Թուրքիոյ երթեւեկի եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ը կրնայ մինչեւ 2030 գործարկուիլ։
Ուրալօղլու ընդգծեց, որ գործընթացը սկսած է Միացեալ Նահանգներու մասնակցութեամբ՝ աւելցնելով, որ այս տարի եւս իրենք այդ ուղղութեամբ յառաջընթաց կ՛ակնկալեն:
«Մենք անցեալ տարի սկսանք Կարս-Իգտիր-Արալըք-Տիլուճու երկաթուղիի շինարարութեան, որ կարեւոր է «Զանգեզուրի միջանցք»ին համար, Ատրպէյճան իր կարգին Նախիջեւանի հատուածին մէջ աշխատանքներ կը կատարէ», յայտնեց Ուրալօղլու:
Անգարա նախորդ Օգոստոսին սկսաւ շինարարութեան Կարսէն դէպի Նախիջեւան` 224 քիլոմեթր երկարութեամբ նոր երկաթուղիի մը, որուն միջոցով Թուրքիան պիտի կապուի Ատրպէյճանին, ապա` տարածաշրջանային միւս ցանցերուն։
Ասոր զուգահեռ, 13 Յունուարին, Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան մէջ, նախարար Գէորգ Պապոյեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հանդիպում-քննարկումին ընթացքին, առաւել քան երեք տասնեակ գործարարներու եւ ներդրողներու հետ արծարծուեցան Թուրքիոյ հետ կապերը։
Պապոյեան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը հետեւողականօրէն յառաջ կը տանի սահմաններու ապաշրջափակման օրակարգը եւ յոյս ունի, որ Թուրքիոյ հետ սահմանները բանալու պարագային պիտի ձեւաւորուին նոր տնտեսական եւ միջոցներու կառավարման կարելիութիւններ:
«Մեզ համար շատ կարեւոր է, որպէսզի սահմանամերձ հատուածներում ստեղծուեն որոշակի լոգիստիկ (միջողներու կառավարման) կարողութիւններ` մասնաւորապէս մաքսային պահեստներ, մաքսային տերմինալներ (վերջակայաններ) եւ լոգիստիկ կենտրոններ», ընդգծեց Պապոյեան, որ նաեւ անդրադարձաւ պետական աջակցութեան այն գործիքակազմին, որմէ կրնան օգտուիլ ընկերութիւնները` այսպիսի ծրագիրներ իրականացնելու եւ ներդրումային նախաձեռնութիւններ զարգացնելու նպատակով:




Leave a Reply