Յունաց հիւանդանոցի ղեկավարութիւնը պատկան պաշտօնական մարմիններուն նկատառման յանձնած է ծաւալուն զեղծումներ

Համացանցային կարգ մը կայքէջեր արձագանգ հանդիսացան՝ Պալըքլըի յունաց հիւանդանոցին վերաբերեալ զգայացունց լուրերու, որոնք մէկ կողմէ գայթակղեցուցիչ են, իսկ միւս կողմէ ցաւալի՝ հաշուի առնելով երկրի փոքրամասնութիւններու բարի համբաւն ու վարկը։

Ըստ յիշեալ աղբիւրներուն՝ յունաց հիւանդանոցէն ներս յայտնաբերուած են կեղծ դեղագրերու տուեալներ։ Հարցը կը վերաբերի 2017-2021 թուականներուն։ Այս ժամանակահատուածին մանկական հոգեբուժութեան բաժանմունքէն ներս բժիշկի մը գլխաւորութեամբ կատարուած են շարք մը ապօրինութիւններ, որոնց հետեւանքով հանրութիւնը 112 միլիոն թրքական լիրա վնասի ենթարկուած է։

Պաքըրգիւղի Հանրապետական դատախազութիւնը հիւանդանոցէն ներս ձեռնարկած է գործողութեան մը, որով հսկողութեան տակ առնուած են փրոֆեսէօր մը, դեղագործ մը եւ բժշկական քարտուղարը։ Ըստ դատախազութեան հրապարակման՝ առանց «Medula» համակարգին մէջ արձանագրութեան՝ իբր թէ քննուածի նման ցոյց տրուած են կարգ մը հիւանդներ, որոնց անձնական տուեալները ձեռք բերուած են։ Այսպէսով կարմիր կամ կանաչ դեղագրի անհրաժեշտութեամբ դեղերու ստացագրերը Ընկերային ապահովութեան հաստատութեան (SGK) հասցէագրուած են։ SGK-ի կողմէ հաւանութիւն չտրուելուն պատճառով այս հիւանդանոցը ի վիճակի չէ հիւանդներ մուտքագրել, սակայն, հիւանդանոց բնաւ չմեկնած հիւանդներու անունով եւ անոնց այլ վայրերու արձանագրութիւնները օգտագործելով պատրաստուած են այդ կեղծ դեղագրերն ու ստացագրերը։

Այս բոլորին կապակցութեամբ Պալըքլըի յունաց հիւանդանոցի վաքֆի ղեկավարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, ուր շեշտուած է, որ այս յանցագործութիւնը պատկան իշխանութիւններու նկատառման յանձնուած է հիւանդանոցի վաքֆի վարչութեան իսկ կողմէ։ 18 սեպտեմբեր 2020-ին գումարուած վարչութեան ժողովին ժամանակ որոշուած է դատական գործընթացի մը սկիզբ դնել՝ հաստատութենէն ներս յայտնաբերուած գայթակղութեան կապակցութեամբ։ Այս գործընթացը հետամուտ է ապօրինութիւններ կատարած անձը կամ անձերը ստուգելու, հանրութեան վնասի կանխումը՝ քանի հիւանդանոցի վարչութիւնը այս բոլորին դէմ բացարձակապէս հանդուրժողութիւն չի ցուցաբերեր։

Յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ իրաւական գործընթացը ներկայիս կը շարունակուի եւ վարչութիւնը բծախնդրօրէն կը հետեւի բոլոր իրադարձութիւններուն։

Հուսկ, այս յայտարարութեամբ հանրային կարծիքի նկատառման յանձնուած է, որ 1753 թուականին հիմնուած յունաց հիւանդանոցը հնամենի հաստատութիւն մըն է, ուր բուժման եւ խնամքի ծառայութիւններ կը մատուցուին, միեւնոյն ժամանակ, պատմութեան ընթացքին ան միշտ հաւատարիմ եղած է բարոյագիտութեան ու իրաւական արժէքներուն։ Այժմու վարչութիւնը այսպիսի դէպքերու պարագային անզիջում դիրքորոշում մը որդեգրած է՝ հաստատութեան պատմութեամբ ու առաքելութեամբ պայմանաւորուած պատասխանատուութեամբ, որպէսզի կառոյցի անունը ստուերի տակ չմնայ։

http://www.jamanak.com/content/1/21-11-2025/43572

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2025
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ