. «Շինաւոր Նոր տարի, սիրելեօք, բարեկամօք… Անո՜ւշ…, բերանդ կարմիր թուշ»: Իսկ մենք ալ վանեցիներու բերանով ընկերակցինք անոնց. «Ուտենք, խմենք անուշ գինին, ասենք ողորմին՝ ողջութիւն հայոց ազգին»:
Զ.- ԿԱՂԱՆԴԸ ԿԱՐՆՈՅ ՄԷՋ
ՄԱՂԱՔ ՉԷ, ԲՈՒՐԱՍՏԱ՛Ն Է
Ի՜նչ մեծ է Կարին քաղաքը: Ի՜նչ փարթամ են տուները: Որքա՜ն հարուստ է շուկան: Դուք Կարնոյ մէջ, անշուշտ որ պիտի ուզէք նախ Սանասարեան վարժարան այցելել, հիանալ անոր երկրաբանական թանգարանին, հարուստ մատենադարանին եւ գեղակերտ ճեմապարտէզներուն: Ապա, կ՛առաջարկեմ, որ դուք խոր երկիւղածութեամբ քալէք Մարիամ Աստուածածին Առաջնորդանիստ Մայր տաճարը՝ Բարձր Հայքի ամէնէն գեղեցիկ ու ամէնէն խոշոր շինութիւններէն մէկը, որ կառուցուած է կարմրաւուն, սրբատաշ աւազաքարով: Քսան քեղակերտ սիւներու վրայ կանգնած է տաճարը, ունի քսանչորս մեծ պատուհաններ, 15 լուսամուտ, երեք խորան: Այծպտկունք լերան դաշտերէն եկած ծաղիկները հոն կը բուրեն՝ Տիրամայրը մեծարելով: Եկեղեցին ունի երեք դարպաս՝ արեւմտեան, հիւսիսային եւ հարաւային: Երեք դռներն ալ հայկական փայտափորագրութեան գլուխ գործոցներ են: Իսկ հսկա՜յ զանգակները եկեղեցւոյ, Կաղանդի գիշերը քաղցր-քաղցր կը հնչեն, կը լսուին ամբողջ քաղաքէն՝ աւետելով Նոր Տարին: «Ուտենք, խմենք անուշ գինին, ասենք ողորմին՝ ողջութիւն հայոց ազգին»:
ՄԷԿ ՀԱՏ «ՍԻՐՏ» ԿՈՒ ՏԱՔ
Ապշած էք, գիտե՛մ: Կարինն է այս՝ Բարձր Հայքի խոշորագոյն քաղաքը: Մինչեւ որ կարնեցիի մը ապարանքին հասնիք, դուք նկատեցէք Արծնեան երկսեռ վարժարանը եւ անոր 334 աշակերտները, որոնք Կաղանդի հանդէս մը պատրաստած են: Նոյնպէս ուրախ են Աղաբալեան, Գալֆայեան, Հռիփսիմեան, Մսրեան եւ Տէր Ազարեան դպրոցներու աշակերտները: Կարնոյ Հայկական թատերական միութիւնը արդէն իսկ պատրաստած է տարեմուտի շքեղ հաւաքոյթ մը: Իսկ քաղաքի մշակութային ընկերութիւնները՝ Անձնուէրը, Վարդանանցը, Ընկերասիրացը, Սիսականը, Կրթականը եւ Աղքատասիրացը, «Էնվարէ Շարքիյէ» թերթի հայերէն էջերուն վրայ տուած են Նոր Տարին շնորհաւորող ուրախ յայտարարութիւններ: Իսկ ամէնէն սիրունը՝ քաղաքի հայկական երեք մանկապարտէզներու աշակերտներն են: Փոքրիկ աղջնակներու մազերը տօնական կամիր ժապաւէններով են զարդարուած: Իսկ տղոց սեւ շապիկներու լամբակին համար ուսուցչուհիները մետաքսէ կակաչներ շինած են: Ահա ձեզ հիւրընկալող տունը: Եռայարկ շքեղութիւն մըն է անիկա: Վառած են բոլոր լոյսերը: Պատուհաններէն դուրս կը յորդի ամանորեայ ցնծութիւնը: Դուք ներս չմտած՝ նայեցէք ձախ կողմ, փողոցին անկիւնը կրպակ մը կայ: «Ողջոյն» մը տուէք պարոն Ղունկիանոսին, քաղաքի սիրուած թերթավաճառին, եւ իբրեւ յիշատակ՝ ուզեցէք հայկական բոլոր թերթերուն Կաղանդի յատուկ թիւը: Պարոն Ղունկիանոսը ձեզի պիտի տայ «Յառաջ» մը, «Սիրտ» մը, «Երկիր» մը եւ «Լոյս» մը: «Ուտենք, խմենք անուշ գինին, ասենք ողորմին՝ ողջութիւն հայոց ազգին»:
ԱՅՍ ՏԱՐԻ Ո՞Վ Է ԲԱԽՏԱՒՈՐԸ
Խորհրդաւոր կէս գիշեր է. Կարնոյ մանուկները, հարսերը իրենց մեծերուն ձեռքերը կը համբուրեն: Մեծերն ալ պատրաստ են զանոնք կաղնդելու. բարձին տակէն շողշողուն դրամ կը հանեն: Տիկինները արդէն իսկ թխած են պատուական տարեհացը: Այնքան մեծ է անիկա, որ պիտի կշտացնէ նահապետական ընտանիքի բոլոր անդամները, աղքատները, ուղեւորները, ուխտաւորները, Կարնոյ ձիւնազարդ դաշտերը, սառած աղբիւրները, Ծիրանեաց լեռները, Այծպտկունքի մարգերը, ինչպէս նաեւ ձեզ եւ մեզ: Տարեհացը զարդարուած է գոյնզգոյն կուտերով, փայլուն եւ հիւթալի չամիչներով: Խաչաձեւ է անիկա, երբեմն ալ՝ մարդակերպ: Վրան կան տօնական նախշեր: Տանտիկինը անոր մէջ մէկ հատ ալ մետաղեայ դրամ դրած է: Այս տարի ո՞վ է բախտաւորը: «Ուտենք, խմենք անուշ գինին, ասենք ողորմին՝ ողջութիւն հայոց ազգին»:
ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԲԱԺԱԿԸ
Կաղանդի այս ուխտագնացութիւնը, յարգելի ընթերցող, կը կարծեմ՝ թէ՛ մարմնապէս եւ թէ հոգեպէս կշտացուց մեզ: Իսկ յաջորդ եւ վերջին պտոյտը մեզ թող տանի Հաճըն, Արաբկիր, Եոզղատ, Ամասիա, Զէյթուն եւ Մալաթիա: Հոն ալ հիւր ըլլանք Կաղանդի սեղանին, արծաթ կամ ոսկի դրամ ստանան սիրունատես հարսերը, աղբիւր երթան երիտասարդները, Աւետիս երգեն մանուկները, գօտեկախ խաղան պատանիները, իսկ մենք վայելենք սեղանի շնորհները, միաբերան գոչելով՝ «Ուտենք, խմենք անուշ գինին, ասենք ողորմին՝ ողջութիւն հայոց ազգին»:




Leave a Reply