Մուսա Լերան ժողովուրդի աւանդութիւններն ու սովորութիւնները

Կաղանդի և Նոր տարուան աւանդութիւնները Մուսա լերան ժողովուրդին համար կրօնական հանգամանք ունէին: Նուազագոյնը շաբաթ մը առաջ, պատանիները 4-5 մեթր երկարութեամբ դափնեձողեր կը պատրաստէին, որոնց գագաթին կը գտնուէին տերեւախիտ ոստեր:

Կաղանդի առաւօտուն գիւղին երիտասարդները, պատանիները նոյնիսկ մանուկները մեծ խանդավառութեամբ կը հաւաքուէին գիւղին հրապարակը, ուր պատրաստուած կ՛ըլլար փայտերու ահագին դէզ մը: Ուրախութեան բացագանչութիւններով դափնիի ճիւղերուն սաղարթախիտ գլուխները կ՛իջնէին խարոյկին մէջ:

Տերեւներու ճաթըրտոցը խժալուր աղմուկ մը կը բարձրացնէր , մինչեւ որ դափնեձողերը մերկանային եւ սեւնային , որոնցմէ հին ատեն պատանիները կը պատրաստէին նետեր եւ աղեղներ: Այս խարուկահանդէսէն անմիջապէս յետոյ պատանիները կը սկսէին տունէ տուն պտըտիլ կաղանդչէք հաւաքելու համար. իսկ գիշերը երկար չուաններով կապուած պայուսակներ կը նետէին կիսաբաց դռներէն ներս , որոնց մէջ տնեցիները կը լեցնէին թուզ, ընկոյզ, եւ այլ միրգեր:

Նոր տարուան առաջին օրը կը սկսէր ժամ պատարագով, աղօթքով եւ Աստուծոյ ուղղուած փառաբանութեամբ: Ապա կը սկսէին ընտանեկան այցելութիւնները. Ամանորի առթիւ բոլոր ընտանիքները սեղան պատրաստած կ՛ըլլային առատ կերակուրներով ու խմիչքներով ՝ այցելուները պատուելու համար:

https://mousaleranjar.org/traditions/142-the-customs-and-traditions-of-the-mousadaghians

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2026
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ