ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի 23-րդ աշնանային նստաշրջանի շրջանակներուն մէջ Պոլսոյ մէջ երէկ կայացած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի խորհրդարանական պատուիրակութիւններու հանդիպում` երկու երկիրներու խորհրդարաններու նախագահներուն միջեւ մէկ ամիս առաջ Ժընեւի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութեան հիման վրայ:
Հայաստանի Ազգային ժողովի լրատուականին համաձայն, կողմերը ընդգծած են Ուաշինկթընի վեհաժողովի դրական դերը եւ կարծիքներ փոխանակած են ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան ամրապնդման ուղղուած յաջորդ քայլերուն, ինչպէս նաեւ գործընթացին երկու երկիրներուն մէջ խորհրդարանական աջակցութեան կարեւորութեան վերաբերեալ:
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու իրականացման գործին մէջ խորհրդարաններու դերին: Երկուստեք շեշտուած է միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ խորհրդարանականներուն միջեւ կառուցողական երկխօսութեան կարեւորութիւնը:




Leave a Reply