Լոյս տեսաւ «Արցախի դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան գիտաժողովի նիւթեր» հատորը

Անթիլիասի տպարանէն 2025ին լոյս տեսաւ «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ»ի թիւ 18 հատորը«Արցախի Դէմ Իրականացուած Ցեղասպանութեան Գիտաժողովի Նիւթեր (21-22 Ապրիլ, 2024)», բաղկացած 362 էջերէ:

«Մտածումներ ու առաջադրութիւններ հայկական աշխարհը դիմագրաւող տագնապներուն ու զարգացումներուն գծով» խօսքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ կ՛ըսէ, որ հայ ժողովուրդը կ՛ապրի իր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ճակատագրական փուլերը:

Հայաստանի եւ Սփիւռքի ռազմավարութեան վրայ կեդրոնանալով, վեհափառը կը շեշտէ, որ անհրաժեշտ է համոզուիլ, թէ Արցախի հարցը չէ լուծուած եւ ան կը մնայ առաջնահերթ` համահայկական օրակարգի վրայ: Իսկ Արցախի հայութեան վերադարձը պէտք է երաշխաւորել միջազգային օրէնքի լոյսին տակ:

«Ատրպէյճան. պատմութեան կեղծարարութիւնը պետական քաղաքականութիւն» յօդուածին մէջ փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան կ՛ըսէ, որ նոր ժամանակներուն ասպարէզ իջած եւ իրենց նուաճողական քաղաքականութեամբ յայտնի ազգերէն շատերուն, յատկապէս` թրքալեզու ժողովուրդներուն բնորոշ է սեփական պատմութիւնը կեղծելու վարքագիծը: 1918ին պատմական Աղուանքի մէջ կազմաւորուած թրքական պետութիւնը կոչուեցաւ Ատրպէյճան, եւ յառաջ մղուեցաւ անոր «աղուանական» տեսութիւնը:

«Մեծ Ատրպէյճան ծրագիրը համաթրքական հայեցակարգում. պատմութիւն եւ արդի մարտահրաւէրներ» յօդուածին մէջ փրոֆ. Գէորգ Ստեփանեան կ՛ըսէ, որ «Մեծ Ատրպէյճան» ծրագիրի ռազմավարական եւ մարտավարական բաղադրիչներն են` բռնագրաւուած տարածքներու բնիկ ժողովուրդներու ցեղասպանութիւն, մշակութային, հոգեւոր ժառանգութեան եւ քաղաքական պատմութեան իւրացում:

«Ատրպէյճանի հակահայ ժողովրդագրական քաղաքականութիւնը Արցախում 1921-2003ին» յօդուածին մէջ փրոֆ. Գայիանէ Յովհաննիսեան կ՛ըսէ. որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խորհրդային ժամանակաշրջանին Ատրպէյճանի կողմէ գործադրուած է հակահայ ժողովրդական քաղաքականութիւն, որուն պատճառով մարզին ազգագրական պատկերը զգալիօրէն փոխուած է: Նոյն քաղաքականութիւնը շարունակուած է` յանգեցնելով հայ բնակչութեան ամբողջական զտման:

«Հարաւային Կովկաս. թրքական գործօնը եւ Հայաստանը» յօդուածին մէջ փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան դիտել կու տայ, որ Թուրքիա՝ խրախուսելով Ատրպէյճանի յարձակողական նկրտումները Արցախի դէմ, օգնեց անոր 44օրեայ պատերազմին եւ հասաւ ստեղծուած սթաթուս-քուոյի (հաստատուած իրավիճակին) փոփոխութեան յօգուտ Թուրքիոյ եւ թուլցուց Ռուսիոյ դիրքերը:

«Սիւնիքը աշխարհաքաղաքական հանգոյց եւ Իրանի դիրքորոշումը» յօդուածին մէջ Կարէն Խանլարեան կ՛ընդգծէ Սիւնիքի աշխարհաքաղաքական դերը համաթրքական ծաւալապաշտութեան խափանման գործին մէջ. ան կը նշէ, որ Սիւնիքը Իրանի համար փոքր դարպաս մըն է դէպի Հայաստան եւ տարածաշրջան:

«Փանթուրքիզմը եւ փանիսլամիզմը` թուրք-ատրպէյճանական ռազմաքաղաքական եւ տնտեսական գործակցութեան հիմք» յօդուածով Ահարոն Շխրտըմեան կ՛ըսէ, որ Ալիեւ եւ Էրտողան վարագոյրի ետին համաթուրանական օրակարգ կը հետապնդեն Հայաստանի դէմ:

Փրոֆ. Արմէն Մարուքեան կ՛անդրադառնայ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին քարոզչական եւ տեղեկատուական դրսեւորումներուն:

«Ցեղասպանութեան հետեւանքներ եւ իրաւական հետապնդում. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիմումի նախադէպ» յօդուածին մէջ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան կ՛ըսէ, որ Միջազգային արդարութեան ատեանին առջեւ Հայաստանի պետութեան բարձրացուցած դատը կարեւոր քայլ է. կը նշէ, որ դատական հայցը կ՛ընդգրկէ Ղարաբաղի ժողովուրդի վերադարձի եւ ապահովութեան հարցերը:

Դոկտ. Իսկուհի Աւանէսեան կը խօսի 44օրեայ պատերազմի ընթացքին Արցախի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի ցեղասպանական գործողութիւններու մասին: Իսկ փրոֆ. Վահրամ Բալայեան կը խօսի 2023 Սեպտեմբեր 19ին ռազմական գործողութիւններու եւ անոնց հետեւանքներու մասին:

Եղիա Թաշճեան կը խօսի աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրներու եւ հայկական արտաքին քաղաքական ընտրութիւններու մասին:

«Ատրպէյճանի կիրարկած ցեղասպանական քաղաքականութեան դիմաց Երեւանի եւ միջազգային համայնքի արձագանգները» յօդուածին մէջ Շահան Գանտահարեան կ՛ըսէ, որ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմը պաշտօնական Երեւան օրին բնութագրեց իբրեւ ցեղասպանութիւն կամ ցեղային զտում: Իրենց կարգին ցեղասպանագէտներ եւ իրաւագէտներ, ինչպէս նաեւ ֆրանսացի մտաւորականներ արձանագրեցին Ազրպէյճանի կողմէ գործուած ցեղասպանական եւ ցեղային զտման քաղաքականութիւնը:

Դոկտ. Արփինէ Բաբլումեան կը խօսի Արցախի հայութեան բռնագաղթի ու հայրենազրկման գծով միջազգային մամուլի անդրադարձի մասին:

«ԼՂՀի միջնորդական եւ բանակցային գործընթացի ձախողեցման պատճառները» յօդուածին մէջ դոկտ. Հրայր Պալեան կը շեշտէ, որ խաղաղութիւն ստանալու համար պէտք է պատերազմի պատրաստուիլ: Առանց հակամարտող կողմերու միջեւ ուժերու հաւասարակշռութեան, տկար կողմը կը մնայ խաղաղութիւն մուրալու դերին մէջ, կը յայտնէ ան:

Դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան կ՛անդրադառնայ Արցախը սփիւռքեան օրակարգի վրայ (վերա)սահմանելու հեռանկարին:

Դոկտ. Մելանիա Բալայեան, Լեռնիկ Յովհաննիսեան եւ Արմինէ Տիգրանեան իրենց ելոյթներուն մէջ անդրադարձած են Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի մշակութային ժառանգութեան իւրացման եւ ոչնչացման քաղաքականութեան:

Հատորին մէջ լոյս տեսած գիտաժողովին նիւթերէն եզրակացնելով կարելի է հաստատել, որ արցախահայութեան իրաւունքները անհրաժեշտ է հետապնդել հետեւողական եւ համապարփակ համազգային քաղաքականութեամբ:

https://asbarez.am/archives/496293

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2026
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ