Քեսապի գիւղերը` կիլիկեան աշխարհի վերապրող վկաները
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Քեսապի եւ ընդհանուր առմամբ Անտիոքի շրջանի հայութեան համար նուիրական ուխտատեղի էր Կասիոս լերան լանջին գտնուող Պարլահոյ վանքը կամ Պալլումը: Մայր Աստուծոյ նուիրուած Պալլում անցեալին Զեւս աստուծոյ սրբավայրը եղած է:
Գրիգոր Բ. Վկայասէր կաթողիկոս (1066-1105), որ Աթոռը Ծամնդաւի մէջ հաստատեց, իր ճանապարհորդութիւններու ընթացքին այցելած է Պարլահոյ եւ յիշած է զայն իբրեւ հայկական սեփական պարգեւական եկեղեցի: Հետագային, Գրիգոր Դ. Տղայի (1173-1193) կաթողիկոսական ձեռնադրութեան եւ օծման ներկայ եղած են եպիսկոպոսներ Պարլահոյէն եւ Շուղրէն:
Անտիոքի յոյն ուղղափառ պատրիարքութեան կողքին, 1100-ին հիմնուեցաւ Անտիոքի լատին պատրիարքութիւնը եւ Պեռնար տը Վալասն առաջին պատրիարքը եղաւ:
Անտիոքի լատին դքսութեան բնակիչները գլխաւորաբար հայեր, յոյներ, ասորիներ, իսլամներ եւ խաչակրական արշաւանքէն ետք մեծամասնութեամբ հարաւային Իտալիոյ Ափուլիայի եւ Քալապրիոյ շրջաններէն գաղթած լատիններ էին:

Մեր պապերուն մօտ պահուած աւանդութեան մը համաձայն Սելտրանի բարձունքին Թրոնոս անունով բնակավայր մը եղած է: Լերան քարքարուտ բարձունքին հնութիւններ պահպանուած են:
* * *
Անտիոքի դուքս Պոհեմոնտ Ա. տը Թարենթէ 1104-ին, Խառանի ճակատամարտին պարտուեցաւ սելճուքներէն: Այնուհետեւ ան Իտալիա մեկնեցաւ, զօրք հաւաքեց եւ Արեւելք վերադառնալով 1107-ին յարձակեցաւ Բիւզանդիոնի վրայ, բայց պարտուելով 1108-ին Տեւոլի դաշինքը կնքեց, ինքզինք ճանչնալով իբրեւ բիւզանդացիներու վասալ, իսկ մահէն ետք Անտիոքի դքսութիւնը կայսեր պիտի անցնէր:
Պոհեմոնտ Ա. տը Թարենթէ Անտիոքի դքսութիւնը իր քրոջ որդի Թանքրէտ տը Հոթվիլի յանձնելով կրկին Իտալիա մեկնեցաւ, ուր մահացաւ 1111-ին:
Պոհեմոնտ Ա.ի մահէն ետք Բիւզանդիոն պահանջեց Տեւոլի դաշինքին գործադրութիւնը, սակայն Թանքրէտ, Երուսաղէմի Պոտուէն Ա. թագաւորին եւ Թրիփոլիի կոմս Պերթրանի աջակցութեամբ, մերժեց բիւզանդացիներու պահանջը:
Թանքրէտի մահէն ետք, 1112-ին, Անտիոքի դքսութիւնը ժառանգեց Պոհեմոնտ Ա.ի որդի Պոհեմոնտ Բ., որ երեք տարեկան էր, իսկ Թանքրէտի ազգական Ռոժէր տը Սալերնօ խնամակալ նշանակուեցաւ:
Թրքական Տէօկէր ցեղը զօրացած էր հիւսիսային Սուրիոյ մէջ: Ցեղի պետերէն Արթուք բէկ, որ սելճուքեան բանակի հրամանատարներէն էր, իշխանութիւն հիմնած էր: Անոր որդիներ Սէօքմէն եւ Իլղազի իշխանութիւնը տարածեցին Ճեզիրէէն մինչեւ Տիարպեքիր, Մարտին եւ Հասանքէյֆ: Իլղազի 1117-ին Հալէպի կառավարիչը եղաւ:

Ռոժէր տը Սալերնօ 1118-ին գրաւեց Ազազը եւ մօտեցաւ Հալէպի: Հակայարձակման անցնելով, Իլղազի արագօրէն յառաջացաւ եւ մտաւ Անտիոքի դքսութեան սահմանները: Ռոժէր, իր կողքին ունենալով Պեռնար տը Վալանս պատրիարքը, պատրաստուեցաւ դիմադրութեան: Պատրիարքը Ռոժէրի թելադրեց օգնութիւն խնդրել Երուսաղէմի Պոտուէն Բ. թագաւորէն եւ Թրիփոլիի կոմս Պոնսէն:
Երուսաղէմի թագաւորն ու Թրիփոլիի կոմսը իրենց զօրքերով ճամբայ ելան դէպի Անտիոք:
Ռոժէր տը Սալերնօ Իտլիպի մօտակայ Սարմատա լեռնանցքին վրայ կեդրոնացուց իր 3700 հոգինոց բանակը, իսկ Իլղազի 20 հազար կռուողներով, կեդրոնացաւ Աթարէպի մէջ:
Վճռական ճակատամարտը տեղի ունեցաւ 28 յունիս 1119-ին, Սարմատա լեռնանցքին վրայ: Խաչակիր բանակը սկզբնական յաջողութենէ ետք ծանր հարուած ստացաւ, շրջափակման մէջ յայտնուեցաւ եւ ջախջախուեցաւ: Ռոժէր տը Սալերնօ դէմքին սուրի հարուած ստանալով ինկաւ նահատակ:
Իլղազիի զօրքը այնուհետեւ շարժեցաւ դէպի Անտիոք, ճամբուն վրայ աւերելով քրիստոնեայ բնակավայրերը եւ գերեվարելով անոնց բնակիչները:
Ստեղծուած կացութեան առջեւ Երուսաղէմի Պոտուէն Բ. թագաւոր, որ իր զօրքով Անտիոքի մօտերը հասած էր, թուրքմէններուն կողմէ յարձակումի ենթարկուելով Քասպիսի հայերուն մօտ ապաստան գտաւ: Նոյն օրերուն, 1119 յուլիսին, Լաթաքիոյ եւ Անտիոքի միջեւ թուրքմէններուն կողմէ յարձակումի ենթարկուեցաւ Թրիփոլիի կոմս Պոնս եւ նոյնպէս Քասպիսի հայերուն մօտ ապաստան գտաւ:
Պոտուէն Բ. թագաւոր եւ կոմս Պոնս Անտիոք հասան 1119 յուլիսի վերջաւորութեան կամ օգոստոսի սկիզբը: Անտիոքի քրիստոնեայ մեծամեծները Պոտուէն Բ.-ը ճանչցան իբրեւ դքսութեան խնամակալ:
* * *
Թուրքմէն Զենկիներու ցեղապետ Իմատէտտին Զենկի 1144-ին նուաճեց Եդեսիոյ լատին կոմսութիւնը, որմէ ետք, խաչակրական երկրորդ արշաւանքի (1147-1149) ժամանակ Անտիոքի շրջանը յարձակման ենթարկուեցաւ Հալէպի աթաբէկ Նուրէտտին Մահմուտ Զենկիի կողմէ:
Թուրքմէնական զօրքերը հասան Աֆրինի մօտակայ Ինապ գիւղը, որ 29 յունիս 1149-ին տեղի ունեցաւ վճռական ճակատամարտը: Անտիոքի դքսութեան զօրքերը ծանր հարուած ստացան եւ դուքս Ռեմոնտ տը Փուաթիէ ինկաւ նահատակ:
Այնուհետեւ թուրքմէնական զօրքերը շարունակեցին իրենց յաղթական արշաւանքը եւ հասան մինչեւ Անտիոք ու պաշարեցին քաղաքը:
Թուրքմէններ աւերեցին շրջանի քրիստոնեայ բնակավայրերը եւ մեծ կորուստներ պատճառեցին քրիստոնեաներուն:
Երուսաղէմի Պոտուէն Բ. թագաւորի դէպի հիւսիս արշաւանքի պայմաններուն տակ Նուրէտտին Զենկի բանակցութեան մէջ մտաւ խաչակիրներուն հետ եւ Անտիոքի դքսութեան ու Հալէպի միջեւ նոր սահման գծուեցաւ:
Իտլիպի մօտակայ Հարիմ գիւղին մէջ 12 օգոստոս 1164-ին տեղի ունեցած ճակատամարտին ժամանակ Անտիոքի Պոհեմոնտ Գ. դուքս գերի ինկաւ Նուրէտտին Զինկիի ձեռքը, որմէ ետք Անտիոքի եւ Հալէպի միջեւ սահմանը տեղափոխուեցաւ Որոնդէս գետի ափերը:
* * *
Մեմլուքներ, որոնք 1250-ին տիրացած էին Եգիպտոսի իշխանութեան, 1260-ին 120 հազարնոց բանակով շարժեցան դէպի Պաղեստին: Այն Ճալութի ճակատամարտին, 3 սեպտեմբեր 1260-ին անոնք նուաճեցին մոնկոլական բանակը, որմէ ետք գրաւեցին Դամասկոսը եւ սուրիական այլ քաղաքներ:
Սուլթան Պայպարսի հրամանատարութեան տակ գործող մեմլուք բանակը շարժեցաւ դէպի Կիլիկիա եւ պաշարելով Անտիոքը 18 մայիս 1268-ին գրաւեց քաղաքը:
Մեմլուքներ աւելի քան դար մը շարունակ իրերայաջորդ յարձակումներ շղթայազերծեցին Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան վրայ: Կիլիկիային, Անտիոքի շրջանէն եւ Սուրիոյ տարբեր վայրերէ պարբերաբար հայեր կը գերեվարուէին եւ Եգիպտոս կը տարուէին:
* * *

Կիլիկիայէն Քեսապ հայերու տեղափոխութեան վերաբերեալ աւանդութիւն մը պահպանուած էր մեր պապերուն մօտ: Այդ աւանդութեան համաձայն Սիսի անկումը պատճառ դարձաւ որ մեծաթիւ հայեր Քեսապի եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ ապաստան գտնեն:
Արդարեւ, մեմլուքներ իրենց յաճախակի ասպատակութիւններով կը հասնէին մինչեւ մայրաքաղաք Սիսի դռները: Հայեր չէին կրնար մշակել իրենց հողերը, թէեւ կը դիմադրէին, բայց մեմլուքներ կը սաստկացնէին բռնութիւնները:
Եգիպտոսի մեմլուք սուլթան Աշրաֆ որոշեց վերջ տալ Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութեան: Մեմլուքներու 15 հազարնոց բանակը Ապուպեքիր զօրավարի գլխաւորութեամբ 5 յունուար 1375-ին պաշարեց մայրաքաղաք Սիսը: Շուտով եգիպտացիներուն միացաւ Հալէպի ամիրան` իր 15 հազարնոց բանակով:
Սիսի բնակիչները յամառ դիմադրութիւն ցոյց տուին: Սակայն ուժերը անհաւասար էին: Հայեր իրենց զօրքը համալրելու հնարաւորութիւն չունէին: Լեւոն թագաւոր, ժողովուրդ եւ զօրք քաղաքին միջնաբերդը ապաստանեցան: Քաղաքը կրակի տրուեցաւ: Մեմլուքներ իրերայաջորդ յարձակումներ շղթայազերծեցին, բայց չյաջողեցան գրաւել միջնաբերդը: Սովն ու հիւանդութիւնները նեղ կացութեան մատնեցին պաշարուածները:
Պօղոս Ա. Սսեցի կաթողիկոս անձամբ մասնակցեցաւ Սիսի պաշտպանութեան եւ իր ներկայութեամբ ոգեշնչեց մարտնչողները: Կռուի ժամանակ Լեւոն թագաւոր վիրաւորուեցաւ ծնօտէն, իսկ Կեջեղակ վարդապետ նահատակուեցաւ: Եգիպտացիք թագաւորին առաջարկեցին անձնատուր ըլլալ:
Հայերուն համար պարզ էր, որ քաղաքը պաշտպանել այլեւս հնարաւոր չէր եւ կաթողիկոսին հետ որոշեցին անձնատուր ըլլալ:
Պօղոս Ա. Սսեցի կաթողիկոս անձամբ բանակցութիւններ վարեց Ապուպեքիր զօրավարին հետ:
Կեանքի ապահովութեան երդմնագիր ստանալէ ետք Լեւոն թագաւոր, Պօղոս Ա. Սսեցի, իշխաններ եւ եպիսկոպոսներ անձնատուր եղան:
Թղթատար աղաւնի մը հայերու անձնատուութեան լուրը Գահիրէ տարաւ:
Լեւոն թագաւոր եւ իր ընտանիքը, Մարիուն թագուհի, Պօղոս Ա. կաթողիկոս, պարոններ եւ մեծամեծ իշխաններ կիրակի, 22 ապրիլ 1375-ին, Զատկի օրը ճամբայ հանուեցան դէպի Հալէպ, ուրկէ յետոյ Գահիրէ տարուեցան:
Սիսէն գերեվարուեցան նաեւ շուրջ չորս հարիւր հայեր եւ ճամբայ հանուեցաւ դէպի Եգիպտոս:
Մեր պապերը կը պատմէին, որ այդ չորս հարիւր գերեվարուած հայերը երբ Համա կը հասնին, անոնցմէ շատեր կը յաջողին փախուստ տալ եւ կ՛ուղղուին դէպի հիւսիս-արեւմուտք: Անոնցմէ քանի մը հոգին Գնէյի եւ Եագուպիէի մէջ ապաստան կը գտնեն, քանի մը հոգին Արամոյի եւ Ղնեմիէի մէջ կը տեղաւորուին, իսկ մնացեալները Քեսապ կը հասնին եւ հոն բնակութիւն կը հաստատեն:
www.aztagdaily.com




Leave a Reply