Մխիթարեան միաբանութիւնը ստացաւ դոկտ. Ճոն Յովհաննէս Ներսէսեանի կողմէ մեծարժէք նուիրատուութիւնը՝ հայ արուեստագէտներու 41 գեղանկարներ եւ այլ արուեստի գործեր։ Այդ նկարներու ցուցադրութեան բացումը կատարուեցաւ շաբաթ, 1 նոյեմբերին, Սուրբ Ղազարի Մայրավանքին մէջ՝ միաբանութեան հիմնադրութեան 325ամեակի ձեռնարկներու շրջանակին մէջ։ Քսաներորդ եւ քսանմէկերորդ դարերու վերոնշեալ ստեղծագործութիւնները պիտի համալրեն Սուրբ Ղազարի հաւաքածոն։
Նկարներու ցուցադրութեան բացումէն ետք, Եդեսիա Համոյթը (Edesse Ensemble) հանդէս եկաւ հոգեւոր եւ ժողովրդական երգերու ճոխ յայտագիրով մը Մայրավանքի եկեղեցւոյ մէջ՝ գլխաւորաբար Կոմիտաս վարդապետի երգերու մեկնաբանութեամբ։

Համերգի բացման իր խօսքին մէջ, հայր Գէորգ Սարգսեան միաբանութեան կողմէ դոկտ. Ներսէսեանին երախտագիտութիւն յայտնեց։
Դոկտ. Ներսէսեան Միացեալ Նահանգներու մէջ ոտնաբոյժ-վիրաբոյժ է՝ երկարամեայ մասնագիտական եւ համայնքային գործունէութեամբ։ Իբրեւ արուեստասէր եւ բարերար՝ ան տարիներով սատարած է հայկական կրթական եւ հոգեւոր հաստատութիւններու առաքելութիւններուն։




Leave a Reply