Ցեղասպանութեան ճանաչման շարունակութիւնը` Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասումով

ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

Վատիկանի մէջ  հոկտեմբերեան արեւոտ կիրակի մըն էր 19 հոկտեմբեր 2025-ը: Հռոմի Սուրբ Պետրոս տաճարին հրապարակի մայր մուտքին վերեւ` մեր դիմաց կը ցցուէին սրբադասուող եօթը երանելիներուն նկարները, Մարտին քաղաքի հայ կաթողիկէ առաջնորդ եւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ զոհերէն Իգնատիոս արք. Մալոյեանի (8 ապրիլ 1869 -11 յունիս 1915) նկարը գրաւած էր կեդրոնական դիրքը: Սրբադասումի վեհապանծ պատարագի արարողութեան ներկայ էին հաւատացեալներու ծովածաւալ բազմութիւն մը: Ուղիղ եթերով, որպէս «Յոյսի ուխտաւորներ», միասնաբար վկաները դարձանք Մալոյեանի սրբադասման պատմական արարողութեան, հաղորդակից եղանք այդ սուրբերուն նուիրուած համաքրիստոնէական ստուար ընտանիքի շրջադարձային երախտաշատ հոգեւոր տօնահաւաքին:

Երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեան, քրիստոնէական իր հաւատքին զոհաբերութեամբ, դարձաւ խօսուն խորհրդանիշը, ցեղասպանուած ազգին միջազգային սրբադասուած աշտանակը` միլիոնաւոր հայերու գոյութենական սպանդին եւ մահախուճապ տեղահանութեան, հայ ժողովուրդի համակարգուած բնաջնջման մեծագոյն ոճիրին:

Իգնատիոս արք. Մալոյեանի սրբադասումի պատմութիւնը սկսած էր քառորդ դար առաջ, երբ  հայասէր Յովհաննէս-Պօղոս Բ. լեհ պապը (18 մայիս 1920-2. ապրիլ 2005) Իգնատիոս Մալոյեանը ցեղասպանութեան «երանելի նահատակ» հռչակած էր 7 հոկտեմբեր 2001-ին, Հայաստանի քրիստոնէացման 1700-ամեակին առիթով, ապա գործընթացը անցնելով ծիրանաւորներու օրինակարգուած քննարկումներու ընթացակարգէն, Հռոմի Ընդհանրական եկեղեցւոյ կողմէ 31 մարտ 2025 թուին սրբադասման վճռորոշ հաստատումի հրովարտակը վաւերացուցած էր երջանկայիշատակ Ֆրանչիսկոս պապը (17 դեկտեմբեր 1936 – 31 ապրիլ 2025), իսկ պաշտօնական  սրբադասումը իրականացաւ Լեւոն ԺԴ. պապի ձեռամբ կիրակի, 19 հոկտեմբեր 2025-ին, Հայաստանի վարչապետի, զանազան երկիրներու կրօնական թէ աշխարհիկ ղեկավարներու, բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու եւ հազարաւոր օտարազգի թէ հայ հիւրերու  մասնակցութեամբ: Հռոմի Ընդհանրական եկեղեցւոյ երեք պապերու երախտիքը վայելող սրբադասման այս իրադարձութիւնը առանձնայատուկ իմաստ ստացաւ իր ժամանակացոյցով, որ զուգադիպեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին: Մի՞թէ Հռոմի երեք պապերու անմիջական հովանաւորութիւնը վայելող Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասումը Հայոց ցեղասպանութեան կրկնակի ճանաչումի շարունակութիւնը չէ:

Միջազգային եւ համահայկական հնչեղութիւն ունեցող այս հայանպաստ իրադարձութիւնը մեծ շուքով, ակնածանքով ու հետաքրքրութեամբ ընկալուեցաւ:  Նահատակ հայ հոգեւորականի մը սրբադասումը ամէն բանէ առաջ կարողացած էր համատեղել հայ ԲՈԼՈՐ շրջանակները` անկախ անոնց գաղափարախօսական, ընկերային, դաւանական եւ այլ ընկալումներու զանազանութիւններէն` Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: Ստուգապէս ողջունելի էր օտար եւ հայ ԲՈԼՈՐ շրջանակներու կողմէ, մանաւանդ որ միատեղուած է ազգային, ինքնութեան ու քրիստոնէական հաւատքի առանցքային ցուցանիշներու պարունակութիւնը:

Երանելի Մալոյեանի սրբադասումով միջազգային հաւաքական գիտակցութիւնը կրկին անգամ հարկադրաբար հրաւիրուեցաւ թարմացնելու Հայոց ցեղասպանութեան անժխտելի իրականութիւնը, ի հարկին  անդրադառնալու` հայ ազգի գողգոթայի հաւաքական նահատակութեան, պատմական ծալքերու վկայակոչումին,  յականէ յանուանէ յիշատակումին, դարաններէն դուրս հանուեցան` երբեմնի մոռցուած բազմալեզու արխիւներ, վաղեմի վկայագրումներ, օրագրութիւններ եւ այլ պատմական հաւաքածոներ:

Վաւերական մասունքներ լոյս աշխարհ բերելու եւ թարգմանելու ջանքերը կը շարունակուին` Հայոց ցեղասպանութեան մոռցուած թուացող յուշերու փշրանքները յայտնաբերելու, նոր պատառիկներ պեղելու, կատարելու այլազան պրպտումներ եւ քննարկումներ, որոնք Հայոց ցեղասպանագիտութեան համար պեղումի նոր պարունակ մը կը խոստանան: Երանելի Մալոյեանի սրբադասումը այդ բոլորին հաւաստիքն է, արժանահաւատ ապացոյցը:

Ոչ ոք կ՛անգիտանայ, թէ հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը, ինչպէս` ամբողջ հայ ազգը, տասանորդուած էր, իր արեան տուրքը վճարած էր Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով: Ըստ բռնակալ թուրքին, 1915 թուի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը անխտիր էր` սպիտակ թէ ցորենագոյն հայու հանդէպ, զանազանութենէ հեռու էր` առաքելական, աւետարանական թէ կաթողիկէ դաւանական տարբերութիւնը: Ի շարս երանելի Մալոյեանի, նախածրագրուած սարսռազդեցիկ ոճիրին զոհը դարձած են հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան 187 նահատակներ` 11 արքեպիսկոպոսներ եւ եպիսկոպոսներ, 108 ծայրագոյն վարդապետներ եւ վարդապետներ, 7 Մխիթարեան, 2 Յիսուսեան, 1 Անտոնեան միաբանութեանց հայրեր եւ 58 միանձնուհիներ եւ տասնեակ մը նորընծաներ, որոնք իրենց կեանքով հաւատքի եւ հայ ժողովուրդի պատկանելիութեան համար ուխտեալ մարտիրոսներ հանդիսացան անմարդկային սրտաճմլիկ ոճիրներուն, հայոց մեծագոյն ցեղասպանութեան: Երկնային նախախնամութիւն էր, որ մարտիրոսացած բոլոր հայ սուրբ հոգեւորականներուն ներկայացուցիչ սուրբը եւ միջազգային դրօշակակիրը  դառնայ այսօր երանելի Մալոյեան:

Պարտք է ակնարկել, որ վերջին ամիսներուն օտար մամուլը ընդհանրապէս եւ հայ մամուլը մասնաւորապէս, բազմաշերտ բովանդակութիւններով` պատմական, հոգեշունչ յօդուածներով, կրօնաբարոյական սեւեռումներով առատ մելան հոսեցուցին: Բովանդակութիւնները կարելի է ամփոփել` սուրբի կենսագրական մանրամասնութիւնները ծանօթացնող, բարեպաշտութիւնը բարձրաբանող, հաւատահաստատութիւնը պանծացնող, վարքագրական եւ կրօնական-ընկերային ծառայութիւնները օրհնաբանող, նամակագրութիւններ յայտնաբերող եւ այլ բնոյթի գրութիւններով: Կային նաեւ փաստավաւերագրական պեղումներ, չէին պակսեր նոյնիսկ  հարցադրումներ` ո՞վ է սուրբը, ի՞նչ է սրբութիւնը եւ ինչո՞ւ յատկապէս Մալոյեան սրբութեան արժանացաւ, պարտադի՞ր է սուրբին հրաշք գործելը, որ իր բարեխօսութիւնը հայցենք եւ այլն:

Հնարաւոր է, որ երանելի Մալոյեանի մասին կուտակուած նիւթեր գտնուին հայ թէ օտար մամուլի անցեալի պահեստանոցներուն մէջ, որոնք կարիք ունին յայտնաբերուելու եւ լոյս աշխարհ տարածելու: Բայց ցայսօր, որքան որ ծանօթ ենք, մշակուած չէ կամ չէ համալրուած մալոյեանական ամբողջական մատենագիտութիւնը: Կանխատեսելի է, որ այդ հրատարակութիւններու շարքը ընդարձակուի, համալրուի նորայայտ շերտերով` լուսարձակի տակ բերելով Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին, յիշուած վայրերու, անձնաւորութիւններու պատմական մանրամասնութիւնները եւ այլն:

«Կանչ Հրեշտակապետին» տարեգիրքը

Լիբանանի Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան տարեգրութեան մէջ 2025 թուականը աննախադէպ էր, ճիշդ է` Մալոյեանի սրբադասման տարին էր: Մալոյեանի հետ սրբադասման զուգահեռ` եռահիւս խորհուրդ մը կը պարունակէ, ագուցուած հոգեմտաւոր մտերմութիւններ ունի.

– 2025 թուականը Զմմառու ազգաշահ պատմական կրթօճախին 275-ամեակն է: 1750 թուականին հիմնադրուած Զմմառու հոգեւոր դարբնոցին մէջ թրծուած էր հոգեւորական Մալոյեանը, Զմմառու կրթօճախին մէջ պատրաստուած եւ կոփուած է անձուրաց սուրբին մտածողութիւնը, Զմմառու սրբասնունդ ծոցէն սաղմնաւորուած է հոգեմտաւոր պաշարի տէր Մալոյեանի անհատականութիւնը:

– 2025 տարին Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր մատրան հիմնադրութեան 85-ամեակն է: Հրաշագործ Տիրամայրը խստասրտութիւնները կակուղցնող, աստուածամերձ իր հոգածու հովանիին տակ գործող Սուրբ Միքայէլ նորընծայարանը կը պարսպէ:

– Զմմառու Սուրբ Միքայէլ նորընծայարանի մէջ կը պատրաստուին` ապագայի հայ կաթողիկէ հոգեւորականները, ազգի առաջնորդները, մշակոյթի նուիրեալները:

– Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր վանքը հայ մարդուն համար անդորրաւէտ ովասիս մըն է, հրաշագործ ուխտավայր մը, հարուստ` պատմարժէք ձեռագիրներով, հազարաւոր հատորներով մատենադարան մը, հնութեան թանգարան մը, հնագեղ ճարտարապետութեան օրինակ մը, լիբանանահայութեան դարաւոր ներկայութեան վկայարան մը:

– 2025 թուականին Զմմառու հոգեմտաւոր կրթօճախի, ազգային եւ մշակութային այս կառոյցէն հրատարակուող ու դպրեվանքի դիմագիծը հանդիսացող Զմմառեան միաբանութեան Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի «Կանչ հրեշտակապետին» տարեգիրքը կը բոլորէր իր 45-ամեակը` հրատարակելով 26 տարեգիրք: Հակառակ ժամանակակից սփիւռքահայ մամուլին սպառնացող իրավիճակին` 8 նոյեմբեր 1980-էն ի վեր «Կանչ Հրեշտակապետին»-ին աշխատակազմը կը փորձէ իր կոչումին հաւատարիմ մնալ. ընդհատումներով հանդերձ, կը շարունակէ իր հրատարակչական առաքելութիւնը: Արժանի է, որ սրբադասման նշանակալից այս պատմական առիթով կրթօճախի տեսչութիւնը 2025 տարուան թիւ 26 տարեգիրքը ձօնած է ժառանգաւորաց պաշտպան, նորահռչակ Սուրբ Ի. Մալոյեանին:

Բայց ուշադի՜ր, կարելի չէ այս բոլոր իրադարձութիւններուն դիմաց աննկատ մնալ: Այսօր համակարգիչիս մէջ կը կարդամ «Կանչ Հրեշտակապետ» տարեգիրքին թիւ 26-ի բովանդակութեան թուայնացած տարբերակը, հրապարակուած` 8 նոյեմբեր 2025-ին, որ նուիրուած է Մալոյեան սուրբին: Շահեկան խորհուրդ ունին հոն տեղ գտած ընծայարանի մատղաշ հոգեւորականներու գրութիւնները, պարտաւորեցնող այս առիթին դիմաց կարելի չէր վերապահ մնալ ու չարձագանգել: Մալոյեանին նուիրուած տարեգիրքը յանձնառութիւն մը դրդեց` համառօտ ակնարկ մը նետելու, սեղմ հայեացք մը ընծայելու սփիւռքահայ մամուլի մէկ վերնագիրը հանդիսացող «Կանչ Հրեշտակապետին»-ը: Տարիներու ընթացքին անոր խմբագրութիւնը ստանձնած են` Յովսէփ վրդ. Քէլէկեան (1980-1989), Գէորգ վրդ. Խազումեան 1997, Նարեկ վրդ. Լուիսեան (1999-2000), Սարգիս Նաճարեան (2002-2005): Հրատարակուած 26 թիւերուն 13-ը լոյս տեսած են ներկայի խմբագիր, հալէպահայ Սօսէ Խորէնի Փիլաւճեանի նուիրական հետեւողութեամբ, որ խմբագրի սպառիչ գործը ստանձնած է 2006-էն:

Սօսէ Փիլաւճեան բարձագոյն կրթութիւնը աւարտած է Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի լրագրողական բաժանմունքէն, 2000-թուականին, դառնալով միջազգային լրագրող: Հայ մամուլի մէջ իր ստորագրած բազմատասնեակ յօդուածներուն կողքին, 2008-էն ցարդ` Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան Ս. Միքայէլ ընծայարանի եւ Ս. Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասատուն է, համանուն կրթօճախի տեղեկատուական գրասենեակի խմբագիրը: Ան խմբագրած է նաեւ դպրեվանքի 50-ամեայ յոբելեանին նուիրուած յուշամատեանը` հրատարակուած 2013-ին: 3 մարտ 2014-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրեն շնորհուած է «Մայրենիի դեսպան» մետալը: Սօսէ Փիլաւճեանի դաստիարակչական առաքելութիւնը սկսած էր Հալէպի Ազգային Սահակեանէն, անցած էր Քարէն Եփփէ ճեմարանէն` հասնելու Հալէպի Զմմառեան միաբանութեան դպրեվանքի մասնաճիւղը: Անոր կրթական ու խմբագրական փորձառութեան արգասիքը այսօր կը կատարելագործուի Զմմառու մէջ: Երկու տասնամեակներէ ի վեր դպրեվանքի «Կանչ Հրեշտակապետին» տարեգիրքին խմբագրական գործի սպառիչ հոգատարութիւնը Սօսէ Փիլաւճեան կը շարունակէ տանիլ համբերատարութեամբ, առկայծ պահելով եւ գօտեպնդելով նորընծաները` հայ գիր ու գրականութեան հանդէպ, ազգային մշակութային ծիլեր սերմանելով նորահասակներու դալար հոգիներուն ակօսներուն մէջ:

Յատկանշական եւ ուսուցանող խորհուրդ մը ունի «Կանչ Հրեշտակապետին»-ի վերջին տարիներու Ս. Փիլաւճեանի խմբագրած իւրաքանչիւր թիւի բովանդակութիւնը: Խմբագիրը այդ թիւերը ձօնած է յիշատակի մը, անունի մը, երեւոյթի մը, ինչպէս` ծիրանաւոր Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան, Փոխման Սուրբ Կոյսին, մայրավանքի հիմնադրութեան 275-ամեակին եւ այլն:

Նշանակալից խորհուրդ մը ունի 2018 թուի տարեգիրքը, որ նուիրուած է 18-րդ դարու երկրորդ կիսուն Հնդկաստանի Մատրասէն մինչեւ Զմմառու վանքը կամարող հայազգի պատուաբեր բարերարին` Միքայէլ աղա Յովհան Բաբումեանի ազգաշէն նուիրատուութեան, որ դոյզն անգամ չէ վարանած իր ունեցուածքին վիթխարի բաժինը նուիրելու Զմմառու դպրեվանքի վերելքին եւ բարգաւաճման: Առ ի երախտագիտութիւն անձնուրաց Միքայէլին` հայորդի բարերարին անունով կոչուած է Զմմառու դպրեվանքը, զայն յանձնելով Սուրբ Միքայէլ հրեշտակապետի բարեխօսութեան:

Սուրբ Մալոյեանի խնկելի մասունքներէն հոգեւոր ճրագի լոյսը մը կը բոցավառի Զմմառէն, անմար յոյսերու կանչ մը վեր կը սլանայ: Միքայէլ աղա Յովհան Բաբումեանի նմաններուն գորովալից ու հայրախնամ նուիրատուութեամբ, հայակերտման հեռանկարներով իրականացուող հոգեմտաւոր ջանքերը, անձնուէր զոհողութիւնները անպայմանօրէն Զմմառու ամրոցէն նոր խորհուրդով ազգաշէն էջեր պիտի կենսաւորուին` հոգեղէն ուղեւորութեան փառահեղ երթ մը խոստանալով:

https://www.aztagdaily.com/archives/671880

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2026
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ