Քեսապցիներու ծածկանունները

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Քաջածանօթ ենք, որ իւրաքանչիւր շրջան, նահանգ, գաւառ, քաղաք կամ գիւղ ունի իր իւրայատուկ բարքերն ու սովորութիւնները: Եւ բնական է, որ ծննդավայրս` Քեսապը, նաեւ ունենայ իր իւրայատկութիւնները:

Այդ իւրայատկութիւններէն է հանրութեան կողմէ մարդոց մակդիր ու ածական տալը: Իմացած եմ, որ նոյն սովորութիւնները ունին նաեւ Քեսապի դրացի մուսալեռցիները:

Ծածկանունները, որոնք իրենց ետին կը պահեն երբեմն իմաստութիւն, սրամտութիւն կամ հաճելի ու անհաճոյ իրականութիւններ, իսկ երբեմն ալ` վիրաւորական ու տգեղ իրականութիւններ:

Միշտ չէ, որ ծածկանուններուն տէրերը յօժարած ու ընդունած են մակդիրները. ոմանք նոյնիսկ ըմբոստացած են ու ցմահ մերժած` իրենց կպցուած ածականները:

Սկսելու համար ընդգծեմ, որ մեր ընտանիքը անմասն չէ եղած մակդիր վաստկելէն: Ուրեմն նախապատուութիւնը պիտի տամ հանգուցեալ հօրս, որուն տրուած էր Փայլուն Վահան ծածկանունը: Շարժառիթը եղած է անոր գեղադէմ արտաքին ունենալը, եւ իրազեկ եղած եմ, որ այդ մակդիրին հեղինակները եղած են Քեսապի երիտասարդ աղջիկները, գուցէ հմայուած` իր փայլուն դիմագիծէն կամ…

Ես սիրայօժար ժառանգած եմ (մասնակի) այդ մակդիրը, երբ մտերիմ ընկերներս քնքշօրէն զիս կանչած են միայն մակդիրով` Փայլուն: Ես ալ, իմ կարգիս, տղուս` Վահանին ժառանգ ձգած եմ իր մեծ հօր մակդիրը:

Քեսապի մէջ կային Վահան անունով բազմաթիւ մարդիկ: Սաղտճեան գերդաստանէն կը յիշեմ Վահան անունով երեք հոգի: Վաթանիկ Վահանը, բայց մանաւանդ Զուռնաճի Վահանը: Այս վերջինը մնայուն ու անզուգական զարդն էր Քեսապի ուրախ առիթներուն, խրախճանքներուն ու հարսանիքներուն: Ան լաւապէս կը տիրապետէր Քեսապի պարեղանակներուն: Նշանակելի էր անոր նուագածութիւնը Ս. Աստուածածնայ Վերափոխութեան տօնին յաջորդող երգ ու պարի տարեկան տօնախմբութիւններուն: Թէեւ Քեսապի մէջ ունէինք Էսդրատային նուագախումբ մը` իբրեւ նորարարութիւն, սակայն գերնախընտրելի էր Զուռնաճի Վահանին նուագածութիւնը այդ ուրախ առիթներուն: Անոր կը յաջորդէին Քեսապի աշուղներուն մեկնաբանութիւնները Քեսապի պար-երգերուն ու խաղիկներուն: Անոնցմէ յիշատակելի են Ժիրայրը (միակ ողջ մնացած բազմաշնորհ աշուղը), Միշէլ պապուկը, Կէկուս (Կիրակոս) Ամմին, վերջինիս եղբայրը` Ժանը, Թուփալ Մինասը… եւ շատ ուրիշներ:

Փայլուն Վահան

Վահան անունը կրողներէն շատ հռչակաւոր էր Երկար Վահանը: Հայրս` Փայլուն Վահանը` կարճ չէր, սակայն Երկար Վահանը շատ երկար էր, գուցէ` 200 սմ: Այս Վահան անունով երկու մարդիկը կը զբաղէին առեւտուրով եւ ունէին իրենց վաճառատուները, նաեւ մօտիկ գործակիցներ էին:

Քեսապը եւս ունէր իր Ստալինը, որ ուսուցիչ էր, եւ ոչինչ ունէր Խորհրդային Միութեան ճիւաղին նմանող` ո՛չ արտաքինով, ո՛չ ալ բնաւորութեամբ, բացի իր ստալինանման թաւ պեխերէն: Այլ գիւղի մը մէջ կային երկու եղբայրներ` մին Խրուչէօֆ, իսկ, միւսը` Մոլոթոֆ: Թէ ինչո՞ւ այդպէս կոչուած էին, ցարդ չեմ կրցած իմանալ:

Այլ գիւղի մը մէջ ունէինք Քենետին. որովհետեւ ան իր շէկ մազերով ու դիմագիծով որոշ չափով կը յիշեցնէր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճոն Քենետին: Ու որպէսզի Քեսապի «Քենետին» մինակ չմնայ, ուրեմն այլ երկու անձեր եւս «մկրտուեցան», մէկը կոչուած էր Ճոնսըն, իսկ երկրորդը` Նիքսըն:

Ունէինք նաեւ Հիթլերը` իր հիթլերանման պեխերուն համար այդպիսին կոչուած: Ունէինք նաեւ Բաղրամեանը` հնչափոխութեամբ Բագրամեանը, որովհետեւ «կնքահայրը» զինք նմանցուցած էր Խորհրդային Միութեան նշանաւոր մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեանին:

Պատմութիւն դարձած` նշանաւոր էին Տանան եւ Արպադաշը:

Տանա կոչուած է այդ ռանչպարը, որ Քեսապէն քալելով 3-4 ժամ հեռու արտեր ունէր ու մէջքին կապած պաշարի ծրարը կ՛երթար այնտեղ 2-3 օրուան վաստակի համար: Ու առաջին հերթին, երբ կը նստէր ծառի մը տակ նախաճաշելու, այդ ծրարի պաշարը մէկ նիստով կը լափէր: Եզի մը նմանցնելով զայն` կոչած էին տանա (եզ): Ու ան չէր նեղանար իր մակդիրէն:

Արպադաշը որմնադիր էր ու կը մերժէր իր ածականը:

Առիթով մը Տանան կը հանդիպի Արպադաշին ու կը բարեւէ` ըսելով.

– Բարե՛ւ, Արպադաշ ամմի:

– Գլխուդ տնկուի  արպադաշը, անպիտա՛ն, կ՛ըլլայ անոր պատասխանը:

Տանան` ծիծաղը դէմքին, կը պատասխանէ.

– Ամմի՛, եկո՛ւր, փոխանակենք մեր ծածկանունները. առ տանան տուր ինծի Արպադաշը:

Քեսապի մէջ ապրած են բազմաթիւ մինասներ` Շաշ Մինաս, Թուփալ Մինաս, Գահուաճի Մինաս եւ Գադուլը Մինաս…

Պարզ է, որ շաշ կոչուած է իր շիլ աչքերուն համար: Թուփալը` իր կաղ ոտքին համար: Գադուլը Մինասը` կաթողիկէ, զայն զատորոշելու համար մինասներու խումբէն:

Իւրայատուկ երեւոյթ էր Գահուաճի Մինասը, որ Քեսապի հին շուկային մէջ կը բանեցնէր գինետուն-սրճարան մը: Ուշ գիշերին ան կը հնչեցնէր իր սազը, որուն եղանակը կը միախառնուէր Քեսապի տուներուն մէջ պատրաստուած թուզի օղիի բուրմունքին:

Այլ երեւոյթ մը եւս: Քեսապէն հեռու, պանդխտութեան մեկնած անձինք, եթէ ձախորդութեան հանդիպելով, հարկադրուած վերադառնային ծննդավայր, անպայման անոնց կը տրուէր ծածկանուն մը, որ յիշեցնէր իրենց պանդխտութեան վայրը:

Գարատուրան գիւղին մէջ ունէինք Ընկըլըզ հօրեղբայր մը, որ Անգլիա չէր հասած, բայց ծառայած էր անգլիական բանակին մէջ: Կար երկրորդ Ընկըլըզ մը, որ մեկնած էր Քեսապէն:

Ուրիշ մը մեկնած էր Ֆրանսա եւ աշխատած էր Լը Հաւր (Le Havre) քաղաքին մէջ: Վերադարձին կոչուած էր Հաւր:

Քանի մը անձեր հասած էին Հարաւային Ամերիկա` Պրազիլ: Եւ Քեսապ վերադառնալով` զանոնք «մկրտած էին»` Սինիոր:

Ուրիշներու տրուած մակդիրները արտայայտիչն էին անոնց բնաւորութիւններուն: Այսպէս, ունէինք խիստ ու բարկացոտ բնաւորութեամբ` Սարդ (խիստ) Նոֆէրը ու անոր համագիւղացի Մըլայըմ (մեղմ, գաղջ) Նոֆէրը: Երրորդ մը կոչած էին Քալագ (սեխի անհամ ոչ քաղցր տեսակ մը), իր պաղ-պաղ զրուցելուն համար:

Կար նաեւ ուրիշ խմբակ մը, որուն անդամներուն տրուած մակդիրները մեկնութիւնն էին անոնց դիմագիծին: Մէկը դախուեճիկ (գեղեցիկ) կոչուած էր իր չափազանց տգեղ դէմք ունենալուն համար: Իսկ երկու թուխ դրացիներուն տրուած էր Գարագրչըք եւ Գէմզէօ մակդիրները:

Անցնող դարու սկիզբը ուսման մեկնած երիտասարդներ, երբ ակնոց կրելով` կը վերադառնային Քեսապ, զանոնք «տոքթոր» կը կոչէին: Ուրիշ ուսեալի մը տրուած էր Պէրուն (պարոն) ծածկանունը, որովհետեւ ան անվարժ էր գիւղատնտեսական աշխատանքներուն:

Կը յիշեմ տարեց անձ մը, որուն տրուած էր Ձագմար ծածկանունը, որովհետեւ ան երբ այցելութեան երթար իր մէկ ծանօթին, անոր քով 4-5 ժամ կը մնար, ուստի զայն նմանցուցած էին հաւկիթներուն վրայ 21 օրեր թուխս նստող հաւուն:

Քեսապ ունէր նաեւ իր բանակային աստիճանաւորումը ունեցող անհատներ:

Օնպաշի պապուկ ծառայած էր ամերիկեան բանակին մէջ: Ուրիշներ Խմբապետ ու Տասնապետ կոչուած են ֆրանսական հոգատարութեան կազմած տեղական զինական փաղանգներուն (միլիսներ) մէջ ծառայելնուն համար:

Քեսապի մէջ կը գործէր նշանաւոր զինագործ մը, որուն տուած էին Հաճի Արթին անունը: Ան ոչ միայն ձախաւեր զինագործ մըն էր, այլ նաեւ հեղինակ էր երեւակայածին մասալ-պատմութիւններու, որոնց միայն ինք կը հաւատար: Իսկ երբ ոեւէ մէկը այդպիսի երեւակայական անհաւատալի պատմութիւններ պատմէր, քեսապցիք անոր կ՛ըսէին` «Կը բաւէ հաճէրթնէօք (Հաճի Արթինին նման) պատմութիւններ դուրս տաս»:

Յակոբը շատ կարճ էր, համարեայ գաճաճ. ուրեմն ան կը կոչուէր խլուրդ Յակոբ (խլուրդը գետնափոր բոյներու մէջ ապրող փոքր անասուն մըն է, ու շատ ճարպիկ հաւ գողցող է):

Գրութիւնս աւարտելու համար յիշեմ երկու պատմական անձնաւորութիւններ, որոնց տուած մակդիրները արտայայտութիւն են անոնց հանդէպ քեսապցիներուն տածած ոչ միայն յարգանքին, այլ նաեւ` սիրոյ:

Առաջինը հայդուկապետ Վարդան Շահպազն է, որ կարճ ժամանակ մը ապրած է Քեսապի մէջ: Իր բնակավայրը եղած է Քեսապի Ժողովրդային տան գրադարանի սենեակը: Իբրեւ վարպետ հիւսն ատաղձագործ` շատերուն օգտակար հանդիսացած է, առ այդ, իր մարդասէր ու հեզահամբոյր բնաւորութեան համար զայն կոչած են Հայրիկ:

Երկրորդը Քեսապի տային է` Ովսիա Սաղտճեանը, որ Քեսապ վերադարձած է Ամերիկայէն, իբրեւ կամաւոր մասնակցած է Արարայի պատերազմին: Իսկ 1919-ին խոյս տուած է դաշնակիցներու բանակէն եւ Քեսապ գալով` իր խմբակով պաշտպանած է գիւղը եւ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած, վերադարձող գիւղացիները այդ անիշխանական օրերուն Քեսապը ասպատակող թուրք հրոսակներէն: Ապա նշանակուած է Քեսապի որբանոցին պատասխանատու: Ան իր վեհանձն, ծառայասէր, մարդասէր բնաւորութեան համար ստացած է Տայի մակդիրը:

Արժէ յիշել, որ «Քեսապի Տային» վերնագիրով հատորակ մը հրատարակուած է Կարօ Յովհաննէսեանի խմբագրութեամբ:

Գրութիւնս հեռու է տիտղոսաւորներն ու անոնց պատմութիւնները ներկայացնելու միտումէ: Սակայն փորձ մըն է մոռացութենէ փրկելու այս գիւղական պատկեր-սովորութիւնը: Հարիւրաւորներ իրենց դրուագներով դուրս մնացին այս նեղ էջերէն, անոնց ներողամտութիւնը կը հայցեմ:

Այս տողերս համեստ ներկայացում են Քեսապի վերոյիշեալ բարքերուն ու սովորութիւններուն:

24 դեկտեմբեր 2025
Քեսապ

www.aztagdaily.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2026
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ