ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Բնաւ նկատա՞ծ էք, թէ սուրճը որքան մեծ տեղ կը գրաւէ մեր առօրեայ կեանքէն ներս, գրեթէ մեզի կ՛ընկերակցի ամէն տեղ՝ տուն, գրասենեակ, աշխատատեղի, հիւրանոց, սուրճի խանութ, գրադարան եւ տակաւին շարքը կ՛երկարի, իսկ մեր հայկական սովորութեամբ՝ կ՛արթննաս սուրճով, կը խմես ճաշէն ետք եւ քնանալէ առաջ:
Մեր մանկութեան, երբ Նոր Գիւղը` անաղարտ հայկականութեամբ փոքրիկ Հայաստան մըն էր, պապենական սովորութիւնները դարձեր էին անգիր օրէնքներ, որոնցմէ մէկն ալ Շաբաթ օրերու անփոփոխ յայտագիրն էր․ կային շատ մը սովորութիւններ, որոնք կը գործադրուէին պետական հրահանգի մը բծախնդրութեամբ, ոչ մէկուն մտքէն կ՛անցնէր փոխել, կամ նոյնիսկ հարցնել՝ ինչո՞ւ…
Ինչո՞ւ լուացքը Շաբաթ օրերը, ինչո՞ւ լուացքի օրուան ճաշը «մուճետտերէ», ինչո՞ւ լոգանքը միայն Շաբաթ օր… Եւ տակաւին շատ մը մանրամասնութիւններ… այսպէս ալ սուրճը, որ այդ օրերուն ընդհանրապէս Շաբաթ օրերը կը խարկուէր եւ կ՛աղացուէր:
Շաբաթ առաւօտ կանուխ լուացքի արարողութիւն, մաքրութիւն՝ վերէ՜ն վար, լուացքը բռել, ապա չորցած լուացքները հաւաքել, արդուկել ծալլել ու տեղադրել, կէսօրուան ճաշը մեծ հաւանականութեամբ՝ «մուճետտերէ», ապա լոգանք, բայց լոգանքէն առաջ անպայման շաբթուան սուրճի պատրաստութիւն:
Այդ ժամանակ սուրճն ալ իր կանոնները ունէր․ նախօրօք ապահովուած հում սուրճի հատիկները, որ կանաչ գոյնով եւ անուշ բոյրով իր կարեւոր տեղը ունէր տարեկան պաշարներուն մէջ, ամէն Շաբաթ օր պէտք էր ծրագրուած աշխատանքներու աւարտին մշակուէր։ Հոն կը սկսէր սուրճ պատրաստելու արարողութիւնը․ շաբթուան օգտագործուելիք քանակով կանաչ հում սուրճը կը խարկուէր եւ խարկելու գործողութիւնը ժամանակ եւ աշխատանք կը պահանջէր, ամէն տուն ունէր սուրճ խարկելիք գործիք, որ մետաղէ սեւցած գլան մըն էր, զայն դարձնող պզտիկ թեւ մը եւ դռնակ մը ունէր, ուրկէ հում սուրճը կը լեցուէր, խարկուելէ ետք ալ բովուած մեղրագոյն հատիկները կարծես աւելի մեծցած ու յագեցած դուրս կու գային պզտիկ դռնակէն։ Գլանը կը հաստատուէր կազ օճախին վրայ տեղաւորուած շրջանակաձեւ նոյնանման մետաղէ օղակի մը վրայ եւ անդադար թեւին օգնութեամբ դարձնելով կը խարկուէր սուրճը, որմէ ետք պէտք էր աղացուէր, որ պատրաստ ըլլար եփուելու: Մայրս, մեր տան բակի բարձր քարին վրայ կը զետեղէր այդ կազմածը, թէեւ օրուան աշխատանքէն յոգնած՝ բայց աշխուժով մը կը խարկէր շաբթուան սուրճը։ Հիմա կէս դար հեռաւորութենէն, տակաւին կը լսեմ վառուող օճախին ձայնը եւ ձայնին ընկերացող խարկուող սուրճին կչրտոցը, որոնք զիս կը տանին տուն, այդ Շաբաթ օրուան արեւոտ յետմիջօրէները, կը լսեմ մօրս ձայնը եւ կ՛առնեմ դարձող ու բովուող սուրճին բոյրը՝
«Հատէ Լենա, առ աս սուրճը, գնայ քաշեցուր բեր, արագ չտնտնա՜ս դեռ պիտի լոգնաս», կ՛ըսէր մայրս.
Ես՝ բովուած անուշաբոյր սուրճը, տաք-տաք, առնելս ու վազելս մէկ կ՛ըլլար․ մեր տունէն քանի մը փողոց անդին գտնուող, Կիլիկեան վարժարանի թաղին չհասած, պզտիկ խանութ մը կար, ճիշդ չեմ յիշեր քանի ֆրանկ կու տայի, բայց լաւ կը յիշեմ, որ խանութպանը խանութին մէկ անկիւնը զետեղած էր ելեկտրական մեքենայ մը, վերէն եւ վարէն բացուածքներով, սուրճը կը դնէր վերի բացուածքին ու կոճակը կը դարձնէր, մեծ աղմուկ մը կը լեցնէր խանութը, բայց բարեբախտաբար շատ արագ կը քաշուէր սուրճը, վաճառորդը դարձեալ կոճակը դարձնելով կը կեցնէր մեքենայի աշխատանքը, ապա աղացուած սուրճը վարի բացուածքէն կը պարպէր տոպրակի մը մէջ եւ կու տար ինծի։ Պէտք էր ուշադիր ըլլալ, որ շատ բարակ աղար․ ասի հայկական սուրճին յատկութիւններէն մէկն էր։ Ապա վազելով կը վերադառնայի տուն: Այդ սուրճը մէկ շաբթուան տան պահանջքը կը բաւարարէր, բայց ամէնէն հաճելին, այդ օրուան յոգնութենէ ետք, նոր խարկուած եւ քաշուած սուրճն էր, եփուած պղինձէ սրճեփին մէջ, որ կը յատկանշուէր իր յագեցած համով եւ մրուրով եւ որ մեր մայրերուն կը պարգեւէր դրախտային երանութիւն եւ հայկական սուրճին կու տար առանձնայատկութիւն։ Վստահ եմ, որ այսօր այդ սուրճին համն ու հոտը ոչ մէկ տեղ կարելի է գտնել:

Աւելի վերջ, երբ սկսաւ ամէն տուն փոքր սրճաղաց մը ունենալ, ալ սուրճ աղալու համար պէտք չունէինք խանութ վազելու, տունը կարելի էր խարկուած սուրճը քաշել եւ գործածել, շատեր ալ եփելիք սուրճին չափ կ՛աղային եւ թարմ թարմ կը խմէին։ Աւելի ուշ, սուրճի յատուկ խանութներ սկսան երեւիլ քաղաքամէջ Հալէպի մէջ, որոնցմէ մէկն ալ Ետիկեաններու պատկանող «Մոքա» մակնիշով սուրճի խանութն էր, մերձաւորութեան նկարիչ «Ֆօթօ Սագօ»ին։ Այս վաճառատուները մեծ մեքենաներ եւ յատուկ սարքեր ունէին եւ կը զբաղէին հում սուրճի հատիկներու մշակումով եւ կը վաճառէին տունը եփելու պատրաստ սուրճ․ մարդիկ, ա՛լ պէտք չունէին ո՛չ խարկելու, ո՛չ ալ սուրճ քաշելու։ Քոյրս՝ Լիզան, դպրոցէն վերադարձին, ամէն շաբաթ պատրաստ սուրճը կ՛առնէր «Մոքա»էն եւ տնեցիները կը վայելէին շաբաթական սուրճը, մինչ առտնին սուրճի յատուկ բոլոր սպասները անգործածելի դարձան եւ փոխադրուեցան մառան, տեղաւորուեցան անկիւն մը աւելի ուշ՝ մոռցուելով թափուեցան:
Այսպէս սուրճը մեծ տեղ ունէր մեր կեանքէն ներս, սուրճը՝ շրջանակ էր, ընկերութիւն էր, սուրճը հաւաքականութիւն էր, սուրճով կը սկսէր օրը, սուրճով կը դիմաւորուէր եւ կը հիւրասիրուէր տան դուռը թակողը, սուրճով կ՛որոշուէր հարսնացու աղջկան բախտը եւ տակաւին շա՜տ ու շա՜տ եղելութիւններ կ՛ամբողջանային այդ գաւաթ մը տաք սուրճով….
Յատուկ է հայկական սուրճը նոյնիսկ իր անունով ․աշխարհի բոլոր լեզուներով սուրճը coffee, cofe, kahve, gahwa է եւ միայն եթովպիացիները եւ արաբները կը կոչեն «պըն»։ Հաւանական է, որ «սեւ ջուր»ը տարիներու ընթացքին հոլովուելով վերածուած է սուրճի․ վերջապէս հայկական սեւ սուրճը յատուկ է եւ կը խօսի…
Սուրճը, առաջին անգամ յայտնաբերուած է Գալտի անունով հովիւի մը կողմէ Եթովպիոյ մէջ 9րդ դարուն, երբ նկատած է արօտավայրի կարմիր հատապտուղները կերած իր այծերուն աշխուժութիւնը, ապա այդ շրջանի վանականները իրենց գիշերային աղօթքներէն առաջ սկսած են ըմպել այդ հատապտուղներով պատրաստուած ըմպելիքը, որ զիրենք արթուն կը պահէր՝ աղօթքի երկար գիշերներուն: Կամաց-կամաց, անոր գործածութիւնը զարգանալով ընդհանրացաւ Եթովպիոյ մէջ, ապա անցաւ Արաբական թերակղզի: 15-16րդ դարերուն սուրճը տարածուեցաւ արաբական աշխարհին մէջ։ 1400ականներուն Եմէնի մէջ է, որ առաջին անգամ սկսաւ սուրճի հատիկը մշակուիլ՝ բովուիլ, աղացուիլ եւ հետզհետէ վերածուեցաւ ներկայիս մեր օգտագործած սուրճին, մինչ գործածութիւնը աւելնալով եւ պահանջքը շատնալով, սուրճը տան սահմաններէն դուրս ելաւ տեղ գրաւեց շուկաներուն մէջ ստեղծելով «ճահուէ խանէ» անունով սուրճ խմելու վայրերու, որոնք լայն տարածում գտան արաբական մայրաքաղաքներու՝ Մեքքէի, Գահիրէի, Դամասկոսի եւ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, անոնք եղան մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու հաւաքավայրեր, միաժամանակ դառնալով երաժշտութեան, զրոյցներու, հեքիաթասացութեան եւ լուրերու կեդրոններ:
Հետզհետէ, սուրճի գործածութիւնը 16րդ դարու կէսերուն տարածուեցաւ Եւրոպայի մէջ եւ սովորութիւն դառնալով ստեղծեց ըմպելիքի նոր մշակոյթ․ ըստ կարգ մը աղբիւրներու սուրճը Եւրոպա մուտք գործեց Վենետիկի վաճառականներուն միջոցաւ, առանց մասնաւորելու անոնց ազգութիւնը, իսկ տարբեր աղբիւրներ կը հաստատեն, որ սուրճի հատիկները Եւրոպա հասցուցած են հայ վաճառականներ եւ առաջին սուրճի խանութները յառաջացած են հայերու կողմէ։ Առաջինը հաստատուած է Վիեննայի մէջ Յովհաննէս Աստուածատուր անունով վաճառականի մը կողմէ, Փարիզի մէջ՝ Փասքալ անունով հայու մը եւ տակաւին Լոնտոնի եւ Փրակի մէջ սուրճի առաջին խանութները հիմնած են հայեր։
Այսպիսով, Եւրոպայի մէջ տարածուող սուրճի մշակոյթը տեղի տուաւ մեծ թիւով սուրճի խանութներու, որոնք դարձան մտաւորականներու հաւաքավայր, եւ եղան մշակութային եւ ընկերային կեդրոններ: Լոնտոնի սուրճի խանութները կը կոչուէին «Փենի համալսարան»ներ, որովհետեւ մէկ փենիով կրնայիր սուրճ խմել եւ հետաքրքրական զրոյցներ ունենալ: Եւրոպայի գաղութային ուժերը տարածուելով Ափրիկէ եւ Հարաւային Ամերիկա՝ իրենց հետ տարածեցին սուրճի մշակոյթը։ Հոլանտացիները սուրճի ծառեր տնկեցին Ինտոնեզիոյ մէջ, ֆրանսացիները՝ Կարիպեան կղզիներու, իսկ փորթուկալցիները զայն տարածեցին Պրազիլի մէջ, որ 19րդ դարուն դարձաւ աշխարհի գլխաւոր սուրճ արտադրողը։ Նոյն դարուն, սուրճը դարձաւ միջազգային առեւտուրի ապրանք, իսկ 20րդ դարուն դարձաւ ընկերային կեանքի անքակտելի մասնիկ։ Իտալական էսփրեսոյի պարերէն մինչեւ ամերիկեան սուրճի խանութներու անծայրածիր շղթաները աշխարհով մէկ տարածեցին սուրճ խմելու սովորոյթը:
1970ականներուն սուրճի առեւտուրը սկսաւ զարգանալ արտադրութեան տեսակով, որակով, վաճառանիշերով, պատրաստելու եւ հրամցուելու ոճով։ Ոչ միայն սուրճի խանութները շատցան ու տարածուեցան այլ սուրճի տեսականին եւ մեքենաներու այլազանութիւնը մտաւ մինչեւ տուները: Եթէ նախապէս սուրճ եփելու համար սրճեփ մը պէտք ունէիր, այսօր ի՜նչ մեքենաներ, ի՜նչ կազմածներ, իւրաքանչիւր մեքենայի հետ գործածուող ի՜նչ սուրճի տեսակներ, տարբեր չափերու եւ ձեւերու գաւաթներ, որոնք ոչ մէկ ձեւով չեն նմանիր մեր դասական սուրճի գաւաթներուն։
Այս բոլոր հոլովոյթներէն զերծ մնաց հայկական սուրճը, միշտ ալ մնաց եզակի, իր շատ բարակ աղացուած ըլլալու պարագայով, պղինձէ սրճեփի մէջ մեղմ կրակի վրայ եփելու ոճով, ապա եռացնելով հանգչեցնելու գաղտնիքով, իր մէջ պահող չլուծուած մասնիկներով եւ գոյացող մրուրով եղաւ տարբեր, եղաւ եզակի եւ խօսող: Այո, հայկական սուրճը սկիզբէն իսկ տարբեր էր միւս բոլորէն եւ ցարդ շարունակած է մնալ հաւատարիմ իր նախատիպին, անոր համար է նաեւ որ մեր սուրճի գաւաթը կը խօսի ու կը պատմէ….
Կարելի՞ է դիմադրել հայկական սուրճի հոտին, երբ կ՛անցնիս դրացիի մը տան մօտէն եւ անուշաբոյր սուրճի հոտը հեռուէն կը բուրէ, մինչ դրացին տեսնելով քեզ ուրախութեամբ՝ «Սուրճը պատրաստ է մտիր», կը կանչէ։
Հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ սուրճի մշակոյթը շատ հին ժամանակներէ առանձնակի եւ հիմնաւորուած տեղ ունի․ սուրճը միայն հիւրասիրութեան յատուկ ըմպելիք մը չէր, կամ խոհանոցէն ներս անհրաժեշտութիւն մը, մեր հայկական սովորութեամբ՝ կ՛արթննաս սուրճով, հիւր կու գայ՝ սուրճ, հիւրութեան կ՛երթաս՝ սուրճ, ճաշէն ետք անպայման՝ սուրճ («կը մարսեցնէ»)…
Սուրճը ընկերային պահ էր, սուրճը չափանիշն էր երիտասարդ աղջիկներու տանտիկինութեան, սուրճով հարցեր կը լուծուէին, աղջիկներ կը նշանուէին, կ՛ամուսնանային եւ տակաւին սուրճը հայ կիներու առօրեայ «թերափին» (բուժում) էր․ մէկ խօսքով՝ սուրճը ունէր շատ մը պարտականութիւններ ըստ օգտագործուած տեղին, ժամանակին եւ օգտագործող անձերուն:
Օրը կը սկսէր սուրճով, առտուան առաջին սուրճին հետ տէր եւ տիկին կը ծրագրէին օրուան յայտագիրը, ի՞նչ պիտի եփուի, երբ շուկայ պիտի երթան:
Ամուսինին ճամբելէ ետք, երկրորդ սուրճը՝ դրացիներուն հետ կ՛ըլլար։
– Գիտե՞ս «պախխալ» (նպարավաճառ) Անտոնը այսօր թարմ լոլիկներ ունի…
– Ի՞նչ կ՛ըսես, ի՞նչ պիտի եփե՞ս…
Եւ խօսակցութիւնը ծայր կու տայ, սուրճը արագ կը խմուի կիները կ՛աճապարեն շուկայ երթալով «ապրանքին երես»ը առնելու…
Կէսօրէ ետք խմուելիք սուրճին նիւթը բոլորովին ուրիշ է.
– Տեսար մը, Սիրանոյշին աղջիկը խօսկապ ըրեր են.
– Իրա՞ւ, որու հետ․ գիտցայ ես, Սիրանոյշը հովեր մը առած թաղին մէջ կ՛երթար կու գար…
Այսպէս ամէն մէկ սուրճի հաւաք իր նիւթը ունէր․ հապա եթէ անծանօթ հիւրեր աղջիկ ունեցող տան մը դուռը թակէի՞ն, անմիջապէս մայրը երիտասարդ աղջկան աչքով նշան կ՛ընէր, անշուշտ վարժ աղջիկը կը հասկնար, որ այդ աչքի շարժումը «սուրճ եփէ» կը նշանակէ եւ անմիջապէս կ՛երթար խոհանոց սուրճ եփելու, հոս կը սկսէր քննութիւնը.
– Ի՜նչ ալ արագ եփեց սուրճը .
– Քիչ մը թանձր էր, բայց աւելի լաւ էր անցեալ շաբթուան աղջիկտեսի սուրճէն, անոնցը ճիշդ ամանի ջուրի պէս բան մըն էր.
– Աղջիկը շատ ճարպիկ չերեւիր, շորորալով բերաւ ափսէն․
– Բայց ինչպէս կոկիկ շարած էր գաւաթները․
– Հրամցուցած ձեւն ալ լաւ էր, ժպիտով…
Երբեմն ալ հակառակը կը պատահէր.
– Աղջիկը անուշիկ էր, բայց եփած սուրճը բանի չէր գար․
Կամ՝
– Ի՜նչ ինքնավստահ աղջիկ է, ժպտուն դէմքով ալ սուրճերը հրամցուց:
Աղջիկ ունեցող ընտանիքն ալ եթէ աղջիկտեսի եկողները իրենց յարմար չէին նկատեր, կը հրամցուէր լեղի սուրճ․ արդէն հասկնալի էր, որ պատասխանը ժխտական է:
Հայկական սուրճը իր դերակատարութիւնը ունէր նաեւ սուգի պարագային․ սգաւորները բոլոր ուտելիք, խմելիքները կը դադրեցնէին, բացի սուրճէն, մինչեւ թաղում:
Հայկական սուրճը եզակի է նաեւ անոր համար, որ մեր սուրճի գաւաթը կը խօսի ու կը պատմէ…
Ահաւասիկ մեր սուրճի պատմութիւնները․ ինչե՜ր կը պատմեն սուրճին մէջի նախշերը, սուրճի մրուրը…
Մեր մանկութեան, ամէն թաղ ունէր իր մէկ կամ երկու գաւաթ կարդացողները, որոնք բոլորէն աւելի փնտռուածներն էին, ամէն մարդ իր ակնկալիքներուն պատասխանը սուրճի մրուրէն կը սպասէր, որուն բանալին գաւաթ կարդացողներն էին, իսկ գաւաթ կարդալը ունէր յատուկ մշակոյթ՝ օրէնքներ, բառամթերք ու շարահիւսութիւն․ օրինակ, երբ գաւաթդ պիտի կարդան, քիչ մը անդին՝ կարդացողին հետ կ՛առանձնանաս, ան ալ խորհրդաւորութիւն մը տալով ձայնին կամ գաղտնիք մը հաղորդողի հանգամանքով՝ գաւաթը ձեռքին մէջ քանի մը անգամ զննելով դարձնելէ ՝ կը սկսի խօսիլ.
– Աղջի՜կ, աչք կայ տունիդ վրայ.
– Աչքերնին ելլէ, աւրէ, աւրէ մատովդ.
– Թռչուն մը բերանը բարի լուրով ձեզի կու գայ.
– Աստուած բերնէդ լսէ, եթէ իրական ըլլայ «մուժտէ» (նուէր) ունիս:
– Ձեր տունէն ներս, կամ նշանտուք կամ ալ ծնունդ պիտի ըլլայ, կ՛ըսէր մօրաքոյրս:
– Ինչէ՞ն գիտես.
– Տե՛ս եթէ շրջանակ մը կայ մէջն ալ կէտ մը՝ ըսել է անպայման ուրախ դէպք մը պիտի պատահի։
Փաստելու համար ըսածը մատով ցոյց կու տար գաւաթի սեւ գիծերը:
Հօրեղբօրս կինը թաղի գաւաթ կարդացողներէն մէկն էր, այդ պատճառով ալ ամէն առաւօտ մեր ետեւի թաղը ապրող «կելըն պաճը»ն՝ հարս քոյրիկը, մեզի կու գար սուրճ խմելու։ Սրճագոյն հաստ ակնոցները քիթին վրայ տեղաւորելով կը նստէր բակի պզտիկ աթոռին, մինչ մայրս կամ հօրեղբօրս կինը սուրճը եփած կը բերէին, հազիւ տաք սուրճէն ումպ մը կ՛առնէր՝ «անֆիա»ի (քթախոտի) տուփը կը բանար, նարնջագոյն եղած բթամատով եւ ցուցամատով պտղունց մը փոշիէն կ՛առնէր քիթին ծակերէն ներս կը տեղաւորէր, ապա վայրկեան մը չանցած՝ խոշոր թաշկինակ մը կը հանէր հագուստին գրպանէն եւ կը սկսէր փռնգտալ․ կարծես սուրճ խմելու գործողութեան հետ առնչուած ըլլար քթախոտը, յետոյ շարունակելով սուրճ խմելը.
– Այսօր ալ Սերոբը եւ Հրայրը խաղ ունին, նայիր նայինք գաւաթիս պիտի յաղթեն մը։
Հօրեղբօրս կինը առանց ձանձրանալու, ամէն անգամ նոր եռանդով ձեռքը կ՛առնէր գաւաթը, քանի մը անգամ ձեռքին մէջ կը դարձնէր, աչքերը պզտիկցնելով կը քննէր մէջի գծիկները եւ կը սկսէր բառերը ետեւ-ետեւի շարել, միշտ ուշադրութիւն ընելով դիմացինին դէմքին արտայայտութիւններուն, որոնցմով կ՛ուղղորդուէին իր խօսելիք լուրերը։ Եթէ դիմացինը ուրախ էր իր ըսածներով՝ կը ծաղկեցնէր լուրը, հակառակ պարագային, ճարպիկօրէն տարբեր նիւթի մը կը ցատկէր․ ամէն անգամ ալ «կ՛ելլէր», որ պիտի յաղթեն, երբեմն՝ «քիչ մը նեղութիւն կայ» կ՛ըսէր եւ անոր վրայ պատմութիւնները կը շինուէին եւ կարդացողը տեղեկութիւններ կ՛առնէր, մտիկ ընողը հոգերը կը պատմէր եւ «թերափի» եղած կը ձգէր կ՛երթար:
Գաւաթ կարդալու համբաւ ունեցողները թաղին փնտռուած անձերը կ՛ըլլային եւ ընդհանրապէս սուրճի խմբաւորումներու փափաքելիները, անոր համար ալ թաղի բոլոր լուրերու տեղեկատուն, որ իրենց կու տար պահանջուած ըլլալու երկրորդ առաւելութիւնը, բայց միշտ ալ սուրճ խմողներու խումբին մէջ մէկը կը ստանձնէր այդ պարտականութիւնը եւ այդ ձեւով հաւաքը աւելի հետաքրքրական եւ «օգտաշատ» կ՛ըլլար:
Տարիները անցան, շատ մը սովորութիւններ, որոնք անփոփոխ օրէնքներ էին, փոխուեցան, մոռցուեցան, անցեալ դարձան՝ բացի սուրճ խմելու սովորութենէն, որ երբեք չդադրեցաւ, ընդհակառակը զարգացաւ, բարդացաւ նոյնիսկ հայուն հետ երկրէ երկիր, ցամաքամասէ ցամաքամաս գաղթեց:
Հայկական սուրճի պատրաստութիւնը, հակառակ տարբեր սուրճերու, շատ ալ զարգացում չկրեց, միայն՝ սկիզբը սովորութիւն էր շաքարով եփել սուրճը, պայմանաւ որ վրան փրփուր ըլլայ.
– «Պոնը»՝ սուրճը քիչ՝ շաքարը շատ եւ փրփուրով,- կ՛ըսէր մեծ հայրիկս երբ սուրճ եփելու համար խոհանոց մտնէինք:
Յետոյ նորոյթ եղաւ առանց շաքարի եւ փրփուրի սուրճ խմել, վերջը արաբական սովորութեամբ՝ սկսանք «հէլ»ով՝ շուշմիրով խմել, բայց մեր մեծերը մանաւանդ կիլիկեցիները երբեք չսիրեցին այդ շուշմիրին համը։
Ուրեմն տան տիկինը եթէ սուրճ պիտի եփէր նախ կը հարցնէր.
– Ինչպէ՞ս կը խմէք սուրճը, շաքարով թէ առանց շաքարի։
Քանի մը հոգի լեղի, մնացեալը շաքարով, կամ քիչ շաքարով, վերջաւորութեան այդ հարցն ալ լուծուեցաւ, ամէն մարդ սկսաւ լեղի սուրճ խմել․ ջուրը եռացուր սուրճը աւելցուր, ուշադի՜ր չթափե՛ս, արդէն ձայնը հիւրերուն կը հասնի.
– Ամա՜ն թափեցիր մը…. քեզի ալ գործ բացինք:
Հապա հիմա․ հիմա շա՜տ բան փոխուած է։ Սուրճը հրամցնելու համար պէտք ունիս յատուկ հարցարանի: Պատահի որ տունդ հիւր մը եկաւ, կամ ճաշի հիւրասիրութենէ ետք, հայկական սովորութեամբ սուրճ հրամցնել փորձուիս, հոս կը սկսի անվերջ հարցումներու շարան մը․
– Ի՞նչ սուրճ կը փափաքիք, ամերիկեան՝ թէ հայկական։
այկականը պարզ է եւ դիւրին, ամերիկեան ըսելու պարագային՝ կը սկսի հարցարանը
– Պզտի՞կ՝ թէ մեծ:
– Տա՞ք՝ թէ պաղ:
– Քաֆէինո՞վ՝ թէ առանց քաֆէինի:
– Կաթո՞վ՝ թէ առանց կաթի:
– Ի՞նչ տեսակ կաթով, նուշի՞, վարսակի՞ թէ՝ իրական:
Իրական կաթի պարագային․ «Իւղովը՞ թէ՝ առանց իւղի»…
Պատասխանը առնելէ ետք, ժամանակ մը խոհանոցը կը մնաս պատրաստելու համար, վերջը սուրճերը կու գան մէկիկ մէկիկ, տարբեր չափերով եւ տարբեր գոյներով, մէկը պաղ սառով, մէկը տաք շոգիով եւ առանձին առանձին… կարելի՞ է համեմատել մեր տաքուկ սուրճի գաւաթներուն ու տաքուկ սուրճի պահերուն հետ, մեր գաւաթի բախտագուշակութիւններուն ու յոյսով սպասուած «գաւաթը կարդալու» արարողութեան:
Եթէ մենք մեր կարգ մը սովորութիւնները, կեանքի պայմաններու բերումով փոխեցինք- զիջեցանք կամ մոռացութեան ենթարկեցինք, սակայն կառչած մնացինք հայկական սուրճի սովորութիւններուն:
Ալ չկան շաբաթօրեայ սովորութիւնները, չկան լուացքի օրուան ֆիզիկական յոգնութիւնները, չմնացին դրացիները, որոնք լուացուած բակին մէջ ցածլիկ աթոռներու վրայ ձեռքերնին մէկական գաւաթ սուրճ՝ ժամերով կը զրուցէին, սակայն կանգուն մնաց հայկական սուրճ խմելու սովորութիւնը, որ սուրճը չէ այլ՝ մթնոլորտն է, պահն է, մտերմութիւնն է…
Վստահ եմ, աշխարհի որ կողմն ալ ըլլայ, հայու տունը կը բնորոշուի իր սուրճի բոյրով, օտարութեան մէջ հոգիդ ջերմացնող սուրճէն բարձրացող գոլորշիով, քեզ հին օրերը փոխադրող եւ անոր յիշողութեամբ իսկ օրօրող գաւաթ մը սուրճով ու անցեալի յուշերը թարմացնող կրակին վրայ ջերմացող սրճեփով։ Սուրճը կը շարունակէ մնալ մեր կեանքին մէջ որպէս յիշատակ լոյսի ճամբորդ մեր նախնիներուն եւ օրէնքի կարգ անցած անոնց սովորութիւններուն:
(Նկարներն ու կարգ մը տեղեկութիւններ` Wikipedia-էն, History of coffee-էն եւ History of Armenian coffee-էն)




Leave a Reply