Պոլիս լոյս կը տեսնէ նոր պարբերական մը՝ «Հարկաւ»

Պարբերականը կը բովանդակէ պատմուածքներ, տարբեր գրութիւններ, գոլաժներ, մէջբերումներ, գծագրութիւններ, աշխատանոցներու շնորհիւ ստեղծուած արտադրանքներ, կտրօններ, մտածումներ, լուսանկարներ եւ այլ տեսակ-տեսակ համադրումներ։

«Հարկաւ» հայերէն խմորատիպ պարբերականը Դեկտեմբեր ամսուան 3-րդ թիւը լոյս տեսաւ Պոլսոյ մէջ։ Եսայեան Մշակոյթի եւ Գրականութեան Միութեան երդիկին տակ պատրաստուող «Հարկաւ»ը ընթերցողին կը հրամցնէ զանազան ոճերով արտադրութիւններ։

Վերնագիրին տակ կը տեսնենք «ֆանզին» գրութիւնը, որ զանազան լեզուներով կը նշանակէ «ոչ պաշտօնական հրատարակութիւն»։

Արեւմտահայերէն լեզուով լոյս տեսնող «Հարկաւ»ին մէջ երբեմն մասամբ Թրքերէն բացատրութիւններ ալ կը գտնուի։

Պարբերականը կը բովանդակէ պատմուածքներ, տարբեր գրութիւններ, գոլաժներ, մէջբերումներ, գծագրութիւններ, աշխատանոցներու շնորհիւ ստեղծուած արտադրանքներ, կտրօններ, մտածումներ, լուսանկարներ եւ այլ տեսակ-տեսակ համադրումներ։

«Հարկաւ»ը կրնաք գտնել զանազան գրախանութներու մէջ՝ ուր որ հայրէն հրատարակութիւններ կը գտնուին։ Կարելի է նաեւ այցելել «Արաս» հրատարակչատան գրասենեակը կամ Եսայեան Միութիւնը։

«Հարկաւ»ը կոչ կ՚ընէ ընթերցողին որ եթէ ցանկութիւն ունի արտադրութիւնները հրատարակելու, իր նիւթերը կրնայ ղրկել հետեւեալ հասցէին ՝ [email protected]։

Ձեզի հետ կը բաժնենք «Հարկաւ»ի Դեկտեմբեր ամսուան 3-րդ թիւէն էջ մը՝

https://www.agos.com.tr/am/news/bvlis-lvhs-gi-dysne-nvr-barpyragan-mi-hargaw-39025

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2026
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ