(ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Աւելի քան շաբաթ մը առաջ, «Ազդակ»ի, ապա հայկական այլ թերթերու մէջ երեւցաւ տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի մահուան գուժը: Քանի մը առիթով իմացուցած էր, որ առողջական հարցեր կը դիմագրաւէ․ տարիներ առաջ, բաւական լուրջ անհանգստութիւն ունեցած էր, սակայն յաղթանակով դուրս եկած էր այդ ճակատամարտերէն: Հիմա, անակնկալի եկած է նաեւ… ինք:
Պէյրութէն մինչեւ սփիւռքեան հեռաւոր ափեր՝ գիրի սպասարկուներ եւ ընթերցողներ, համակուեցան սուգով: Նոյն տարածքին մէջ (որքան որ հետեւած ենք մեր մամուլին), բազմաթիւ արձագանգներ արձանագրուեցան՝ յարգանքի տուրք տալու համար առյաւէտ հեռացող հայուն եւ արժեւորելու վաստակը, թողած աւանդը: Բոլոր ըսուած-գրուածները տեղին են, ու կասկած չունինք, որ իւրաքանչիւր սգացող ունի այն զգացումը, թէ կրնար ինչե՜ր աւելցնել արժեւորումներուն վրայ:
Ինչ որ պիտի արձանագրենք մեր կարգին, նկատի ունի այդ արտայայտութիւնները, ձեւով մը ձայնակցութիւն է ըսուածներուն: Անոնցմէ բան չենք ուզեր զեղչել հոս, այլ մեր նպատակն է, խղճի պարտք մը հատուցելու կողքին՝ կարգ մը գնահատականներու կարկինը քիչ մը աւելի ընդարձակել, հիմնուելով Արմենակին հետ մօտաւորապէս չորս տասնամեակներու մեր ծանօթութեան եւ տարբեր ոլորտներու մէջ գործակցութեան վրայ (նկատեցի՞ք, արդէն «տոքթոր»ը մէկդի ձգեցինք ու անցանք մտերմականի փուլ): Այս ժամանակաշրջանը մեզ դարձուց տարտակից, եւ յաճախ, երբ ե-նամակով հաղորդակցէինք, զիրար անունով կոչելու կողքին, կը գործածէինք տարտակից եզրը: Հա՛, նոյն դաշտին մէջ ունէինք ուրիշ տարտակից մըն ալ՝ Յարութիւն Քիւրքճեանը, որ Արմենակը կանխեց վերջին ճամբորդութեան մէջ… (այլ ոլորտի մէջ այլ տարտակից մը, նմանապէս Յարութ անունով, Չէքիճեանը, մեկնեցաւ քանի մը ամիս առաջ):
Պէտք կա՞յ ըսելու, որ մեր տարտերը կը բխէին ու մեր լեզուին եւ անոր պահապանը, մշակողն ու զարգացնողը կոչուած՝ գրողներու ու թերթերու աշխատակիցներու հետեւողական նահանջէն, եւ սա տագնապի կը մատնէր Արմենակն ու բազմաթիւ այլ նախանձախնդիրներ. Արմենակին տարբերութիւնը այն էր, որ այս տագնապը իրեն համար վերածուած է ամենօրեայ յաճախանքի, հիւանդացնելո՛ւ չափ կը տառապեցնէր զինք: Այդ տառապանքը համաչափ կշռոյթով, յաճախ դուրեանական պոռթկումի հասնող գրաւոր արտայայտութիւններու կը մղէր զինք, իրեն տալով Աստուծոյ տաճարը՝ մեր լեզուի անդաստանները մաքրելու առաքելութիւն մը: Ո՞վ պահած է հաշիւը վերջին տարիներուն, ե-նամակով իր տարածած քննարկումներուն, ուսուցողակա՛ն էջերուն, որոնք հաւանաբար հազարներու հասած են: Այդ առաքելութիւնը ուսին առած էր ինքնակոչ կերպով, ու խաչանման բեռը տարաւ մինչեւ վերջին շունչը: Լա՛ւ գիտէր, որ գրեթէ միայնակ կը կրէր այդ «խաչը» (լծակիցները նոյն յաճախականութեամբ չեն անդրադառնար տագնապին տարբեր երեսներուն), գիտէր նաեւ, որ երբ օր մը մեկնէր այս աշխարհէն, իր գործը իրե՛ն պէս շարունակող պիտի չըլլար: Քանի մը ամիս առաջ, կարճ ե-նամակի մը մէջ ունէր անանձնական ողբ մը. մօտաւորապէս գրած էր. եթէ օր մը միւս աշխարհը երթամ, հայերէնին հոգը ո՞վ պիտի կրէ: Պատասխանիս մէջ մեղմ սաստ մը կար, թէ՝ մեկնելու մասին պէտք չէ մտածէր կամ մտահոգուէր, դեռ երկար ճամբայ ունէր իր առջեւ: Մաղթանքս երկար շունչ չունեցաւ…
ԵՐԿՈՒՆՔԻՆ ՍԿԻԶԲԸ
Մասնագիտութեամբ եւ ասպարէզով ատամնաբուժ այս մարդը, ընթացիկ աշխատանքին կողքին, հաւանաբար անոր տրամադրած ժամանակին չափ, թերեւս ալ աւելի՝ ինքզինք նետած էր մեր լեզուի գաղտնիքներուն ու ԳԵՂին ուսումնասիրութեան ովկիանոսներուն մէջ, թափանցելու համար անոր բոլոր օրէնքներուն խորքը, հասնելու արմատներուն, զուգահեռաբար նաեւ հաճոյանալու անով արտայայտուողներուն ստեղծած ալեակներուն մէջ լողալով: Մենք միակը չենք, որ ականատես եղած ենք անոր աշխատանքի ձեւին: Պէյրութ մեր վերջին այցելութեան օրերուն, հանդիպեցանք իր դարմանատունը: Գրասեղանին ետին նստած՝ ընկղմած էր օրուան թերթերու ընթերցումին մէջ, ձեռքին՝ մատիտ մը. սեղանին տարածուող թերթին վրայ առատօրէն ցանուած էին գծիկներ, սիւնակներուն՝ մանր բացատրութիւններ: Թերթին կողքին՝ քանի մը բառարան (չէր ամչնար բառարանին դիմելու, երբ պէտք էր փոշի կուտակած բառերու ստուգումը կատարել, հասնիլ անոր ծննդեան, ի հարկին՝ պրպտել քանի մը բառարան): Դիմաւորեց ժպիտով, զրուցեցինք հին-նոր տարտերէ, պատմեց զինք դառնացնող բաներու մասին. այդ ու այլ առիթներով, կ՛ապրէր այն տագնապը, թէ իր ըրածը կը նմանի «ջուրի վրայ գիծ քաշելու», եւ այդ զգացումը լաւագոյն կերպով արտայայտութիւն գտաւ «պտտուիր, պտտուիր կարուսէլ» շարքով…: Չանտեսենք միւս երեսը. իրենց ատամներուն դարմանումը Արմենակին վստահողներ վկայած են, որ նոյնքան բծախնդիր ու խղճամիտ ատամնաբուժ էր: Ի՜նչ խօսք, որ ան իր անունը արձանագրեց իբրեւ լեզուագէտ, մասնաւորաբար արեւմտահայերէնի պաշտպան: Զինք կարելի է կոչել ԲԴԵՇԽ մը. այս եզրին բառարանային բացատրութիւնը՝ սահմանագլուխի կամ ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող կէտի մը իշխան է, ունի լռելեայն իմաստ մըն ալ՝ արթուն պահակ ու իրեն վստահուած աւանդին հաւատարիմ պաշտպան:
Թէ՝ հայերէնին հանդէպ անոր հետաքրքրութիւնն ու պաշտամունքի հասնող սէրը ճի՛շդ ե՞րբ սկսած է, կարելի է միայն ենթադրութիւն ընել (հաւանաբար աշակերտութեան օրերէն, նաեւ մեր հանճարեղ գրողներու ժառանգութեան ծանօթացման ճամբով): Այս խանդին առաջին փուլը եղած է ուսուցչական ասպարէզը՝ հայերէնի դասաւանդման մէջ իր բազմափուլ ծառայութիւնը, սկսելով կանուխ երիտասարդութենէն, երբ ատամնաբուժութեան ուսանող էր: Մայրենիին մաքրազտման, պահպանման եւ հարստացման նախանձախնդրութեան առաջին գործնական արտայայտութիւնը, որքան մեզի ծանօթ է, ի յայտ եկաւ մօտաւորապէս չորս տասնամեակ առաջ, երբ «Ազդակ»ի էջերէն լոյս աշխարհ եկան անոր առաջին յօդուածաշարքերը, նշմարաձեւ սիւնակները, որոնք կը կրէին «Գուրգուրանք Մայրենիին» ընդհանուր խորագիրը: Ընթերցողը ականատես եղաւ, որ նոյն երկինքին տակ կայ հայորդի մը, որ բառին ամենալայն իմաստով սէր ու գուրգուրանք կը տածէ մեր լեզուին հանդէպ, լեզու մը՝ որ աւելի քան 150 տարի առաջ թեւակոխած էր դէպի բիւրեղացում տանող ուղի մը, կտրած էր մեր գեղապաշտ սերունդին ու անոր հաւատարիմ ժառանգորդներուն ներդրումները, զայն արուեստի մակարդակի բարձրացնող փուլերը:
«Գուրգուրանք»ին հեղինակը այդ օրերուն ունէր հաճելի ոճ, հմուտ ուսուցիչի մը մօտեցումը (այդ ոճը մնաց ընդմիշտ): Մաղէ կ՛անցընէր օրաթերթերը, կ՛արձանագրէր լեզուական՝ ուղղագրական, քերականական, շարադասական եւ այլ տեսակի վրիպումներ, եւ հաղորդական զուարթախոհութեամբ, եւ ո՛չ թէ զայրոյթով, զանոնք կը յանձնէր ընթերցողին ու գրողներու, խմբագիրներու ուշադրութեան: Գիտէր, թէ սա աշխատանք է, որ մէկ օրէն միւսը կրնայ արդիւնք չտալ, սակայն վհատում, յուսահատութիւն չէր ճանչնար: Կրկնուած սխալ մը դարձեալ կ՛իյնար իր նշդրակին տակ, մի՛շտ կատակի մը ընկերակցութեամբ, զուարթախոհ նշումով մը:
Այդ օրերուն, անձամբ ծանօթ չէինք Արմենակին: Ինք «արեւելեան» Պէյրութի բնակիչ էր, իսկ «Ազդակ»ի խմբագրատունն ու տպարանը «արեւմտեան» Պէյրութ էին: Այդ շրջանին, հազիւ թէ քանի մը անգամ հեռաձայնով խօսակցած էինք (հեռաձայնի գիծերը կամակոր էին. ո՛չ բջիջային, ո՛չ ալ այսօր շա՜տ սովորական դարձած, մեր կեանքին անբաժանելի մասնիկները դարձած արդիական միջոցները…): Անձնական ծանօթութիւնը հաստատուեցաւ՝ երբ «Ազդակ» 1987ի Փետրուարին տեղափոխուեցաւ «արեւելք» եւ կարճ ատեն մը ետք իր տունը գտաւ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ: Արմենակը դարձաւ յաճախակի այցելու մը. միշտ հետը կը բերէր իր մեղմ ժպիտը եւ «նշդրակը»: Մատնացոյց պիտի ընէր վրիպակներ, սակայն աւելի՛ կարեւորը՝ ականատես պիտի ըլլար խմբագրական հեւքոտ աշխատանքին ու գոնէ զրոյցներու պահուն, պիտի սկսէր հասկացողութիւն ցոյց տալ, թէ թարգմանական՝ օտար լեզուներէ հայերէնի ՎԵՐԱԾՄԱՆ գործը ինչպիսի՛ հեւք կը պարտադրէր աշխատողներուն, անխուսափելի կը դարձնէր ակամայ վրիպումները (այս առումով, օրաթերթի հեւքը անբաղդատելի է շաբաթաթերթի կամ այլ պարբերականներու հեւքին, ալ ո՜ւր մնաց՝ հատորներու պատրաստութեան աշխատանքին): Այդ հասկացողութիւնը պատճառ չէր, որ սխալներուն եւ աչք ծակող վրիպումներուն հանդէպ դառնար ներողամիտ, հանդուրժող, աչք փակող (ի դէպ, իրմէ առաջ, մեր լեզուի այլ պահակներ ալ, նոյն նախանձախնդրութեամբ, սակայն նաեւ օրաթերթի հեւքին հանդէպ հասկացողութեամբ՝ իրեն պէս վարուած են. չենք ուզեր անուններ արձանագրել):
Եղաւ շրջան մը, որ յօդուածները դարձան հազուադէպ: Սա այն շրջանն էր, երբ կը պատրաստէր լեզուի դասագիրքերու շարքը: Աւելի ուշ, երբ մտանք համակարգչային հաղորդակցութիւններու դարաշրջանը, ինք ալ ընտրեց ե-նամակներու «ոճը» եւ այդ ճամբուն մէջ մնաց մինչեւ վերջ: Իր առաքումներէն բազմաթիւ սիւնակներ լուսաւորեցին մեր թերթերուն էջերը: Քիչեր զգացին Արմենակին դառնացման հոլովոյթը, անոր պատճառները: Վերջին տարիներուն, իր նշումներն ու սրբագրութիւնները ոճի զգալի փոփոխութիւն կրած էին: Չէր ծածկեր իր զայրոյթը՝ երբ բազմիցս մատնանշուած սխալ մը դարձեալ կը փայլատակէր մեր այս կամ այն թերթին էջերէն: Իրեն համար (ինչպէս՝ ոեւէ նախանձախնդիրի), անբացատրելի ու ԱՆՆԵՐԵԼԻ էր մանաւանդ այն, որ բառ մը տարբեր ուղղագրութեամբ կ՛երեւէր նոյն էջին վրայ կամ նոյն թիւին մէջ…: Այս զայրոյթը, խոտորողին ուղղուած վիրաւորանքը ունէր քողարկեալ դրսեւորում, կը հասնէր փոքր թիւով մտերիմներու, եւ ո՛չ թէ անպայման՝ մամուլին յղուած սիւնակներով: Արմենակին զայրոյթը դժգոհութիւն կը պատճառէր ոմանց, որոնք կ՛առարկէին, թէ ան պէտք չունի վիրաւորական ըլլալու: Ինք, սակայն, ունէր տարբեր եւ արդա՛ր մօտեցում: Մարդիկ ինչո՞ւ պէտք էր վիրաւորական գտնէին իր կարգ մը սրբագրութիւններն ու տեղին թելադրանքները, երբ զանոնք կրկնած ու կրկնած էր տասնամեակներ շարունակ, փոխարէնը շատ քիչ արդիւնք շօշափած էր, մինչեւ իսկ լսած էր, որ իր փաստացի, օրէնքներով հիմնաւորուած բացատրութիւններուն մասին, ոմանք կ՛ըսէին՝ «ատիկա Արմենակին կարծիքն է»: Եւ վիրաւորուողներուն մէջ կային այնպիսիներ՝ որոնք ամէն օր, օրը քանի մը անգամ կը նահատակէին մեր լեզուն: Արմենակին համար, Մեծն Մաշտոցի եւ անոր հաւատարիմ ժառանգորդներուն աւանդը անհպելի էին, պէտք էր պաշտպանուէին ամէն գնով: Ան հաւատամքի վերածած էր դարաւոր խօսք մը. Պղատոնը բարեկամս է, սակայն Ճշմարտութիւնը աւելի՛ լաւ բարեկամ է:
ԱՅԼ ՓՈՒԼԵՐ
Արմենակին հետ մեր տարտակցութիւնը եթէ սկիզբ առաւ յիշեալ ձեւով, անիկա վերջ պիտի չգտնէ իր մեկնումով, ինչպէս որ վերջ չգտաւ Պէյրութէն մեր հեռանալէն ետք, պահպանուեցաւ նամակցութեամբ, նաեւ որոշ դաշտերու մէջ ուղղակի եւ անուղղակի աշխատակցութեամբ:
Չենք ուզեր կանգ առնել ամէն քայլափոխի առջեւ, սակայն կ՛ուզենք մեր կարկինը ի գործ դնել մէկ քանի ոլորտի մէջ:
Արմենակին, ինչպէս նաեւ այլ տարտակիցներու հետ գործակցութեան, ուրեմն եւ հաղորդակցութեան երկարաշունչ փուլ մը բացուեցաւ Յուլիս 2012ին, երբ կաթողիկոսարանի նախաձեռնութեամբ եւ անոր յարկին տակ ստեղծուեցաւ Արեւմտահայրերէնի պահպանման յանձնախումբը: Նպատակն էր ո՛չ միայն ճիշդ հունին վերադարձնել մեր լեզուի գետը, այլ նաեւ լուծում բերել վիճելի հարցերու, ընդունելի մէկ յայտարարի վրայ հաւաքել անոր «գործիքները»՝ ուղղագրութիւն, քերականութիւն, շարադասութիւն, լեզուամտածողութիւն եւ այլն: Մօտաւորապէս երկու տասնեակ մտաւորականներ, գրողներ, խմբագիրներ եւ դաստիարակներ համատեղուած էին այդ յանձնախումբին մէջ, բոլոր անդամներն ալ ունեցան մասնակցութեան իրենց բաժինները, սակայն պէտք է հաստատել, որ առաջին իսկ օրէն, Արմենակը (մանաւանդ Պէյրութ հաստատուած ըլլալուն շնորհիւ) եղաւ գլխաւոր ծառայողը: Այդ օրերուն էր, որ սկիզբ առաւ Արմենակին հռչակաւոր «Ուղեցոյց»ը: Սկզբնական շրջանին, անիկա հազիւ 40 էջ էր, ձեւով մը արձագանգ՝ իր նախընթաց գրառումներուն: Տարիներու անիւին թաւալումին հետ, ուղեցոյցը ուռճացաւ, ինչպէս որ կ՛աճին ծառի մը բունը եւ սաղարթները, ու հասաւ շուրջ 900 էջի ծաւալի, իսկ երբ ի վերջոյ հրապարակ եկաւ, անիկա կը հաշուէր շուրջ 850 էջ: Արմենակին կողքին, այդ ուղեցոյցին մէջ լայն ներդրում ունեցաւ Յակոբ Չօլաքեանը, ընկ. Երուանդ Փամպուքեանը, նաեւ Սարգիս Կիրակոսեանը, այս տողերը արձանագրողը (որքան որ աշխարհագրական հեռաւորութիւնը կ՛արտօնէր) եւ ուրիշներ: Շատ լաւ կը յիշեմ մեր հեռակայ ազնիւ վէճերը (պէտք է նշել, որ Արմենակը որոշ փոփոխութիւններու ենթարկեց սկզբնական տարիներու իր կարգ մը տեսութիւնները, ուղղագրական դրոյթները): Անոր մէկ ամփոփումը լոյս տեսաւ քանի մը տարի առաջ:
Ի սկզբանէ, յանձնախումբը որդեգրած էր մօտաւորապէս հետեւեալ սկզբունքը․ եթէ վիճելի կէտերու շուրջ բոլորը հասնին միացեալ եզրակացութեան մը, ատիկա պէտք է որդեգրել իբրեւ հասարակաց կարծիք եւ օրէնք: Դժբախտաբար, այս սկզբունքը լիովին չպահպանուեցաւ, իսկ Արմենակին «Ուղեցոյց»ին մէջ մնացին վիճելի հարցերու հետքեր: Այլ հարց, թէ իր բազմաթիւ թելադրանքներուն եւ ճիշդ հուն ձեւաւորելու ճիգն ալ սպասուած արդիւնքը չտուաւ, մեր լեզուի նահատակութիւնը խօլ արշաւով կը շարունակուի քիչ մը ամէն տեղ, նաեւ… Հայաստանի մէջ
Ինչո՞ւ արժէքաւոր է այդ «Ուղեցոյց»ը, ո՞ւր է անոր արժէքը:
Հիմնական արժէքը՝ աւելի քան տասնամեակ մը տեւած հետեւողական եւ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ ապրած աշխատանքն է: Բաւականանաք այս հաստատումով: Յետոյ ըսենք, որ Արմենակը «անիւի գիւտը» չէ կատարած (ասիկա թող չընկալուի իբրեւ իր եւ լծակիցներուն գործը նսեմացնելու արտայայտութիւն): Ան խորքին մէջ հաւաքագրած, մէկտեղած եւ ըստ կարելւոյն «միասնականացուցած» է մեր լեզուի ՕՐԷՆՔՆԵՐԸ: Քերականութեան, ուղղագրութեան եւ լեզուական այլ դասագիրքեր չեն եղած լիակատար, համապարփակ եւ միասնական: Մինչեւ իսկ համալսարանական մակարդակի վրայ, հայագիտական ամպիոններ լեզուի ուսուցումը չեն կատարեր նման ամբողջական մօտեցումով (ալ ի՜նչ խօսք հայագիտական կարգ մը հիմնարկներու եւ ամպիոններու մասին, ուր հայագիտութիւնը կը դասաւանդուի… օտար լեզուներով: Այս կէտը մեր տարտակցութեան դաշտերէն մէկն էր): Արմենակը ո՛չ միայն աչքի առջեւ ունեցաւ նորագոյն տասնամեակներուն գործածուած դասագիրքերը, այլ «հերկեց» լեզուագիտութեան (կրկնենք՝ ուղղագրութիւն, քերականութիւն եւ այլ) գրեթէ ամբողջ մատենադարանը, լոյս աշխարհ վերադարձուց օրէնքներն ու դրութիւնները, դարձաւ անոնց քարոզիչն ու պահակը:
Ահա ա՛յս վաստակն է որ այսօր շատերու ըսել կու տայ, որ ան արեւմտահայերէնի պաշտպան մըն էր. աւելցնենք՝ պաշտպանէ աւելի՛ն էր. տեսա՞նք թէ ինչո՛ւ:
ՆԱԵՒ՝ ԱՐԵՒԵԼԱՀԱՅԵՐԷՆԻ
Յիշեալ արժեւորումը կիսկատար կը մնայ, եթէ անտեսենք արեւելահայերէնին հանդէպ անոր նախանձախնդրութիւնը, նա՛եւ անոր պահակը ըլլալու յանձնառութիւնը: Տարբերութիւնը այն է, որ այդ ուղղութեամբ, ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ընդարձակ աշխատանք չտարաւ, չձեռնարկեց համապատասխան «Ուղեցոյց»ի մը պատրաստութեան: Պատճառներէն մէկն ալ այն է, որ կը հաւատար, թէ Հայաստանի մէջ կան մասնագէտ լեզուագէտներու փաղանգ մը, համակարգեր, որոնց ճիտին պարտքն է այդ կալուածը: Գիտէր նաեւ, որ այդ դաշտին մէջ մասնագիտական աշխատանք տարուած է ու կը կատարուի: Կը բաւականանաք միայն աւելցնելով, որ իր զայրոյթէն բաժին կը հանէր նաեւ բոլոր անոնց (պետական, քաղաքական մարդիկ, գրողներ, լրագրողներ, մինչեւ իսկ մտաւորականներ), որոնք ահաւոր անբարեխղճութեամբ նահատակ կը դարձնէին (ու կը շարունակեն դարձնել) մեր լեզուն: Այդ ախտին տարրերն են օտար եզրերու, հասարակ տեղիք, գեղջկական ասոյթներու առատ օգտագործումը եւ լեզուական ընդունուած, ամրագրուած օրէնքներու օր-աւուր ոտնակոխումը:
Մէկ խօսքով, Արմենակին պահապանի դերը չէր սահմանափակուած միայն արեւմտահայերէնով, այլ անոր համար ԼԵԶՈ՛ՒՆ, իր ամբողջութեա՛ն մէջ, արժէք եւ ԱՒԱՆԴ էր, որուն վրայ պէտք էր ԳՈՒՐԳՈՒՐԱԼ կարելի բոլոր միջոցներով: Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»ին արեւմտահայերէնի փոխադրումի իր աշխատանքէն շատ առաջ, ան լա՛ւ ըմբռնած էր մեծ հայուն սրտցաւ խօսքերը, որոնք տեղ գտած են հատորին մէկ էջին մէջ. «Լեզուն որ չըլլի, մարդս ինչի նման կ՛ըլլի», աւելին՝ պէտք չէ լեզուներու աղցանի վերածել հայերէնը: Սա, ինքնին, մէկ հեռաւոր արձագանգն էր Մեծն Մաշտոցի առաքելութեան եւ գործին:
Քանի կը խօսինք մեր լեզուին հանդէպ Արմենակի սիրոյն եւ պաշտամունքին մասին, կ՛արժէ որ աւելցնենք կէտ մըն ալ: Ան ո՛չ միայն քաջածանօթ էր արդի հայերէնին, այլ խորացած էր գրաբարի ծովուն մէջ, ուսումնասիրած՝ մեր լեզուի զարգացման եւ կտրած փոփոխութիւններուն, ըսենք նաեւ՝ բարեփոխումներու փուլերը (կարելի է երկար խօսիլ նաեւ այլ լեզուներու անոր իմացութեան եւ որոշ հմտութեան մասին): Օր մըն ալ հասաւ այն եզրակացութեան, թէ մեր լեզուական շատ մը տագնապները, սայթաքումները, վրէպները կրնան ինքնաբերաբար լուծուիլ, եթէ վերադառնանք Մաշտոցի լեզուին, այսինքն՝ վերականգնենք գրաբարը՝ իբրեւ գրաւոր եւ բերանացի հաղորդակցութեան գործիք: Այս տեսութիւնը նորութիւն չէ, անցեալի՛ն ալ, ժամանակակիցներո՛ւն մէջ ալ կան նման մտածողութեան հաւատացողներ: Այս առնչութեամբ ալ ազնիւ վէճ ունեցած ենք իրեն հետ, առարկելով, որ Մաշտոցի դարերէն ասդին, ո՛չ միայն ահագին ջուր անցած է կամուրջին տակէն, այլ գետին հունը մեծ փոփոխութիւններու ենթարկուած է, ջուրէն մաս մըն ալ… շոգիացած, թէ՝ կարելի չէ պատմութեան անխուսափելի պարտադրանքներուն դէմ ելլել (Պետրոս Գետադարձ ալ չունինք այլեւս…): Բնականաբար դժուար էր Արմենակը տարհամոզել կարգ մը հաւատալիքներուն մէջ: Իր հայեցակէտով՝ իրաւունք ունէր, սակայն գործնապէ՞ս… (տեղին չէ անդրադառնալ այլ տարակարծութիւններու):
ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԱՐԺԷՔ՝ ԲԱՆԱՍԷՐԸ
Արմենակի արժանիքներուն գնահատականը ընողները առաւելաբար նկատի ունին ԼԵԶՈՒԻ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ՝ ուղիղ հունին զարգացման եւ պահպանման մէջ պահակի՛ դերը: Ըսինք արդէն: Արդար են այդ գնահատումները: Կայ, սակայն, դաշտ մը, որ մնացած է յիշեալ «արեգակ»ին լուսանցքին վրայ. այդ ալ, բանասէր եւ մտաւորական Արմենակն է: Այս մօտեցումով, կրնանք ամենայն վստահութեամբ կոչել ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ արժէք, պրպտող միտք, որուն նմանները աւելի առատ են հայրենի երկինքին տակ, հետեւաբար, զինք կը դարձնէ համահայկական արժէք:
Խաչատուր Աբովեանի պատմական վէպին արեւմտահայերէնի փոխադրումին մասին բազմաթիւ արձագանգներ եղած են, չենք ուզեր կրկնութիւն ընել: Անոր քովն ի վեր, կան այլ թանկարժէք գործեր:
2005ին լոյս տեսած անոր հատորը, որ լուսարձակ կը բերէ մեր տառերուն սկզբնաղբիւրներուն վրայ, ուշագրաւ եւ հորիզոններ ընդարձակող աշխատութիւն է: Չենք գիտեր, թէ այդ հատորին պատրաստութիւնը որքա՞ն ժամանակ խլած է իրմէ (այդ տարիներուն հանգստեան չէր կոչուած), սակայն պէտք է ընդգծել, որ Արմենակը պէտք է յիշուի նա՛եւ այդ գործով: Անոնք, որոնք ծանօթ են գործին, պիտի յիշեն, որ Արմենակը հանքագործի պէս պեղումներ կատարած է եւ հասած այն կէտին, որ Մեսրոպ Մաշտոց, հայ տառերու ՁԵՒԱՒՈՐՄԱՆ մէջ, օգտագործած է եթովպիական տառերը: Հատորը գիտական ուսումնասիրութիւն մըն է, բազմաթիւ տախտակներու եւ բաղդատականներու ճամբով, ան կը հիմնաւորէ իր գտածները: Հոս կայ զուարճալիքի բաժին մը. մեր մամուլին մէջ երբեմն երեւցած են «տեսութիւններ», ըստ որոնց՝ եթովպիական տառերուն հնարիչը… մեր Մաշտոցն է (առիթով մը նման սիւնակէ մը տողեր հասցուցի իրեն, պատասխանեց ծիծաղով: Ինչպէ՞ս կարելի է նման տգէտ հաստատում ընել, գրած էր, երբ եթովպիական տառերը գործածութեան մէջ էին Քրիստոսէ հարիւրաւոր տարիներ առաջ…):
Վերադառնալով Արմենակի լեզուագիտութեան արժանիքին, պէտք է արձանագրել նաեւ «Ուղեցոյց»ին շուքին մէջ մնացող դաշտ մը: Արմենակը իր այս գիտելիքները ի սպաս դրած է բազմաթիւ գրողներու՝ սրբագրելով եւ խմբագրելով ընդհանրապէս յուշագրական հատորներ (բոլորին ծանօթ չենք): Լոյս տեսածներուն մէջ, հեղինակները երախտիքի խօսք արձանագրած են:
Արմենակը տաժանակիր աշխատանք տարած է նաեւ ցարդ անտիպ հատորներու պատրաստութեան համար: Մեզի ծանօթ են գոնէ երկուքը: Մէկը՝ Մեսրոպ Մաշտոցի «Յաճախապատում Ճառք»ի արեւմտահայերէնի փոխադրումն է (արեւելահայերէնը կարել է գտնել համացանցի ճամբով), որուն վրայ աշխատած է երկար: Երկրորդը՝ Տիրան Կարապետ Տաղստանեան անունով հայրենադարձի մը (ներգաղթի օրերուն) ոդիսականն է, յուշագրական, վիպանման հատորը, զոր, իր իսկ վկայութեամբ, վերամշակած է, ամփոփած ու վերախմբագրումի ենթարկած (բնագիրը մօտաւորապէս հազար էջ է, մեքենագրուած, Արմենակի վերամշակումը զայն սեղմած է շուրջ 500 էջի մէջ): Ասոնք կը սպասեն հրատարակումի: Եթէ վերջինը իրականանայ, ընթերցողը զուգահեռներ պիտի տեսնէ Սանինեանի «Ես Յանցանք Գործեցի», Մահարիի «Ծաղկող Փշալարեր», Մ. Արմէնի «Պատուիրեցին Յանձնել Ձեզ» ու նման հատորներու էջերէն ծանօթ՝ ողբերգական ոդիսականներու հետ, այն տարբերութեամբ, որ այս հայորդին Սիպերիան չէ ճաշակած, այլ ինկած է թուրքին ճիրաններուն մէջ:
Գոնէ պէտք է արագ նշում ընել մէկ քանի այլ յատկանիշներուն: Մեր, նաեւ միջազգային գրականութեան (մասնաւորաբար՝ դասականներու) երկրպագու մըն էր (թէեւ մեծ համակրանք չունէր իբրեւ նորարար հրապարակ եկող գրողներու հանդէպ): Իր առաքումները յաճախ կը համեմուէին գրողներու գոհարներէն արտատպումներով: Բազմաթիւ լեզուներու հմտութեան կողքին՝ թրքերէնի իր իմացութիւնն ալ ատեն մը առաջ ներկայացաւ յօդուածաշարքով մը:
Կարելի՞ է աւելին գրել Արմենակին մասին. բնականաբար այո՛, ու հոս կը ձայնակցիմ բոլոր անոնց, որոնք գրեցին եւ չբաւարարուեցան իրենց գրածով: Այս տողերը արդեօք յաջողեցա՞ն քանի մը գիծ աւելցնել Արմենակին ծանօթ դիմաստուերին վրայ՝ այդ ալ պիտի դատեն ընթերցողն ու զինք ճանչցողները: Կը մնայ ըսել, որ անոր մեկնումով, ո՛չ միայն իր ընտանիքն ու անմիջական շրջանակը, Լիբանանի հայութիւնը կորսնցուցին թանկարժէք հայ մը, մեր լեզուին մէկ բդեշխը, այլ ամբողջ հայութիւնը կորսնցուց ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ու համահայկական արժէք մը, որուն շուրջ հազարի հասնող՝ ե-նամակի հասցէակիցներուն, նաեւ անհատական հաղորդակցութիւն պահողներուն մէջ երկար պիտի մնայ անոր առաքումներուն կարօտը, պիտի զգացուի ստեղծուած բացը:
Անշուշտ կը մնայ գլխագիր հարցում մը. անոր աւանդը՝ լեզուի ճիշդ գործածութեան պատգամը իրականացնողներուն փաղանգը պիտի ուռճանա՞յ, որպէսզի Արմենակն ալ ըսէ. «Գիտցէ՛ք, որ դեռ կենդանի եմ»: Մեր պատասխա՞նը. պէտք է կենսագործել այդ աւանդը:
21 Նոյեմբեր 2025




Leave a Reply