Հայկական Սփիւռքին նուիրուած խորհրդաժողով Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ

Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ գործող Հայագիտականին եւ TEDxYerevan-ի համագործակցութեամբ՝ 23 յունուարին, նշեալ համալսարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայկական Սփիւռքին նուիրուած խորհրդաժողով մը՝ քննարկելու համար իր հայրենիքէն դուրս ապրող հայութեան յատուկ այլազան փորձառութիւնները եւ համագործակցութեան կարելիութիւնները։

«Tedxlittlearmenia-ն եւ Խառնածին ինքնութիւններ» խորագիրին տակ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան հիւրընկալ համալսարանէն իրաւաբանութեան դասախօս Անի Աճէմեան, SmartGate VC-էն Աշոտ Արզումանեան,  Signal7-ի տնօրէն Արմէն Տէր Գէորգեան, Foreground Design Agency-էն Արուսեակ Գաբրիէլեան, Robin the Robot-ի տնօրէն Կարէն Խաչիկեան, վերջերս Golden Globe մրցանակին արժանացած խումբին մաս կազմող ֆիլմ արտադրող Սեւ Օհանեան եւ ԹՈՒՄՕի տնօրէն Մարի Լու Փափազեան։

Տեղի պիտի ունենայ նաեւ պարային ներկայացում մը Լուտվիկ Իսբիրեանի կողմէ։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ արձանագրուելու համար այցելել կայքէջը։

https://asbarez.am/archives/496177

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2026
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ