Յ.Պալեան
Ազգը՝ որ ի Հայաստան, բազմանուն Սփիւռք(ներ), նոր, հին, պատմական, Ռուսիա, Թուրքիա, նաեւ «մնացորդացի թաքուն հայեր», Մուշ, Վան, Կիլիկիա եւ ամենուրեք, ՀԱՅ ԱԶԳ, որուն համար քաղաքական միամտութեամբ ըսին. «համաշխարհային», ազգ՝ որ աշխարհագրական սահմաններ չունի, այսինքն ան անորոշ տեսութիւն մըն է: Հանրապետութեան եւ Սփիւռք(ներ)ի բազմանուն, տեւաբար բազմացող եւ բազմաթիւ «առաջնորդութիւն»ներուն համար, ՀԱ3 ԱԶԳը որպէս ամբողջ, հեռանկարային եւ ոչ-շերտային հետապնդուող քաղաքական աշախատանքի իրաւ օրակա՞րգ է: Ինչ որ կատարուած է եւ կը կատարուի պէտք չէ անտեսել, նոյնիսկ երբ ցանցուած ենք բազմաբնոյթ հակասութիւններու մէջ: Երբ զիրար կը մերժենք, իրարու դէմ կը պայքարինք, կը փաստենք որ դեռ կանք: Այլ խնդիր է, թէ մինչեւ ե՞րբ կրնանք այսպէս շարունակել:
Տնտեսական, մշակութային, եւ տարբեր բնոյթի ընկերութիւններու եւ հաստատութիւններու ղեկավարութիւնները, ճարտարուեստի, գիտութեան, քաղաքականութեան, նկատի ունենալով իրենց տուեալները եւ կարողականութիւնը, կը ճշդեն, թէ ի՞նչ են, ի՞նչ կը ներկայացնեն իրենց հեռուի եւ մօտի շրջապատին մէջ, ի՞նչ է այդ շրջապատի հոլովոյթը, ապա, յառաջիկայ տարիներու համար նախատեսութիւններ կ’ընեն, կը ճշդեն նպատակ, կը կազմակերպուին, որպէսզի յառաջդիմեն, վտանգ եւ դժուարութիւններ պատշաճ ձեւով դիմագրաւեն, չպարտուին, չսնանկանան, կը մշակեն անմիջական, մօտաւոր կամ երկարաժամկէտ ծրագիրներ: Կ’ըսենք՝ ռազմավարութիւն կը ճշդեն: Այսպէս պէտք է մտածեն եւ գործեն ՀԱՅ ԱԶԳը եւ անոր ղեկավարութեան կոչուածներ, որոնք բազմաթիւ են, Հանրապետութիւն եւ սփիւռք(ներ): Այսպէս մտածա՞ծ ենք, կը մտածե՞նք, առանց բանտարկուած մնալու օր-աւուրի մտմտուքներու եւ զիրար մերժելու անմիտ իրարանցումներու մէջ:
Ի՞նչ կը ներկայացնենք ենք որպէս թիւ: Ո՞վ իրապէս ի՞նչ գիտէ այս մասին:
Ենթադրութիւնները այդքան են միայն, այսինքն՝ խարախափում եւ անորոշութիւն:
Թիւերը ենթակայականի տուրք չեն տար: Այլապէս քննելի են այդ թիւի ետին գտնուող մարդոց հայկական ինքնութիւնը, ազգային որակը, ազգ ըլլալու եւ մնալու յանձնառութիւնը:
Ի՞նչ նախատեսութիւն եղած է, կայ եւ կրնանք ընել, դարավերջին հայութեան որպէս ԱԶԳ պարզելիք ընկերաքաղաքական կացութեան եւ թիւի մասին: Հանրապետութիւնը պիտի պահէ՞ իր բնակչութիւնը, անկախութիւնը, որպէսզի տէր ըլլայ հայրենիքին, ան պիտի ունենա՞յ բնակեցման ազգային քաղականութիւն, որ կ’ենթադրէ հայրենադարձութիւը հայրենիք լքողներուն եւ քաղաքական ոճիրի հետեւանքով հայրենահանուածներուն, այսօր՝ անոնց յետնորդներուն: Այսինքն պիտի ունենա՞նք հայերով բնակուած Հայաստան:
Ազգը առանց հայրենիք-տարածքի, տատատնող ուրուական նաւ է որ կը ծփայ յուշի եւ գրական պատկերներու ալիքներոն վրայ: Այդ տարածքը առանց հայրենատէր բնակիչի կը նմանի անջրդի արտի:
Ազգի մը հայրենիքը սոսկ հող, ժայռ, գետ, ծով չէ, կենսատարածք է, այս բառի խոր ըմբռնումով, հոգեբարոյական իւրացումով, ազգը ջուրին, ժայռին, դաշտին, ծառերուն մէջ կը տեսնէ նախնիներ եւ ինքզինք՝ որպէս հարազատ օղակ, մեր պարագային կը տեսնէ, հայատեսակի համապարփակ լինելիութիւնը, այսինքն կ’ապրի իր ազզային իւրայատկութեան ՎԷՊը, զոր եթէ չունենանք, եթէ ան մոռցուի, կ’այլանանք, կը դադրինք Մենք ըլալէ, կ’ըլլանք ուրիշներու թիւի լրացում: Այդ ՎԷՊը պատմութիւն է, առասպելներ, նախնիներու անուններ, մաքառումներ:
Ազգային ղեկավարութեան քաղաքական միտքի անսեթեւեթ առաջադրանքը այսօր պէտք է ըլլայ այն, որ ինչպէ՞ս պէտք է ընթանալ որպէս Հայ Ազգ հասնելու համար արդէն գրեթէ անմիջական դարավերջ, ըլլալ եւ մնալ ազգ ինքնուրոյն, փրկելով, ինչպէս Հայաստան կ’ըսեն, մեր գենեֆոնտը, որ տեսակ եւ համրանք է, ինքնութիւն եւ ազգային որակ, առանց որոնց կը մնան առասպելները Ալի Պապայի, Կիւլիվերի, տոն Քիշոթի կամ Քաջ Նազարի: Ինչպէ՞ս մնալ ՎԷՊին մէջ, ըլալ շարունակութիւն:
Հարցում. աշխարհի քարտէսին վրայ ո՞ւր են Հայերը, իրենք զիրենք որպէս այդ ճանչցողները, ո՞ր ստորոգելիներով անոնք կան: Ընդունիլ սոսկ ծագումով հայ ըլլալ կը նշանակէ չըլլալ, եղած ըլլալ, ըլլալ անցեալ, այսինքն՝ հայ չըլլալ, այլ ըլլալ: Աւարտին՝ մնացած կ’ըլլան արտադրող, սպառող նոր կամ այլ ինքնութեամբ, տարբեր շրջապատներու պատկերներով մարդիկ:
Ազգը կրնա՞յ մնալ ինքնուրոյն, ըլլալ շարունակութիւն, տեւաբար տարտղնուելով, նօսրանալով, եւ դառնալով անորոշացող անհատներու տեսական ըմբռնում եւ յուշի զգացական պատկեր: Շրջապատը վաղ թէ ուշ, զինք կ’իւրացնէ, ինք կ’ընդգրկուի ուրիշի պատմութեան մէջ, եւ այլեւս նախկինի շարունակութիւն չ’ըլլար, իր ՎԷՊը կը փոխարինուի ուրիշի ՎԷՊով:
Ի՞նչ է թիւը անոնց որոնք չեն կանգնած իրենց հայրենիքին մէջ, զանոնք կոչած ենք, կը կոչեն Սփիւռք, ինքնամխիթարութեան համար կ’ըսենք ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔ: Կամ այս կամ այն երկրին մէջ հաստատուած հայերու գաղութ, անոնք, ժամանակ մը ետք, կը դառնան այդ երկրի քաղաքացիներ, կ’ընդգրկուին երկրի քաղաքակրթութեան մէջ, բարքերով եւ մշակոյթվ, ժամանակի ընթացքին կը նուազին ծագման եւ ինքնութեան այն բնորոշ յատկանիշները, որոնք պարսիկը կ’ընեն պարսիկ, գերմանացին գերմանացի, հայը՝ հայ: Այսպէս է ծագման եւ ինքնութեան գոյակցութիւնը ուրիշի մը հետ, ամարկումի անխուսափելի ընթացքը: Այդ գոյակացութիւնը կրնայ միայն ժամանակաւոր ըլլալ: Համարկումը նախկինի շարունակութիւն չէ, չ’ըլլար: Համարկումը նոր միջավայրին հանդէպ պատշաճեցման տուրք է:
Ազգի ղեկավարութիւնները, նկատի ունենալով այս ժամանակաւորը, նախ իրատեսութեամբ պէտք է դատեն եւ գիտնան, թէ ո՞ւր կ’երթայ կամ կամ պիտի հասնի այդ ԱԶԳը, ա՞ն որքան ժամանակ կրնայ այդպէս մնալ եւ որպէս ի՞նչ պիտի հասնի դարավերջին: Այս ազգային լինելիութեան քաղաքական կանխատեսում է, որ կը պահանջէ ճկոյթի ետին չթաքնուող իրատեսութիւն: Ապա՝ մտածել, թէ ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզի ժամանակաւորը, զոր կը կոչենք համարկում, չյանգի իր տրամաբանական աւարտին, որ անհայրենիքներու վերջնական օտարումն է, մեր պարագային՝ ապահայացումը:
Պէտք չէ անգիտանալ անշրջանցելի եւ բութ ժամանակ ազդակը, որ կանգ չ’առներ: Առանց ազգապահպանումը գաղութի կամ համայնքի հայապահպանման նախաձեռնութիւններու հետ շփոթելու, պէտք է ունենալ իիր անուան արժանի ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՈՅԱՊԱՀՊԱՆԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ, զայն մշակել, զայն գործադրել եւ հետապնդել, գերանցելով մասնակին, համայնքային իրաւունքներ եւ անվաղորդայն ըլալու դատապարտուած փառասիրութիւն եւ տեսութիւններ:
Համաշխարհային Ազգ գոյութիւն չունի, կան տիրողներ, կայսրութիւններ: Եթէ հայրենիք չունինք, եթէ խմբուածութեամբ դիմադրականութիւն չունինք, կը դատապարտուինք ըլլալու, թէեւ կուշտ եւ ապահով, բայց ուրիշներու թիւին վրայ գումարում: Հուսկ. ի՞նչ կ’ըլլայ ՀԱՅ ԱԶԳը, ի՞նչ գին կը վճարէ ան:
Ազգապահպան անմիջականը հայրենադարձութիւնն է, որպէսզի տէր ըլլանք եւ տէր մնանք կենստարածքին, ազգին, մեր «գենեֆոնդ»ին:
Հայ քաղաքական ներսի եւ դուրսի հրապարակին վրայ կը հետապնդուի homépathique միջոցներով, բուսադեղերով հայրենադարձութիւն, միաւորներով, որ յաճախ կը ծանծաղի «հայրենասիրական տուրիզմ»ի շլացումներու մակարդակին:
Իսկ արտագաղթը կը շարունակուի, մարդորսական ճապկումներ ընելով, ոչ ոք կ’ըսէ, թէ արտագաղթը հայրենալքում է:
Եթէ արտագաղթը շարունակուի, եթէ ներազգային պառակտումները շարունակուին, գումարուին պարտութիւններու վրայ, դարավերջին ի՞նչ վիճակ պիտի պարզէ ազգը:
Իսկ Սփիւռք»ներ»ը մինչեւ ե՞րբ կրնայ «համայնք-համայնք» խաղալ եւ չհասկնալ, որ ինք միայն ժամանակաւոր է, ազգի ըմբռնումի տեսանկիւնէ բնակիչ է վարձու սենեակի մը:
Որքան ալ ցնորական համարուի «ՄԵՐ ՀՈՂԵՐ»ու պահանջի եւ հետապնդման քաղաքականութիւնը, ան ազգակերտման ապրեցնող ոգեկանութիւն է, ազգի գոյատեւման եւ համխմբման անփոխարինելի ուղի է: Ազգային իրաւութիւնը կը թելադրէ այն քաղաքական սաւառնող միտքը, որ ազգովին միշտ պատրաստ պէտք է ըլլալ պաատմական մեծ իրադարձութիւններու ժամադրութեան պահուն, եւ այսօր մտածել եւ ընել այնպէս, որ բացակայ չըլլանք, եւ քարտէս գծողները չարձանագրեն որ պահանջ ունեցողներ չկան, մենք չկանք:
Ինչո՞ւ չենք բարձրաձայներ, որ սփիւռք(ներ)ի բնակավայրերը հայու հայրենիք չե եւ պիտի չըլլան: Ինչո՞ւ չնայիլ Հանրապետութէն քարընկեց մը հեռու, Ախուրեանէն անդին, ուր կան Անին, Մուշը, Վանը: Անոնք հայոց հայրենիք են: Այսպէս մտածել, նայիլ եւ տեսնել 2100էն, 2200էն անդին եւ չընկրկիլ, որ կը նշանակէ՝ պատրստուիլ:
Ո՛չ ոք խլուած իրաւունքը եւ կողոպուտը ափսէի վրայ չի վերադարձներ տիրոջ:
Մեծ նուաճումները նախ եղած են երազ:
Գիտակցելու եւ մեր կարողականութիւնը ճիշդ գնահատելու, որպէս-ներկայացուցչութիւն հանդէս գալու համար, ուժերը մէկտեղելով մասնագիտական, այսպէս կոչուած կողմերէն անջատ, ի հարկին ոչ-հայերու մասնակցութեամբ, նախ պէտք գիտնալ թէ ո՞ւր են հայերը եւ ի՞նչ է անոնց թիւը, որպէսզի խօսքերը եւ պահանջները կշիռ ունենան, երբ մենք մեզի եւ ուրիշներու կը խօսինք հայոց իրաւունքի մասին, այլապէս մեզ պիտի դիտեն որպէս ասդին անդին շաբաթավերջին, երբեմն քիչ, երբեմն շատ աղմկող համայնքներ:
Ի հարկէ թիւի ճշդումէն ետք պէտք է մտածել այն մասին թէ ինչպէ՞ս պէտք է հասնիլ իւրաքանչիւրին,, զայն տեղեակ պահել եւ մասնակից դարձնել, որպէսզի Իրաւասու Ներկայացուցչութիւն կարելի ըլլայ յառաջացնել, որ ունենայ այս կամ այն կողմի դասական պատկերէն տարբեր որակ եւ իրաւասութիւն:
Ո՞ւր կրնանք առաջնորդել եւ տեղ հասնիլ երբ չենք գիտեր թէ ի՞նչ ենք, ի՞նչ կը ներկայացնենք, ո՞վ զովԶԶԶ կը ներկայացնէ: Նման պայմաններու մէջ որմէ՞ ի՞նչ կրնանք պահանջել, ունենալ ԱԶԳԻ ԻՐԱՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:




Leave a Reply