Մարդ, որ լեռները կը քալեցնէր

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կոմիտասի երգերը այսօր լսելով որքանո՞վ կ՛ազդուի մարդ` չեմ գիտեր, սակայն գիտեմ, որ բոլոր անոնք, որոնք Կոմիտասը հարազատ աչքերով տեսնելու, ականջներով լսելու բախտաւորութիւնը ունեցած են, ապրած են աննկարագրելի զգացում մը, որ բառերով դժուար թէ կարելի ըլլայ բացատրել: Այդ խոր ու տպաւորիչ զգացումը ապրած են մանաւանդ անոնք, որոնք հայրենի հողէն հեռու կը գտնուին: Կոմիտասի տուած զգացողութիւնը հասկնալու համար պէտք է պրպտել ու կարդալ հիները: Կոմիտասը լսելէ ետք իր տպաւորութիւնները գրողներէն մէկը եղած է հայ արձակագիրներէն Տիգրան Կամսարական, որ բախտաւորութիւնը ունեցած է Եգիպտոսի մէջ լսելու մեծ վարդապետը: Տիգրան Կամսարական իր այդ զգացումները հրատարակած է Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած «Տաճար» շաբաթաթերթի շաբաթ, 11 յունիս 1911-ի թիւին մէջ (Բ. տարի, թիւ 22, էջ 349). պէտք է նշել, որ Կամսարականի մայրենի լեզուի հմտութիւնը եւ անոր գեղարուեստական ճաշակը յարգանքի արժանի է.

«Ի՜նչ հրաշարուեստ յուշարար մըն էք դուք նախնի ու արդի հայ գեղեցկութեանց: Լիահաւատ սիրով, բոլորանուէր ջանքով հետազօտեր, որոներ, ի քնար վերակոչեր էք մեր քաղցրու, աստուածաշո՜ւնչ մեղեդիներն ու օրհներգութիւնները, որոնց մէջէն մեր սուրբ նախնեաց հոգիները համբուրել տուիք մեզի: Ասի սակայն չի բաւեր ձեր արուեստագիտական ու հայրենասիրական վառ հետաքրքրութեան: Հրճուաթրթիռ, գուրգուրալիր, զմայլանքով բաբախուն հայրենիքին թաքթաքուր անկիւններէն, չկասկածուած փոշեթաթախ խորշերէն վերագտեր, յարուցեր, կենսաւէտեր էք դուք ահա հայ գեղջուկ բանաստեղծութիւնը նաեւ, որուն սրտամոգիկ թլուատումը, կոյս գեղեցկութիւնը պաշտե՛լ տուիք մեզի, վարդապե՛տ:

Կ. Պոլիս, 12 յունիս 1912

«Անցեալ գիշեր… Հայաստան ուխտագնացութեան տարիք զմեզ, կամ լաւ եւս է ըսել` քիչ մը Հայաստան բերիք Եգիպտոսի հայերուս. մենք կը կարծէինք, թէ հայ կրօնաւորը, որ Էջմիածինէն կու գայ, միւռոն միայն կը բերէ, դուք Մասիսն ու Արագածը փոխադրեցիք հոս պահ մը. ո՞վ ըսաւ, որ լեռները չեն քալեր… Բարձրացանք ձեզի հետ ցից կատարը մեր հայրենիքի լեռներուն, որոնք չորս հազար տարի է հայութիւնը «կը դիտեն»: Իջանք ապա միասին սա ծաղկազուարճ մարգարիտները, որոնք Հայոց դաշտին են. լսեցինք հոն, յակճիռ, հայ շինական մեր աղբրտաց աղու ու մերթ գո՛ռ ձայնը, որ կ՛երգէ, կը հրճուի, կը ցնծայ. ի՞նչ, վարդապե՛տ, իրա՞ւ է արդեօք, Հայաստանի հա՞յն ալ ցնծութեան ճիչեր, ուրախութեան աղաղակնե՞ր ունի եղեր…»:

Տիգրան Կամսարական Կոմիտաս վարդապետը կը նմանցնէ նկարիչի մը, որ իր երաժշտութեամբ կը յաջողի օտարութեան մէջ ապրող հայուն դիմաց գծել հայկական լեռներն ու դաշտերը եւ արթնցնել հայրենասիրութեան ոգին, որ օտար ափերու վրայ յաճախ կրնայ անտեսուիլ ու լուսանցքէ դուրս դրուիլ:

Այնպէս, ինչպէս Պէրպէրեանի պարագային, նոյնպէս Կամսարական կը յայտնէ, որ նման երաժշտութեան մասին «մենք անլուր էինք». արձակագիրը կը գրէ. «Շփոթում մը ունեցանք: Ցայնվայր անհաղորդ հայրենի այդքան անուշակ թրթռումներուն մենք` տարաշխարհիկ հայերս, թերի, անկատար հայեր եղած ըլլայինք». այդ հայերու սիրտը անհասկնալի զգացումով մը լեցուեցաւ Կոմիտասի «Կռունկ»-ին, «Մոկաց իշխան»-ին եւ միւս երգերուն դիմաց:

Կամսարական Կոմիտասի ամբողջ ներկայացումը կ՛ամփոփէ իր այս տողերուն մէջ. «Ձեր այդ համերգին մէջ հայու հոգին է, որ փոխն ի փոխ կ՛աղօթէ ու կը սիրէ, կը հեծէ ու կը շանթէ, ինքզինք կը պատմէ»: Այլ տեղ մը կը գրէ. «Ձեր համերգը այդու «Հաւատամք» մըն է, հա՛յր սուրբ, հայ ցեղին բարձրագոյն ընդունակութեանց ու անոր անհուն կատարելականութեան»:

Կամսարականի համար ուրախութեան մէկ տարբեր առիթ մըն էր տեսնել, որ Կոմիտասի երգչախումբին մէջ կ՛երգեն նաեւ եգիպտահայ գաղութի մանուկները, որոնք տակաւին երէկ մայրենին լաւապէս չգիտնալով, այսօր Կոմիտաս վարդապետի հետ միասին կ՛երգեն, եւ այս երեւոյթը Տիգրան Կամսարական «հրաշք» կ՛որակէ: Տիգրան Կամսարական ի՜նչ ուրախութեամբ կը դիտէ միութիւնը հայ ազգին` այդ համերգի միջոցով, նկատի ունենալով, որ Եգիպտոսի մէջ կային կուսակցական հարցեր ու ներքին անընդունելի պայքար, Կոմիտասի երաժշտութիւնը եգիպտահայ գաղութի համար հաշտութեան եւ խաղաղութեան խորհրդանիշ էր, ուր ո՛չ մէկ գոյն կրնայ պայքարիլ. այդտեղ միայն հայութիւնը երաժշտութեամբ իր կատարելութիւնն ու աննահանջ ըլլալը կը փաստէր: Այս խաղաղութեան համար Կամսարական Կոմիտասը «վհուկ» կ՛անուանէ, որովհետեւ նման «կախարդութիւն» մը միայն վհուկ մը կրնար ընել, ինչ որ Կոմիտաս ըրաւ իր երաժշտութեամբ:

Տիգրան Կամսարականի զգացումները կրնայինք քիչ մը չափազանցուած կարծել,` եթէ նոյն այդ ապրումները տեսած չըլլայինք այլ մտաւորականներու եւ ներկաներու մօտ: Ճիշդ է, որ 1911 թուականին Կոմիտաս վարդապետի արուեստը քննադատողները քիչ չէին, սակայն, միւս կողմէ, քիչ չէին անոնք, որոնք կրցած էին հաղորդակից դառնալ Կոմիտասի այն ապրումներուն, ինչ որ հայրենիք, հայրենասիրութիւն կը կոչուի: Կոմիտաս այդ ա՛նձն էր, որ Հայաստանի լեռները կրնար փոխադրել իւրաքանչիւր սփիւռքահայու սիրտին մէջ:

www.aztagdaily.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2026
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ